1Երբ Սամուէլ ծերացաւ, իր որդիները Իսրայէլի վրայ դատաւոր դրաւ։
2Իր անդրանիկ որդիին անունը Յովել, երկրորդին անունը Աբիա էր։ Ասոնք Բերսաբէէի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէին։
3Անոր որդիները անոր ճամբաներուն մէջ չքալեցին, հապա ագահութեան ետեւէ իյնալով՝ կաշառք կ’առնէին եւ իրաւունքը կը ծռէին։
4Իսրայէլի բոլոր ծերերը հաւաքուեցան ու Ռամա գացին
5Եւ Սամուէլին ըսին. «Ահա դուն ծեր ես ու որդիներդ ճամբաներուդ մէջ չեն քալեր. ուստի հիմա մեր վրայ թագաւոր մը դիր, որպէս զի բոլոր ազգերուն պէս մեզ կառավարէ»։
6Սակայն Սամուէլին գէշ երեւցաւ, որ ըսին թէ «Մեզի թագաւոր մը տուր, որպէս զի մեզ կառավարէ»։ Սամուէլ Տէրոջը աղօթք ըրաւ։
7Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ժողովուրդին խօսքին ու անոնց քեզի ամէն ըսածին մտիկ ըրէ՛, քանզի անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ։
8Զանոնք Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր ինչ որ ըրին՝ զիս մոռնալով եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընելով՝ նոյնը քեզի ալ պիտի ընեն։
9Ուստի դուն անոնց խօսքին մտիկ ըրէ. բայց անոնց յայտնի կերպով վկայէ ու իրենց վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը անոնց իմացուր»։
10Սամուէլ Տէրոջը բոլոր խօսքերը իրմէ թագաւոր ուզող ժողովուրդին պատմեց
11Ու ըսաւ. «Ձեր վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը այսպէս պիտի ըլլայ։ Ձեր տղաքը պիտի առնէ ու զանոնք իրեն համար իր կառքերուն ու ձիերուն վրայ պիտի դնէ եւ իր կառքերուն առջեւէն պիտի վազեն
12Ու իրեն հազարապետներ ու յիսնապետներ պիտի կարգէ, որ իր արտերը հերկեն ու հունձքերը հնձեն եւ իր պատերազմական զէնքերն ու կառքերուն գործիքները շինեն։
13Ձեր աղջիկները պիտի առնէ, որպէս զի իւղագործ, խոհարար ու հաց եփող ըլլան։
14Ձեր ընտիր արտերը, այգիներն ու ձիթենիները առնելով՝ իր ծառաներուն պիտի տայ։
15Ձեր արտերուն ու ձեր այգիներուն տասանորդը պիտի առնէ ու զանիկա իր ներքինիներուն ու ծառաներուն պիտի տայ։
16Ձեր ծառաներն ու աղախինները ու ձեր ամենէն ազնիւ կտրիճները եւ ձեր էշերը պիտի առնէ ու իր ծառայութեանը գործածէ։
17Ձեր հօտերուն տասանորդը պիտի առնէ ու դուք անոր ծառաներ պիտի ըլլաք։
18Այն օրը դուք ձեր ընտրած թագաւորին պատճառով պիտի աղաղակէք բայց Տէրը ձեզի պատասխան պիտի չտայ»։
19Սակայն ժողովուրդը Սամուէլին խօսքին մտիկ ընել չուզելով՝ ըսին. «Ո՛չ, անպատճառ թագաւոր մը կ’ուզենք,
20Որպէս զի մենք ալ բոլոր ազգերուն պէս ըլլանք եւ մեր թագաւորը մեզ կառավարէ։ Անիկա մեր առջեւէն երթայ ու մեր պատերազմներուն մէջ առաջնորդութիւն ընէ՝ ՝»։
21Սամուէլ ժողովուրդին բոլոր խօսքերը լսեց ու զանոնք Տէրոջը ականջներուն պատմեց։
22Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոնց խօսքին մտիկ ըրէ՛ ու անոնց վրայ թագաւոր մը դի՛ր»։ Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի մարդոց ըսաւ. «Թող ամէն մարդ իր քաղաքը երթայ»։