1Դաւիթ Նոբ գնաց Աքիմելէք քահանային։ Աքիմելէք զարհուրելով Դաւիթը դիմաւորեց ու անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մինակ ես ու քեզի հետ մարդ չկայ»։
2Եւ Դաւիթ Աքիմելէք քահանային ըսաւ. «Թագաւորը ինծի բան մը հրամայեց ու ինծի ըսաւ. ‘Մա՛րդ թող չգիտնայ այն բանը որուն համար քեզ կը ղրկեմ ու ինչ որ քեզի հրամայեցի’։ Ես մանչերուն մէկմէկ տեղ որոշեր եմ։
3Հիմա ի՞նչ կայ ձեռքիդ տակ։ Ինծի հինգ հատ հաց տուր, կամ ինչ որ կը գտնուի»։
4Քահանան Դաւիթին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ձեռքիս տակ հասարակ հաց չկայ, միայն սուրբ հաց կայ. եթէ մանչերը գոնէ կիներէ զգուշացած են՝ թող ուտեն »։
5Դաւիթ քահանային պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. «Իրաւցընէ կիները մեզմէ հեռու են իմ ճամբայ ելած օրէս, այսինքն երէկուընէ ու միւս օրուընէ եւ մանչերուն ամանները մաքուր են եւ այս ալ հասարակ հաց կրնայ սեպուիլ՝ ՝, մանաւանդ որ այսօր ամաններուն մէջ ուրիշ հաց կը սրբագործուի»։
6Ուստի քահանան սուրբ հացը տուաւ անոր. քանզի հոն ուրիշ հաց չկար, բայց միայն առաջաւորութեան հացը, որ Տէրոջը առջեւէն կը վերցուէր ու վերցուած օրը տաք հաց կը դրուէր։
7Այն օրը Սաւուղին ծառաներէն մէկը արգելափակուած էր ու անոր անունը Եդովմայեցի Դովեկ էր. անիկա Սաւուղին հովիւներուն գլուխն էր։
8Դաւիթ Աքիմելէքին ըսաւ. «Այստեղ քու ձեռքիդ տակ նիզակ մը կամ սուր մը չկա՞յ. քանզի թագաւորին գործին ստիպողական ըլլալուն համար իմ սուրս ու զէնքերս ինծի հետ չառի»։
9Քահանան ըսաւ. «Ահա Փղշտացի Գողիաթին սուրը՝ որ Էլայի հովիտին մէջ մեռցուցիր, անիկա եփուտին ետեւը լաթի մը մէջ փաթթուած կը կենայ. եթէ կ’ուզես զանիկա առնել՝ ա՛ռ, քանզի հոս անկէ ուրիշ չկայ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Անոր նմանը չկայ. զանիկա ինծի տուր»։
10Այն օրը Դաւիթ ելաւ ու Սաւուղին երեսէն փախաւ եւ Գէթի Անքուս թագաւորին գնաց։
11Անքուսին ծառաները անոր ըսին. «Երկրին թագաւորը՝ Դաւիթը ասիկա չէ՞. ասոր համար չէ՞ր որ պար բռնողները կ’երգէին ու կ’ըսէին. Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Իսկ Դաւիթ իր բիւրաւորները»։
12Դաւիթ այս խօսքերը իր սրտին մէջ դրաւ ու Գէթի թագաւորին Անքուսին երեսէն շատ վախցաւ։
13Անոնց առջեւ իր դէմքը փոխելով՝ անոնց ձեռքին տակ զինք խենդ ձեւացուց. դռներու փեղկերուն վրայ նշաններ կը գծէր ու լորձունքները մօրուքին վրայ կը վազցնէր։
14Եւ Անքուս իր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա այս մարդուն խենդ ըլլալը տեսաք. զանիկա ինչո՞ւ համար ինծի բերիք։
15Միթէ ես խենդերու կարօ՞տ եմ, որ ատիկա իմ առջեւս բերիք խենդութիւն ընելու համար. ատիկա իմ տո՞ւնս պիտի մտնէ»։