1Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Աբենեզերէն Ազովտոս տարին։
2Եւ Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Դագոնի տունը տարին եւ Դագոնին քով դրին։
3Հետեւեալ օրը Ազովտացիները առտուն կանուխ ելլելով, տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Անոնք Դագոնը վերցուցին իր տեղը դրին։
4Հետեւեալ օրը դարձեալ առտուն կանուխ եկան ու տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Դագոնին գլուխն ու ձեռքերուն երկու թաթերը կոտրած ու սեմին վրայ ինկած էին եւ միայն Դագոնին մարմինը մնացեր էր։
5(Այս պատճառով Դագոնին քուրմերը ու Դագոնին տունը բոլոր մտնողները մինչեւ այսօր Ազովտոս եղող Դագոնին սեմին վրայ չեն կոխեր։)
6Անկէ յետոյ Տէրոջը ձեռքը Ազովտացիներուն վրայ ծանրացաւ ու զանոնք կորսնցուց։ Զանոնք Ազովտոսին ու անոր սահմաններուն մէջ թանչքի ուռեցքներով զարկաւ։
7Ազովտոսին բնակիչները ասիկա տեսնելով՝ ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը պէտք չէ մեր քով մնայ. քանզի անոր ձեռքը մեր վրայ ու մեր աստուծոյն Դագոնին վրայ ծանրացաւ»։
8Եւ մարդ ղրկեցին ու Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները իրենց քով հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ի՞նչ ընենք»։ Անոնք ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ թող փոխադրուի»։ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ փոխադրեցին։
9Հոն փոխադրելէ ետքը, Տէրոջը ձեռքը այն քաղաքին վրայ ըլլալով՝ մեծ խռովութիւն եղաւ ու քաղաքին մարդիկը պզտիկէն մինչեւ մեծը զարնուեցան։ Անոնց վրայ թանչքի ուռեցքներ երեւցան։
10Այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն ղրկեցին։ Երբ Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն մտաւ, Ակկարոնացիները կանչուըռտելով ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը մեզի բերին, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը մեռցնեն»։
11Ուստի մարդ ղրկելով՝ Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը թող տուէք որ երթայ եւ իր տեղը դառնայ, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը չմեռցնէ», քանզի բոլոր քաղաքին մէջ մահառիթ սոսկում մը կար ու Աստուծոյ ձեռքը խիստ ծանրացեր էր։
12Չմեռած մարդիկը թանչքի ուռեցքներով զարնուեցան ու քաղաքին աղաղակը երկինք հասաւ։