1Այս բաներէն ու ճշմարտութենէն՝ ՝ յետոյ, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը եկաւ ու Յուդայի երկիրը մտնելով՝ պարսպապատ քաղաքներուն դէմ բանակեցաւ։ Միտքը դրած էր, որ զանոնք բռնութեամբ գրաւէ։
2Եզեկիա տեսնելով որ Սենեքերիմ եկեր է ու Երուսաղէմի դէմ պատերազմիլ կ’ուզէ,
3Իր իշխաններուն ու զօրապետներուն հետ խորհուրդ ըրաւ, որ քաղաքէն դուրս եղող աղբիւրներուն ջուրերը գոցէ։ Անոնք իրեն օգնեցին։
4Շատ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ ու բոլոր աղբիւրները ու երկրին մէջէն անցնող հեղեղատը գոցեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար Ասորեստանի թագաւորները գան ու առատ ջուր գտնեն»։
5Եզեկիա զինք ուժովցուց եւ բոլոր փլած պարիսպները շինեց ու աշտարակները բարձրացուց ու դուրսէն ուրիշ պարիպ մըն ալ շինեց եւ Դաւիթի քաղաքին մէջ եղող Մելօնը նորոգեց ու շատ նիզակներ ու ասպարներ շինեց։
6Ժողովուրդին վրայ պատերազմի զօրապետներ դրաւ ու զանոնք քաղաքին դրանը հրապարակին մէջ իր քով հաւաքեց եւ անոնց հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ՝ ըսելով.
7«Զօրացէ՛ք ու քաջասիրտ եղէ՛ք. Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։
8Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ՝ ՝։
9Ասկէ յետոյ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը, երբ ինք ու իր բոլոր իշխանները Լաքիս եկած էին, իր ծառաները Երուսաղէմ ղրկեց Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ու Երուսաղէմ եղող բոլոր Յուդային՝ ըսելով.
10«Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք որո՞ւ ապաւինելով Երուսաղէմ պաշարման մէջ կը նստիք.
11Չէ՞ որ Եզեկիա ձեզ գլխէ կը հանէ, որպէս զի ձեզ անօթութեամբ եւ ծարաւով մեռնելու մատնէ, ըսելով թէ՝ «Մեր Տէր Աստուածը մեզ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատէ»։
12Ասիկա նոյն Եզեկիան չէ՞, որ անոր բարձր տեղերն ու սեղանները վերցուց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսաւ. «Միայն մէկ սեղանի առջեւ երկրպագութիւն ըրէք ու անոր վրայ խունկ ծխեցէք»։
13Չէ՞ք գիտեր թէ երկիրներուն բոլոր ժողովուրդներուն ի՛նչ ըրինք ես ու իմ հայրերս. միթէ այն երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց երկիրները կրցա՞ն իմ ձեռքէս ազատել։
14Իմ հայրերուս բնաջինջ ըրած ազգերուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ազատել կրցաւ, որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս կարենայ ազատել։
15Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ ու ձեզ այդպէս գլխէ թող չհանէ, անոր մի՛ հաւատաք. վասն զի ազգի մը կամ թագաւորութեան մը ոեւէ մէկ աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ու իմ հայրերուս ձեռքէն չկրցաւ ազատել. ո՞ւր մնաց որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս ազատէ’»։
16Անոր ծառաները Տէր Աստուծոյ դէմ ու անոր ծառային Եզեկիային դէմ աւելի խօսքեր ալ ըսին։
17Սենեքերիմ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ հայհոյելով ու անոր դէմ խօսելով նամակ գրեց ու ըսաւ. «Ինչպէս միւս երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց ժողովուրդները իմ ձեռքէս չկրցան ազատել, այնպէս Եզեկիային Աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս պիտի չկրնայ ազատել»։
18Եւ պարսպին վրայ եղող Երուսաղէմի ժողովուրդին՝ բարձր ձայնով Եբրայեցերէն պոռացին զանոնք վախցնելու ու շփոթութեան մէջ ձգելու համար, որպէս զի քաղաքը առնեն։
19Երուսաղէմի Աստուծոյն դէմ խօսեցան՝ ինչպէս միւս երկրի ժողովուրդներուն աստուածներուն դէմ, որոնք մարդու ձեռագործ են։
20Եզեկիա թագաւորը եւ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն այս բանին համար դէպի երկինք աղաղակելով աղօթք ըրին։
21Տէրը հրեշտակ մը ղրկեց ու Ասորեստանի թագաւորին բանակին մէջ ամէն զօրաւոր կտրիճ ու իշխան ու զօրագլուխ զարկաւ։ Սենեքերիմ ամօթով իր երկիրը դարձաւ ու իր աստուծոյն տունը մտաւ եւ իր երանքէն ելած որդիները զանիկա սրով մեռցուցին։
22Այսպէս Տէրը Եզեկիան ու Երուսաղէմի բնակիչները Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին ձեռքէն եւ ամենուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք ամէն կողմանէ պաշտպանեց։
23Շատերը Տէրոջը ընծաներ բերին Երուսաղէմ ու Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ալ պատուական բաներ։ Անկէ ետքը անիկա բոլոր ազգերուն առջեւ բարձրացաւ։
24Այն օրը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ եւ Տէրը խօսեցաւ անոր ու հրաշք մը ըրաւ՝ ՝ անոր։
25Եզեկիա իր ընդունած բարիքին փոխարէն շնորհակալութիւն չմատուցանեց, վասն զի անոր սիրտը հպարտացաւ. ուստի անոր վրայ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ։
26Բայց Եզեկիա իր սրտին հպարտութեանը համար խոնարհեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Երուսաղէմի բնակիչները. անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը Եզեկիայի օրերը անոնց վրայ չեկաւ։
27Եզեկիա խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ։ Անիկա իրեն արծաթի, ոսկիի, պատուական քարերու, խունկերու, զէնքերու ու ամէն տեսակ ցանկալի անօթներու համար գանձարաններ շինեց։
28Եւ ցորենի ու գինիի ու իւղի բերքերուն համար՝ շտեմարաններ եւ ամէն տեսակ անասուններու համար՝ ախոռներ ու հօտերու համար փարախներ շինեց։
29Քաղաքներ շինեց իրեն։ Շատ ոչխարներ ու արջառներ ստացաւ. վասն զի Աստուած խիստ շատ ստացուածք տուաւ անոր։
30Եզեկիան Գեհոնին վերի ջրանցքը գոցեց ու զանիկա դէպի վար Դաւիթի քաղաքին արեւմտեան կողմը ուղղեց։ Եզեկիա իր բոլոր գործերուն մէջ յաջողութիւն գտաւ։
31Բայց երբ Բաբելոնի իշխաններուն դեսպանները անոր ղրկուեցան՝ երկրին մէջ եղած հրաշքին մասին հարցնելու համար, Աստուած զանիկա թողուց որպէս զի փորձէ ու բոլոր անոր սրտին մէջ եղածը գիտնայ։
32Ու Եզեկիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բարեպաշտութիւնը՝ ահա Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին մարգարէութեանը մէջ եւ Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։
33Ու Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթի որդիներուն ամենէն բարձր գերեզմաններուն մէջ թաղեցին եւ բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները պատիւ ըրին անոր իր մահուան ատենը ու անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։