2 Kings 16WARMB

1Ռովմելային որդիին Փակէէին տասնըեօթներորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովաթամին որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։

2Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղղութիւն չըրաւ,

3Հապա Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց ու իր որդին ալ կրակէ անցուց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլին որդիներուն առջեւէն վռնտեց։

4Բարձր տեղերն ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։

5Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլին թագաւորը, Ռովմելային որդին Փակէէն, Երուսաղէմի վրայ պատերազմելու ելան ու Աքազը պաշարեցին, բայց պատերազմը շարունակելու կարող չեղան։

6Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորը Ելաթը Ասորիներուն դարձուց եւ Յուդայեանները Ելաթէն վռնտեց ու Ասորիները Ելաթ եկան ու հոն բնակեցան մինչեւ այսօր։

7Աքազ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորին դեսպաններ ղրկեց ու ըսաւ. «Ես քու ծառադ ու որդիդ եմ. ելի՛ր ու զիս ազատէ՛ Ասորիներու թագաւորին ձեռքէն ու Իսրայէլի թագաւորին ձեռքէն, որոնք իմ վրայ ելեր են»։

8Աքազ Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած արծաթն ու ոսկին առաւ եւ Ասորեստանի թագաւորին ընծայ ղրկեց։

9Ասորեստանի թագաւորը անոր մտիկ ըրաւ եւ Ասորեստանի թագաւորը Դամասկոսի վրայ գնաց ու զանիկա առաւ եւ անոր բնակիչները Կիր գերի տարաւ ու Ռասինը մեռցուց։

10Աքազ թագաւորը Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը դիմաւորելու համար Դամասկոս գնաց ու Դամասկոսի մէջ եղած սեղանը տեսաւ։ Աքազ թագաւորը այն սեղանին օրինակն ու ձեւը՝ անոր բոլոր շինուածքին համեմատ Ուրիա քահանային ղրկեց։

11Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն ղրկած օրինակին նման սեղան մը շինեց Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն գալէն առաջ։

12Երբ թագաւորը Դամասկոսէն եկաւ, թագաւորը սեղանը տեսաւ, սեղանին մօտեցաւ ու անոր վրայ ողջակէզ մատուցանեց։

13Իր ողջակէզն ու հացի ընծան այրեց ու նուէրը թափեց եւ իր խաղաղութեան զոհին արիւնը այն սեղանին վրայ սրսկեց։

14Տէրոջը առջեւ եղող պղնձէ սեղանը տանը առջեւէն, այսինքն նոր սեղանին ու Տէրոջը տանը մէջտեղէն քաշեց ու զանիկա նոր սեղանին քով դրաւ դէպի հիւսիս։

15Աքազ թագաւորը Ուրիա քահանային հրամայեց՝ ըսելով. «Մեծ սեղանին վրայ առտուան ողջակէզն ու իրիկուան հացի ընծան ու երկրին բոլոր ժողովուրդին ողջակէզը եւ անոնց հացի ընծան ու անոնց նուէրները պիտի մատուցանես ու ողջակէզներուն եւ զոհերուն արիւնը անոր վրայ պիտի սրսկես ու պղնձէ սեղանը իմս պիտի ըլլայ՝ հոն հարցնելու համար»։

16Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին բոլոր հրամայածին պէս ըրաւ։

17Աքազ թագաւորը խարիսխներուն սպառուածները կտրեց ու աւազանները անոնց վրայէն վերցուց։ Ծովն ալ իր տակ եղող պղնձէ եզներուն վրայէն իջեցուց ու զանիկա քարայատակի մը վրայ դրաւ։

18Տէրոջը տանը մէջ շինուած շաբաթին ծածկոցն ու թագաւորին դուրսի ճամբան Ասորեստանի թագաւորին պատճառով Տէրոջը տունը դարձուց։

19Աքազին գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։

20Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Kings 16.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.