1Բենիամինին որդիներէն Կիս անունով մարդ մը կար։ Անիկա Բենիամինեան Աբիային որդիին Բեքովրաթին որդիին Սերօրին որդիին Աբիէլին որդին էր։
2Կիս ալ որդի մը ունէր, որուն անունը Սաւուղ էր։ Անիկա կտրիճ ու գեղեցիկ էր ու Իսրայէլի որդիներուն մէջ անկէ գեղեցիկ մարդ չկար եւ բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսէն վեր՝ երկայն էր։
3Սաւուղին հօրը Կիսին էշերը կորսուեցան ու Կիս իր որդիին Սաւուղին ըսաւ. «Մանչերէն մէկը քեզի հետ ա՛ռ ու ելիր գնա՛ էշերը փնտռէ»։
4Ան ալ Եփրեմի լեռնէն անցաւ եւ Սաղիսա երկրէն ալ անցաւ՝ զանոնք չգտաւ։ Ետքը Սաղիմի երկրէն անցաւ ու հոն ալ չէին. անկէ Բենիամինեաններու երկիրը անցնելով՝ հոն ալ զանոնք չգտաւ։
5Երբ անոնք Սուփին երկիրը եկան, Սաւուղ իրեն հետ եղող մանչուն ըսաւ. «Եկուր ե՛տ դառնանք, չըլլայ թէ հայրս էշերուն հոգը թողու ու մեզի համար մտահոգուի»։
6Բայց մանչը անոր ըսաւ. «Այս քաղաքին մէջ է Աստուծոյ մարդը, անիկա պատուաւոր մարդ մըն է, անոր ամէն ըսածը անշուշտ կը կատարուի։ Հոն երթանք, թերեւս մեր երթալու ճամբան մեզի իմացնէ»։
7Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Բայց եթէ երթալու ըլլանք, այն մարդուն ի՞նչ տանինք. քանզի մեր ամաններէն հացը պակսեցաւ ու Աստուծոյ մարդուն տանելու ընծայ մը չունինք։ Մեր քով ի՞նչ ունինք»։
8Մանչը Սաւուղին ըսաւ. «Ահա իմ քովս մէկ սիկղին չորրորդ մասը արծաթ կայ, զանիկա Աստուծոյ մարդուն կու տամ, որպէս զի մեր ճամբան մեզի իմացնէ»։
9(Առաջ Իսրայէլի մէջ մարդ մը, երբ Աստուծոյ հարցնելու երթար, այսպէս կ’ըսէր. ‘Եկուր տեսանողին երթանք’։ Քանզի այսօր մարգարէ կոչուողը առաջ տեսանող կը կոչուէր։)
10Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, եկուր երթանք»։ Ու Աստուծոյ մարդուն բնակած քաղաքը գացին։
11Երբ անոնք զառիվերէն կ’ելլէին, քանի մը աղջիկներ հանդիպեցան, որոնք ջուր հանելու եկեր էին ու անոնց ըսին. «Տեսանողը հո՞ս է»։
12Աղջիկները անոնց պատասխան տուին ու ըսին. « Հո՛ս է։ Ահա ձեր առջեւն է։ Շուտ ըրէք, քանզի այսօր ժողովուրդը բարձր տեղին վրայ զոհ պիտի ընէ, ատոր համար անիկա այսօր քաղաք եկաւ։
13Քաղաքը մտնելուդ պէս զանիկա հոն կը գտնէք, քանի որ անիկա բարձր տեղը ելած չէ կերակուր ուտելու համար. քանզի մինչեւ անոր գալը ժողովուրդը կերակուր չուտեր, որովհետեւ անիկա կ’օրհնէ զոհը ու անկէ ետքը հրաւիրուածները կ’ուտեն։ Հիմա ելէք, քանզի հիմա կը գտնէք զանիկա»։
14Եւ անոնք քաղաքը ելան ու երբ անոնք քաղաքին մէջ կը մտնէին, ահա Սամուէլ բարձր տեղը երթալու ատեն, անոնց դէմը ելաւ։
15Սաւուղին գալէն օր մը առաջ՝ Տէրը Սամուէլին յայտներ ու ըսեր էր թէ
16«Վաղը այս ատեն Բենիամինին երկրէն քեզի մարդ մը պիտի ղրկեմ, զանիկա իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան օծէ՛, որպէս զի անիկա իմ ժողովուրդս Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ, քանզի ժողովուրդիս նեղութեանը նայեցայ, որովհետեւ անոր աղաղակը ինծի հասաւ»։
17Երբ Սամուէլ Սաւուղը տեսաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Ահա ա՛յս է քեզի ըսած մարդս. ասիկա իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի իշխէ»։
18Սաւուղ դրանը մէջտեղ Սամուէլին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տեսանողին տունը ո՞ւր է, կ’աղաչեմ, ինծի ցուցուր»։
19Սամուէլ պատասխան տուաւ Սաւուղին ու ըսաւ. «Տեսանողը ես եմ. իմ առջեւէս բարձր տեղը ելիր, քանզի այսօր ինծի հետ կերակուր պիտի ուտես եւ վաղը քեզ կը ղրկեմ ու բոլոր սրտիդ մէջ եղածը քեզի կը պատմեմ։
20Երեք օրէ ի վեր քու կորսնցուցած էշերուդ համար մի՛ հոգար, քանզի անոնք գտնուած են։ Իսրայէլի բոլոր փափաքը որո՞ւնն է. քեզի ու քու հօրդ բոլոր տանը չէ՞»։
21Սաւուղ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես Իսրայէլի ցեղերուն ամենէն պզտիկէն՝ Բենիամինեան չե՞մ ու իմ ազգատոհմս Բենիամինի ցեղին բոլոր ազգատոհմերուն պզտիկը չէ՞. ուստի ինչո՞ւ համար ինծի այդպիսի խօսք ըսիր»։
22Սամուէլ առաւ Սաւուղը ու անոր մանչը ու զանոնք կերակուրին սրահը տարաւ եւ զանոնք կոչնականներուն գլուխը նստեցուց, որոնք երեսուն մարդու չափ էին։
23Սամուէլ խոհարարին ըսաւ. «Բեր այն բաժինը որ քեզի տուի ու քեզի պատուիրեցի, որ զանիկա քովդ պահես»։
24Խոհարարը ազդրը վրայի մսովը վերցնելով, զանիկա Սաւուղին առջեւ դրաւ։ Սամուէլ ըսաւ. «Ահաւասիկ մնացածը, զանիկա առջեւդ դիր ու կեր. քանզի երբ ըսի թէ ժողովուրդը հրաւիրեր եմ՝ ՝, այն վայրկեանէն անիկա քեզի համար պահուած է»։ Այն օրը Սաւուղ Սամուէլին հետ կերաւ։
25Երբ բարձր տեղէն քաղաքը իջան, Սամուէլ իր տանը տանիքին վրայ Սաւուղին հետ խօսեցաւ։
26Առաւօտ կանուխ ելան ու լուսցածին պէս Սամուէլ Սաւուղը տանիքը կանչեց ու ըսաւ. «Ելի՛ր, որ քեզ ղրկեմ»։ Եւ Սաւուղ ելաւ։ Ինք եւ Սամուէլ մէկտեղ դուրս ելան։
27Երբ անոնք քաղաքին ծայրը կ’իջնէին, Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Մանչուն ըսէ՛, որ մեր առջեւը անցնի»։ (Եւ անիկա անցաւ։) «Հիմա դուն հոս կեցիր, որպէս զի Աստուծոյ պատգամը քեզի իմացնեմ»։