1Դաւիթ անկէ գնաց ու ողջ առողջ Ոդողոմի քարայրը հասաւ։ Իր եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը լսեցին ու անոր գացին։
2Բոլոր նեղութեան մէջ եղող, պարտք ունեցող ու սիրտը վիրաւորուած՝ ՝ մարդիկը անոր քով հաւաքուեցան եւ անիկա անոնց վրայ զօրագլուխ եղաւ ու անոր քով չորս հարիւրի չափ մարդ հաւաքուեցան։
3Դաւիթ անկէ Մովաբի Մասփան գնաց ու Մովաբի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ հայրս ու մայրս ձեր քով թող կենան, մինչեւ որ գիտնամ թէ Աստուած ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։
4Զանոնք Մովաբի թագաւորին առջեւ բերել տուաւ եւ անոնք անոր քով բնակեցան որչափ ժամանակ որ Դաւիթ բերդին մէջ էր։
5Գադ մարգարէն Դաւիթին ըսաւ. «Բերդին մէջ մի՛ նստիր, ելի՛ր Յուդայի երկիրը գնա»։ Դաւիթ գնաց Հարեթի անտառը մտաւ։
6Սաւուղ լսեց թէ Դաւիթ ու անոր հետ եղող մարդիկը գտնուեր են։ Սաւուղ Գաբաայի մէջ Ռամայի ծառին տակ նստեր էր ու նիզակը իր ձեռքն էր եւ իր բոլոր ծառաներն ալ իր բոլորտիքը կեցեր էին։
7Սաւուղ իր քովի ծառաներուն ըսաւ. «Ո՛վ որդիներ Բենիամինի, մտիկ ըրէ՛ք. միթէ Յեսսէին որդին ամենուդ ալ արտեր ու այգինե՞ր պիտի տայ. ամէնքդ ալ հազարապետներ ու հարիւրապետնե՞ր պիտի ընէ,
8Որ ամէնքդ ինծի դէմ միաբաներ էք ու Յեսսէին որդիին իմ որդիիս հետ ըրած դաշնակցութիւնը իմ ականջիս ըսող մը չկայ եւ ձեր մէջ մարդ մը չկայ, որ ինծի համար ցաւի ու ինծի յայտնէ թէ իմ որդիս իմ ծառաս ինծի դէմ հանեց, որպէս զի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս դուք այսօր կը տեսնէք »։
9Սաւուղին ծառաներուն վերակացուն, Եդովմայեցի Դովեկը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յեսսէին որդին տեսայ, որ Նոբ եկաւ Աքիտովբի որդիին Աքիմելէքին։
10Անիկա Դաւիթին համար Տէրոջը հարցուց ու անոր պաշար տուաւ եւ անոր Փղշտացի Գողիաթին սուրը տուաւ»։
11Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Աքիտովբի որդին Աքիմելէք քահանան ու անոր հօրը բոլոր տունը, Նոբի մէջ եղող քահանաները, կանչեց ու ամէնքն ալ թագաւորին եկան։
12Սաւուղ ըսաւ. «Ո՛վ որդի Աքիտովբի, մտիկ ըրէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ, տէր իմ»։
13Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ու Յեսսէին որդին ինծի դէմ միաբանեցաք ու դուն անոր հաց ու սուր տուիր եւ անոր համար Աստուծոյ հարցուցիր, որպէս զի անիկա ելլէ ինծի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ »։
14Աքիմելէք պատասխան տուաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Քու բոլոր ծառաներուդ մէջ ո՞վ Դաւիթին պէս հաւատարիմ է, որ թագաւորի՝ փեսայ, քու ատեանիդ՝ վերակացու՝ ՝ ու քու տանդ մէջ պատուաւոր է։
15Միթէ այսօ՞ր սկսայ անոր համար հարցնելու, քա՜ւ լիցի. թագաւորը իր ծառային վրայ ու իմ հօրս բոլոր տանը վրայ այսպիսի բան մը թող չվերագրէ, քանզի քու ծառադ այս բոլոր բաներէն պզտիկ կամ մեծ բան մը չէր գիտեր»։
16Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Աքիմելէք, անպատճառ պիտի մեռնիք, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու հօրդ բոլոր տունը»։
17Թագաւորը իր քով կայնող սուրհանդակներուն ըսաւ. «Դարձէ՛ք, Տէրոջը քահանաները մեռցուցէ՛ք, քանզի անոնց ձեռքն ալ Դաւիթին հետ է, որովհետեւ անոր փախչիլը գիտնալով՝ ինծի չյայտնեցին»։ Բայց թագաւորին ծառաները չուզեցին իրենց ձեռքը երկնցնել՝ Տէրոջը քահանաները զարնելու։
18Թագաւորը Դովեկին ըսաւ. «Դո՛ւն դարձիր ու քահանաները զա՛րկ»։ Եդովմայեցի Դովեկ դարձաւ եւ քահանաները զարկաւ ու այն օրը անիկա ութսունըհինգ մարդ մեռցուց, որոնք քթանէ եփուտ կը հագնէին։
19Քահանաներուն Նոբ քաղաքը սուրի բերնէ անցուց. այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, տղայէն մինչեւ կաթնկեր մանուկը ու մինչեւ արջառը, էշն ու ոչխարը սուրի բերնէ անցուց ։
20Աքիտովբեան Աքիմելէքի մէկ որդին, որուն անունը Աբիաթար էր, ազատեցաւ ու փախաւ Դաւիթին ետեւէն գնաց ։
21Աբիաթար Դաւիթին պատմեց թէ Սաւուղ Տէրոջը քահանաները մեռցուց։
22Եւ Դաւիթ Աբիաթարին ըսաւ. «Ես այն օրը գիտէի թէ Եդովմայեցի Դովեկ հոն գտնուելով՝ անշուշտ Սաւուղին պիտի պատմէ։ Քու հօրդ տանը բոլոր մարդոց մահուանը ես պատճառ եղայ։
23Իմ քովս նստէ, մի՛ վախնար. քանզի իմ հոգիս փնտռողը քու հոգիդ ալ կը փնտռէ, բայց դուն իմ քովս ապահով ես։