2 Kings 17WARMB

1Յուդայի Աքազ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Էլայի որդին Ովսէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու ինը տարի թագաւորեց ։

2Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ոչ իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի թագաւորներուն պէս։

3Ասոր դէմ ելաւ Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը։ Ովսէէն անոր ծառայ եղաւ ու անոր հարկ կու տար։

4Ասորեստանի թագաւորը Ովսէէին վրայ նենգութիւն գտաւ, որովհետեւ անիկա Եգիպտոսի Սովա թագաւորին դեսպաններ ղրկեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին ամէն տարուան հարկը վճարած չէր, ուստի Ասորեստանի թագաւորը զանիկա բռնեց ու բանտին մէջ կապեց։

5Ասորեստանի թագաւորը բոլոր երկրին վրայ արշաւեց. Սամարիայի վրայ ալ արշաւեց ու զանիկա երեք տարի պաշարեց։

6Ովսէէին իններորդ տարին Ասորեստանի թագաւորը Սամարիան առաւ ու Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու Մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց,

7Քանզի Իսրայէլի որդիները զիրենք Եգիպտոսի երկրէն, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատող իրենց Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցին եւ ուրիշ աստուածներէ վախցան։

8Տէրոջը Իսրայէլի առջեւէն վռնտած ազգերուն կանոններուն համեմատ եւ Իսրայէլի թագաւորներուն ըրած կանոն ներուն համեմատ քալեցին։

9Իսրայէլի որդիները իրենց Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ չեղած բաները գաղտուկ ըրին եւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ, պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը, իրենց բարձր տեղեր շինեցին։

10Անոնք բարձր բլուրներու վրայ եւ կանանչ ծառերու տակ իրենց արձաններ ու Աստարովթի կուռքեր՝ ՝ կանգնեցուցին

11Եւ հոն բարձր տեղերու վայ խունկ ծխեցին՝ Տէրոջը անոնց առջեւէն վռնտած ազգերուն պէս ու չար գործեր ըրին ու Տէրը բարկացուցին

12Եւ կուռքերու ծառայութիւն ըրին, որոնց համար Տէրը անոնց ըսեր էր թէ «Այդ բանը մի՛ ընէք»։

13Տէրը բոլոր մարգարէներուն ու բոլոր տեսանողներուն միջոցով Իսրայէլի ու Յուդայի վկայութիւն ընելով՝ ըսեր էր. «Ձեր չար ճամբաներէն դարձէ՛ք եւ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահեցէ՛ք այն ամէն օրէնքին համեմատ, որ ձեր հայրերուն պատուիրեցի ու իմ ծառաներուս մարգարէներուն՝ միջոցով ձեզի ղրկեցի»։

14Բայց անոնք մտիկ չըրին, այլ իրենց պարանոցները Տէր Աստուծոյն չհաւատացող իրենց հայրերուն պարանոցին պէս խստացուցին։

15Անոր կանոններն ու իրենց հայրերուն հետ՝ անոր ըրած ուխտը եւ անոր տուած վկայութիւնները մէկդի ձգեցին ու սնապաշտութեան ետեւէ գացին ու սնապաշտ եղան եւ իրենց չորս կողմը գտնուած ազգերուն հետեւեցան, որոնց համար Տէրը իրենց պատուիրեր էր, որ անոնց պէս չընեն։

16Բայց իրենց Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները թողուցին եւ երկու հատ ձուլածոյ հորթ շինեցին ու Աստարովթի կուռք շինեցին ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրին եւ Բահաղին ծառայեցին։

17Իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակէ անցուցին եւ կախարդութիւն ու հմայութիւն ըրին եւ զիրենք ծախեցին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու ու զանիկա բարկացնելու։

18Ուստի Տէրը խիստ բարկացաւ ու զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Այնպէս որ միայն Յուդայի ցեղը մնաց։

19Յուդա ալ իր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները չպահեց, հապա Իսրայէլին կանոններովը քալեց։

20Եւ Տէրը Իսրայէլին բոլոր սերունդը մերժեց ու զանոնք չարչարեց եւ զանոնք յափշտակողներու ձեռքը մատնեց, մինչեւ որ զանոնք բոլորովին իր երեսէն ձգեց.

21Ու երբ Իսրայէլը Դաւիթի տունէն պատռեց, անոնք ալ Նաբատեան Յերոբովամը թագաւոր դրին։ Յերոբովամ արգիլեց, որ Իսրայէլ Տէրոջը հետեւի ու անոնց մեծ մեղք գործել տուաւ։

22Իսրայէլի որդիները Յերոբովամին բոլոր գործած մեղքերուն մէջ քալեցին, անոնցմէ ետ չկեցան,

23Մինչեւ որ Տէրը իր առջեւէն վերցուց, ինչպէս իր բոլոր ծառաներուն, մարգարէներուն միջոցով ըսեր էր։ Այսպէս Իսրայէլ իր երկրէն Ասորեստան փոխադրուեցաւ մինչեւ այսօր։

24Ասորեստանի թագաւորը Բաբելոնէն, Քութայէն, Աւայէն, Եմաթէն ու Սեփարուիմէն մարդիկ բերաւ ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ Իսրայէլի որդիներուն տեղը բնակեցուց։ Անոնք Սամարիան ժառանգեցին ու անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցան։

25Երբ անոնք սկսան հոն բնակիլ, Տէրոջմէ չէին վախնար, ուստի Տէրը անոնց մէջ առիւծներ ղրկեց, որ զանոնք մեռցնեն։

26Ասորեստանի թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Այն ազգերը, որոնք դուն փոխադրեցիր ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուցիր, այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չեն գիտեր, ուստի անիկա անոնց մէջ առիւծներ ղրկեր է եւ ահա զանոնք կը մեռցնեն՝ այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չգիտնալնուն համար»։

27Այն ատեն Ասորեստանի թագաւորը հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Ձեր բերած գերի քահանաներէն մէկը հոն տարէք, որ երթայ հոն բնակի ու այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը անոնց սորվեցնէ»։

28Սամարիայէն գերի բերուած քահանաներէն մէկը գնաց Բեթէլի մէջ բնակեցաւ ու անոնց կը սորվեցնէր թէ ի՛նչպէս Տէրոջմէ վախնալու էին։

29Ամէն մէկ ազգ իր աստուածները կը շինէր ու Սամարացիներուն շինած բարձր տեղերու տուներուն մէջ կը դնէր, ամէն մէկ ազգ իր բնակած քաղաքին մէջ։

30Բաբելացիները Սաքքովթ-Բանովթը շինեցին ու Քութացիները Ներգաղը շինեցին ու Եմաթացիները Ասիմաթը շինեցին

31Եւ Աւացիները Նեփասն ու Թարթակը շինեցին ու Սեփարուիմացիները իրենց տղաքը Սեփարուիմացիներու աստուածներուն, Ադրամելէքին ու Անամելէքին համար կրակով կ’այրէին։

32Քանի որ Տէրոջմէ կը վախնային, իրենց ամենէն ցած մարդոցմէն բարձր տեղերու քուրմեր կ’որոշէին, որոնք անոնց համար բարձր տեղերու տուներուն մէջ զոհ կ’ընէին։

33Անոնք Տէրոջմէ կը վախնային, նաեւ իրենց աստուածներուն ծառայութիւն կ’ընէին այն ազգերուն արարողութիւններովը՝ որոնց մէջէն փոխադրուած էին։

34Անոնք մինչեւ այսօր առաջուան սովորութիւններուն պէս կ’ընեն. ո՛չ Տէրոջմէ կը վախնան եւ ո՛չ իրենց կանոններն ու պատուիրանքները կը կատարեն, ո՛չ ալ այն օրէնքն ու պատուիրանքը, որ Տէրը Յակոբի որդիներուն տուաւ, որուն անունը Իսրայէլ դրեր էր։

35Տէրը անոնց հետ ուխտ ըրեր էր ու անոնց պատուիրեր էր՝ ըսելով. «Ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ընէք եւ անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք ու անոնց զոհ մի՛ մատուցանէք.

36Հապա ձեզ Եգիպտոսի երկրէն մեծ զօրութիւնով ու բարձր բազուկով հանող Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք ու անոր զոհ մատուցանեցէ՛ք։

37Ձեզի համար տրուած պատուէրները, օրէնքն ու պատուիրանքը միշտ զգուշութեամբ գործադրեցէք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք

38Ու ձեզի հետ ըրած ուխտս մի՛ մոռնաք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք.

39Հապա ձեր Տէր Աստուծմէն վախցէք ու անիկա ձեր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։

40Բայց անոնք հնազանդութիւն չըրին, հապա իրենց առաջուան սովորութիւններուն պէս ըրին։

41Այս ազգերն ալ թէպէտ Տէրոջմէ կը վախնային, բայց իրենց կուռքերուն ալ ծառայութիւն կ’ընէին. նաեւ անոնց որդիներն ու անոնց որդիներուն որդիները մինչեւ այսօր իրենց հայրերուն ըրածին պէս կ’ընեն։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Kings 17.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.