1 Samuel 18WARMB

1Երբ Սաւուղին հետ խօսիլը լմնցուց, Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա։

2Նոյն օրը Սաւուղ զանիկա առաւ ու թող չտուաւ որ իր հօրը տունը դառնայ։

3Յովնաթան Դաւիթին հետ ուխտ ըրաւ, քանզի իր անձին պէս կը սիրէր զանիկա։

4Յովնաթան իր վրայի վերարկուն հանեց եւ զանիկա ու իր հանդերձները, մինչեւ իսկ իր սուրը, իր աղեղն ու իր գօտին Դաւիթին տուաւ։

5Դաւիթ ամէն տեղ կ’երթար, ուր որ Սաւուղ զանիկա կը ղրկէր ու իմաստութեամբ կը վարուէր։ Սաւուղ զանիկա պատերազմական մարդոց վրայ կեցուց ու բոլոր ժողովուրդին ու Սաւուղի ծառաներուն ալ հաճոյ եղաւ։

6Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն կը դառնար ու զօրքերը կու գային, Իսրայէլի բոլոր քաղաքներէն կիները երգելով ու պար բռնելով, թմբուկներով, ուրախութեամբ ու ծնծղաներով Սաւուղ թագաւորը դիմաւորելու ելան։

7Պար բռնող կիները կ’երգէին ու կ’ըսէին. «Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորները»։

8Սաւուղ խիստ բարկացաւ ու այս խօսքին համար դժգոհեցաւ ու ըսաւ. «Բիւրաւորները Դաւիթին տուին ու հազարաւորները ինծի տուին։ Հիմա թագաւորութենէ ուրիշ ի՞նչ պակաս մնաց անոր»

9Այն օրէն սկսեալ Սաւուղ ծուռ աչքով կը նայէր Դաւիթին։

10Հետեւեալ օրը Սաւուղին վրայ Աստուծմէ չար ոգի եկաւ ու տանը մէջ մարգարէութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ուրիշ անգամներու պէս իր ձեռքով քնար կը զարնէր ու Սաւուղին ձեռքը նիզակ մը կար։

11Եւ Սաւուղ նիզակը նետեց՝ ըսելով. «Դաւիթը պատին վրայ պիտի գամեմ»։ Բայց Դաւիթ անոր առջեւէն երկու անգամ մէկդի քաշուեցաւ։

12Սաւուղ Դաւիթին երեսէն կը վախնար, քանզի Տէրը անոր հետ էր. բայց Սաւուղէն հեռացեր էր։

13Սաւուղ զանիկա իր քովէն հեռացուց ու հազարապետ ըրաւ։ Անիկա ժողովուրդին առջեւ կ’ելլէր ու կը մտնէր։

14Դաւիթ իր բոլոր ճամբաներուն մէջ իմաստութեամբ կը վարուէր ու Տէրը անոր հետ էր։

15Սաւուղ անոր իմաստութեամբ վարուիլը տեսնելով անոր երեսէն կը վախնար։

16Բոլոր Իսրայէլ եւ Յուդա Դաւիթը կը սիրէին, քանզի անոնց առջեւ անիկա կ’ելլէր ու կը մտնէր։

17Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ահա իմ մեծ աղջիկս Մերովբը քեզի կնութեան պիտի տամ, միայն թէ դու ինծի զօրաւոր մէկը եղիր ու Տէրոջը պատերազմները պատերազմէ. քանզի Սաւուղ ըսաւ. «Անոր վրայ իմ ձեռքս թող չըլլայ, այլ Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ»։

18Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ»։

19Սաւուղին աղջիկը Մերովբը Դաւիթին տրուելու տեղ՝ Մաուլացի Եդրիէլին տրուեցաւ։

20Սաւուղին Մեղքող աղջիկը կը սիրեր Դաւիթը. երբ Սաւուղին իմացուցին, այս բանը անոր աչքերուն հաճոյ երեւցաւ։

21Սաւուղ ըսաւ. «Ես զանիկա անոր տամ, որպէս զի անոր որոգայթ ըլլայ ու Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ ըլլայ»։ Ուստի Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ինծի երկրորդ փեսայ եղիր»։

22Սաւուղ իր ծառաներուն հրամայեց, որ Դաւիթին հետ ծածկաբար խօսին ու ըսեն. «Ահա թագաւորը քեզի հաւներ է ու անոր բոլոր ծառաները քեզ կը սիրեն. ուստի հիմա թագաւորին փեսայ եղիր»։

23Սաւուղին ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին ականջներուն խօսեցան։ Դաւիթ ըսաւ. «Թագաւորին փեսայ ըլլալը ձեր աչքին պզտի՞կ բան կ’երեւնայ. քանզի ես աղքատ ու աննշան մարդ մըն եմ»։

24Սաւուղին ծառաները իրեն իմացուցին ու ըսին. «Դաւիթ այսպէս խօսեցաւ»։

25Սաւուղ ըսաւ. «Դաւիթին այսպէս ըսէք. ‘Թագաւորը ուրիշ օժիտ չուզեր, բայց միայն Փղշտացիներէն հարիւր անթլփատութիւն, որպէս զի թագաւորին թշնամիներէն վրէժ առնուի’» (Սաւուղ կը խորհէր Դաւիթը Փղշտացիներու ձեռքը մատնել՝ ՝)։

26Ու երբ անոր ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին իմացուցին, Դաւիթին աչքերուն աղէկ երեւցաւ թագաւորին փեսայ ըլլալը,

27Ուստի օրերուն լմննալէն առաջ՝ Դաւիթ ելաւ ու իր մարդոցմով գնաց եւ Փղշտացիներէն երկու հարիւր մարդ մեռցուց ու Դաւիթ անոնց անթլփատութիւնները բերաւ ու զանոնք լման թագաւորին տուին, որպէս զի թագաւորին փեսայ ըլլայ։ Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը կնութեան տուաւ անոր։

28Սաւուղ երբ տեսաւ ու հասկցաւ թէ Տէրը Դաւիթին հետ է ու իր Մեղքող աղջիկը զանիկա կը սիրէ,

29Սաւուղ ալ աւելի վախցաւ Դաւիթէն։ Սաւուղ շարունակ Դաւիթին թշնամութիւն կ’ընէր։

30Ու Փղշտացիներու իշխանները ելան ու անոնց ելլելէն ետքը Դաւիթ Սաւուղին բոլոր ծառաներէն աւելի իմաստութեամբ կը վարուէր ու անոր անունը շատ հռչակուեցաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Samuel 18.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.