2 Chronicles 33WARMB

1Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։

2Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։

3Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղիմին սեղաններ կանգնեցուց եւ Աստարովթին կուռքեր շինեց ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ

4Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ «Իմ անունս յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի ըլլայ»։

5Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց։

6Անիկա Ենովմին որդիին ձորին մէջ իր որդիները կրակէ անցուց ու գուշակութիւն, հմայութիւն ու դիւթութիւն կ’ընէր, վհուկներ ու նշանագէտներ ունէր եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։

7Իր շինած քանդակեալ կուռքը Աստուծոյ տունը դրաւ, որուն համար Աստուած Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր՝ «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան

8Եւ Իսրայէլին ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որուն մէջ ձեր հայրերը հաստատեցի. միայն թէ անոնք զգուշութեամբ գործադրեն այն օրէնքները, կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք Մովսէսին միջոցով իրենց պատուիրեցի»։

9Բայց Մանասէն՝ Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները այնպէս մոլորցուց, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։

10Տէրը Մանասէին ու անոր ժողովուրդին խօսեցաւ, բայց անոնք մտիկ չըրին։

11Տէրը անոնց վրայ Ասորեստանի թագաւորին զօրագլուխները բերաւ, որոնք Մանասէն կարթերով բռնեցին եւ զանիկա ոտնակապերով կապեցին ու Բաբելոն տարին։

12Անիկա իր նեղութեան ատենը իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց եւ իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ։

13Անոր աղօթք ըրաւ։ Տէրը անոր աղօթքը ընդունեց ու անոր աղաչանքը լսեց ու զանիկա Երուսաղէմ իր թագաւորութեանը դարձուց։ Այն ատեն Մանասէն իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած։

14Անկէ ետքը Դաւիթին քաղաքին դուրսը, Գեհոնի արեւմտեան կողմը հեղեղատին մէջ ու մինչեւ Ձուկերուն Դրանը բերանը պարիսպ մը շինեց, Ոփաղն ալ մէջը առնելով ու զանիկա շատ բարձրացուց եւ Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զինուորական իշխաններ դրաւ։

15Օտար աստուածներն ու կուռքերը Տէրոջը տունէն վերցուց ու Տէրոջը տանը լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ իր շինած բոլոր սեղանները վերցուց եւ քաղաքէն դուրս նետեց։

16Տէրոջը սեղանը շինեց եւ անոր վրայ խաղաղութեան ու շնորհակալութեան զոհեր մատուցանեց եւ Յուդային պատուիրեց, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընեն,

17Սակայն ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին, բայց միայն իրենց Տէր Աստուծոյն։

18Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու իր Աստուծոյն ըրած աղօթքը ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոր տեսանողներուն խօսքերը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։

19Անոր աղօթքը եւ ընդունուիլն ու անոր բոլոր մեղքը ու յանցանքը եւ այն տեղերը՝ ուր իր դարձի գալէն առաջ բարձր տեղեր շինեց ու Աստարովթին կուռքեր ու քանդակուած կուռքեր կանգնեցուց, ահա Հօզայի ժամանակագրութեան մէջ գրուած են։

20Մանասէն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր տանը մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։

21Ամոն քսանըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։

22Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս եւ իր հօրը Մանասէին շինած բոլոր կուռքերուն զոհ մատուցանեց ու անոնց ծառայութիւն ըրաւ։

23Բայց Տէրոջը առջեւ չխոնարհեցաւ, ինչպէս իր հայրը Մանասէն խոնարհեր էր. ընդհակառաը Ամոնը աւելի յանցանք գործեց։

24Իր ծառաները դաւաճանութիւն ըրին իրեն դէմ ու իր տանը մէջ մեռցուցին։

25Ու երկրին ժողովուրդն ալ Ամոն թագաւորին դէմ բոլոր դաւաճանութիւն ընողները մեռցուցին ու երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 33.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.