1 Samuel 19WARMB

1Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ, որ Դաւիթը մեռցնեն։

2Բայց Սաւուղին որդին՝ Յովնաթան Դաւիթը շատ կը սիրէր ու Յովնաթան Դաւիթին իմացուց ու ըսաւ. «Իմ հայրս Սաւուղ քեզ մեռցնել կ’ուզէ. ուրեմն մինչեւ առտու զգոյշ կեցիր ու ծածուկ տեղ մը նստէ ու պահուէ՛,

3Իսկ ես ելլեմ եւ քու նստած արտիդ մէջ հօրս քով կենամ ու քեզի համար իմ հօրս խօսիմ եւ ինչ որ իմանամ՝ քեզի պիտի պատմեմ»։

4Յովնաթան Դաւիթին վրայով աղէկ խօսքեր խօսեցաւ իր հօրը Սաւուղին եւ անոր ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քու ծառայիդ Դաւիթին դէմ մեղք մի՛ գործեր. քանզի անիկա քեզի դէմ մեղք մը չըրաւ ու անոր գործերը քեզի համար շատ աղէկ են։

5Վասն զի իր հոգին ձեռքին մէջ դրաւ ու Փղշտացին զարկաւ եւ Տէրը բոլոր Իսրայէլի մեծ փրկութիւն մը շնորհեց։ Դուն տեսար եւ ուրախացար։ Ինչո՞ւ համար Դաւիթը առանց պատճառի մեռցնելով՝ անմեղ արիւն պիտի թափես»։

6Սաւուղ Յովնաթանին խօսքին մտիկ ըրաւ ու Սաւուղ երդում ըրաւ, ըսելով. «Տէրը կենդանի է, որ անիկա պիտի չմեռցուի»։

7Յովնաթան Դաւիթը կանչեց ու Յովնաթան այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեց եւ Յովնաթան Դաւիթը Սաւուղին տարաւ ու անիկա կրկին անոր առջեւ կը կենար։

8Նորէն պատերազմ եղաւ ու Դաւիթ ելաւ Փղշտացիներուն հետ պատերազմեցաւ ու անոնց մեծ կոտորած մը ըրաւ։ Անոնք անոր առջեւէն փախան։

9Սաւուղին վրայ Տէրոջմէն չար ոգի եկաւ եւ անիկա իր տունը կը նստէր ու նիզակը իր ձեռքն էր, Դաւիթ ալ իր ձեռքով նուագարանը կը զարնէր։

10Եւ Սաւուղ ուզեց, որ Դաւիթը նիզակով զարնէ ու պատին գամէ. բայց անիկա Սաւուղին երեսէն մէկդի քաշուեցաւ։ Սաւուղ նիզակը պատին զարկաւ, բայց Դաւիթ փախաւ եւ այն գիշերը ազատեցաւ։

11Բայց Սաւուղ Դաւիթին տունը մարդիկ ղրկեց, որպէս զի զանիկա պաշարեն ու առաւօտուն մեռցնեն։ Սակայն Դաւիթին կինը՝ Մեղքող՝ անոր իմացուց ու ըսաւ. «Եթէ այս գիշեր քու անձդ չապրեցնես, վաղը քեզ պիտի մեռցնեն»։

12Ուստի Մեղքող Դաւիթը պատուհանէն վար իջեցուց եւ անիկա փախաւ գնաց ու ազատեցաւ։

13Ու Մեղքող արձան մը առաւ եւ զանիկա անկողինին մէջ դրաւ ու անոր գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը դրաւ եւ զանիկա ծածկոցով մը ծածկեց։

14Ու երբ Սաւուղ մարդիկ ղրկեց Դաւիթը բռնելու համար, անիկա ըսաւ. «Հիւանդ է»։

15Սաւուղ նորէն մարդիկ ղրկեց Դաւիթը տեսնելու համար ու ըսաւ. «Զանիկա մահիճովը ինծի բերէք, որպէս զի մեռցնեմ»։

16Երբ մարդիկը եկան, անկողնին մէջ արձան մը կար ու գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը։

17Եւ Սաւուղ Մեղքողին ըսաւ. «Զիս ինչո՞ւ համար այսպէս խաբեցիր ու իմ թշնամիս թող տուիր որ ազատուի»։ Մեղքող Սաւուղին ըսաւ. «Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Թող տուր զիս որպէս զի երթամ. ինչո՞ւ մեռցնեմ քեզ’»։

18Այսպէս փախաւ Դաւիթ ու ազատեցաւ եւ Ռամա գնաց Սամուէլին քով ու անոր պատմեց այն ամէնը՝ որ Սաւուղ ըրեր էր իրեն։ Անիկա Սամուէլին հետ գնաց ու Նաւաթի մէջ բնակեցան։

19Սաւուղին իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ռամայի Նաւաթին մէջ է»։

20Այն ատեն Սաւուղ մարդիկ ղրկեց որպէս զի Դաւիթը բռնեն ու անոնք մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն խումբը եւ անոնց վրայ կեցող Սամուէլը երբ տեսան, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին ղրկած մարդոց վրայ եկաւ ու անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։

21Երբ Սաւուղին իմացուցին, ուրիշ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ Սաւուղ նորէն երրորդ անգամ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։

22Այն ատեն ինք ալ Ռամա գնաց ու մինչեւ Սոկքովի մեծ ջրհորը գալով, հարցուց ու ըսաւ. «Սամուէլ ու Դաւիթ ո՞ւր են»։ Եւ մարդ մը ըսաւ. «Ահա անոնք Ռամայի Նաւաթն են»։

23Ուստի Ռամայի Նաւաթը գնաց եւ անոր վրայ ալ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու մինչեւ Ռամայի Նաւաթը հասնիլը ճամբան երթալով մարգարէութիւն կ’ընէր։

24Եւ անիկա ալ իր լաթերը հանեց ու Սամուէլին առջեւ ինքն ալ մարգարէութիւն ըրաւ եւ այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը մերկ ինկաւ գետինը. անոր համար ըսուեցաւ. «Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Samuel 19.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.