1 Samuel 6WARMB

1Տէրոջը տապանակը Փղշտացիներուն երկրին մէջ եօթը ամիս մնաց։

2Փղշտացիները իրենց քուրմերն ու բախտ նայողները կանչեցին ու ըսին. «Եհովային տապանակը ի՞նչ ընենք։ Մեզի իմացուցէք թէ զանիկա ինչպէ՞ս իր տեղը ղրկենք»։

3Անոնք ալ ըսին. «Եթէ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ղրկէք, զանիկա պարապ մի՛ ղրկէք, հապա անպատճառ յանցանքի պատարագ մատուցանեցէք, որպէս զի բժշկուիք ու ձեզի յայտնի ըլլայ թէ ինչո՞ւ համար անոր ձեռքը ձեր վրայէն չերթար»։

4Անոնք ըսին. «Անոր ի՞նչ տեսակ պատարագ մատուցանենք»։ Ու քուրմերը ըսին. «Փղշտացիներուն նախարարներուն թիւովը հինգ ոսկեղէն թանչքի ուռեցքներ ու հինգ ոսկի մուկ ընծայ տուէք. քանզի ձեր ամենուն վրայ եւ ձեր նախարարներուն վրայ միեւնոյն հարուածը եկաւ։

5Ձեր թանչքի ուռեցքներուն պատկերները ու ձեր երկիրը աւերող մուկերուն պատկերները շինեցէք ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառք տուէք։ Թերեւս իր ձեռքը ձեր վրայէն, ձեր աստուածներուն վրայէն ու ձեր երկրին վրայէն վերցնէ։

6Եւ ինչո՞ւ համար ձեր սրտերը կը խստացնէք, ինչպէս Եգիպտացիներն ու Փարաւոն իրենց սրտերը խստացուցին։ Չէ՞ որ Աստուած անոնց մէջ հրաշալի գործեր ընելէն ետքը միայն զանոնք թող տուին որպէս զի երթան։

7Հիմա նոր սայլ մը շինեցէ՛ք ու երկու հատ կաթնտու երինջ առէք, որոնց վրայ բնաւ լուծ դրուած չըլլայ ու երինջները սայլին լծեցէ՛ք եւ անոնց ձագերը անոնց ետեւէն տուն դարձուցէ՛ք

8Ու Եհովային տապանակը առէ՛ք եւ զանիկա սայլին վրայ դրէ՛ք ու այն ոսկեղէն պատկերները որոնք դուք յանցանքի համար անոր ընծայ պիտի տաք, պզտիկ արկղով մը անոր մէկ կողմը դրէ՛ք ու զանիկա ղրկեցէ՛ք, որպէս զի երթայ

9Եւ նայեցէ՛ք, եթէ իր սահմանին ճամբովը Բեթսամիւս ելլէ, այս մեծ չարիքը մեզի ընողը անիկա է. ապա թէ ոչ՝ գիտնանք որ անոր ձեռքը բնաւ մեզի դպած չէ, հապա այս բանը դիպուածով պատահեր է մեզի»։

10Փղշտացիները այդպէս ըրին։ Երկու հատ կաթնտու երինջ առին ու զանոնք սայլին լծեցին եւ անոնց ձագերը տան մէջ գոցեցին։

11Տէրոջը տապանակը եւ ոսկի մուկերուն ու իրենց թանչքի ուռեցքներուն պատկերներուն պզտիկ արկղը սայլին վրայ դրին։

12Երինջները շիտակ Բեթսամիւսի ճամբան բռնեցին եւ մեծ ճամբայէն բառաչելով գացին, աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցան։ Փղշտացիներու նախարարները մինչեւ Բեթսամիւսի սահմանը անոնց ետեւէն գացին։

13Եւ Բեթսամիւսացիները հովիտին մէջ ցորենի հունձքը կը հնձէին ու իրենց աչքերը վերցնելով տապանակը տեսան ու տեսնելով ուրախացան։

14Սայլը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտը մտաւ ու հոն կայնեցաւ, ուր մեծ քար մը կար։ Սայլին փայտերը ճեղքեցին եւ երինջները Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին։

15Ղեւտացիները Տէրոջը տապանակը եւ անոր հետ եղող ոսկի պատկերներուն պզտիկ արկղը վար իջեցուցին ու այն մեծ քարին վրայ դրին։ Այն օրը Բեթսամիւսի մարդիկը Տէրոջը ողջակէզներ ու զոհեր մատուցանեցին։

16Ու Փղշտացիներուն հինգ նախարարները այս բաները տեսնելէ ետքը՝ նոյն օրը Ակկարոն դարձան։

17Այն ոսկեղէն թանչքի ուռեցքները, որոնք Փղշտացիները յանցանքի համար Տէրոջը ընծայ տուին, ասոնք էին. մէկ հատ Ազովտոսի համար, մէկ հատ Գազայի համար, մէկ հատ Ասկաղոնի համար, մէկ հատ Գէթի համար ու մէկ հատ Ակկարոնի համար։

18Ոսկի մուկերը Փղշտացիներու հինգ նախարարութիւններուն բոլոր քաղաքներուն թիւովն էին՝ պարսպապատ քաղաքէն մինչեւ անպարիսպ գիւղը ու մինչեւ այն մեծ քարը, որուն վրայ Տէրոջը տապանակը դրուեցաւ։ Մինչեւ այսօր այն քարը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտին մէջ կը կենայ ։

19Տէրը Բեթսամիւսի մարդիկը զարկաւ, քանզի անոնք Տէրոջը տապանակին մէջ նայեցան։ Ժողովուրդէն յիսուն հազար եօթանասուն մարդ զարկաւ։ Տէրը ժողովուրդին մէջ կոտորած ընելուն համար ժողովուրդը սուգ բռնեց։

20Բեթսամիւսի մարդիկը ըսին. «Այս սուրբ Տէր Աստուծոյն առջեւ ո՞վ կրնայ կայնիլ։ Մեր քովէն որո՞ւ պէտք է երթայ»։

21Եւ Կարիաթարիմի բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Փղշտացիները Տէրոջը տապանակը ետ բերին, եկէք ու զանիկա ձեր քով տարէք»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Samuel 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.