1Երեք տարի անցաւ եւ Ասորիներուն ու Իսրայէլի մէջտեղ պատերազմ չեղաւ։
2Երրորդ տարին Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին իջաւ։
3Իսրայէլի թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. « Գիտէք թէ Ռամովթ-Գաղաադ մերն է, բայց մենք զանիկա Ասորիներուն թագաւորին ձեռքէն առնել չենք մտածեր»։
4Եւ Յովսափատ ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս՝ քու ժողովուրդիդ պէս ու իմ ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։
5Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը խօսքը փնտռէ»։
6Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւրի չափ էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞մ, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛, վասն զի Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
7Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որ անոր հարցնենք»։
8Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կայ ուրիշ մարդ մըն ալ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ. քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ. անիկա Յեմլայի որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը թող այդպէս չխօսի»։
9Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլայի որդին Միքիան շուտով հո՛ս բեր»։
10Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Սամարիայի դրանը առջեւի հրապարակին վրայ ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։
11Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա՝ իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։
12Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
13Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար բարութիւն գուշակեցին. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ ու բարութիւն գուշակէ»։
14Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ Տէրը ինծի ինչ որ ըսէ՝ զայն պիտի խօսիմ»։
15Երբ անիկա թագաւորին եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս ու Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
16Թագաւորը ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունով ճշմարիտը միայն ըսես»։
17Ան ալ ըսաւ. «Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ» եւ Տէրը ըսաւ. «Ասոնք տէր չունին, ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։
18Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չըներ, հապա՝ գէշ»։
19Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր բոլորտիքը, աջ կողմն ու ձախ կողմը, կեցեր էին
20Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Աքաաբը ո՞վ կրնայ խաբել, որ Ռամովթ-Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’ ու մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։
21Ու ոգի մը ելաւ ու Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։
22Ու Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի ըլլամ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս, ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։
23Եւ հիմա ահա Տէրը այս քու բոլոր մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է, բայց Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։
24Այն ատեն Քանանայի որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար»։
25Եւ Միքիան ըսաւ. «Դո՛ւն ալ պիտի տեսնես այն օրը, որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։
26Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Միքիան ա՛ռ ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տա՛ր
27Ու ըսէ՛, թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա բանտը դրէ՛ք ու մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէք’»։
28Եւ Միքիա ըսաւ. «Եթէ խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ»։ Ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ լսեցէ՛ք»։
29Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ ելան։
30Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ, բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտաւ։
31Եւ Ասորիներու թագաւորը իր երեսունըերկու կառապետներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։
32Ու երբ կառապետները Յովսափատը տեսան, Իսրայէլի թագաւորը անշուշտ ասիկա է ըսելով՝ անոր վրայ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց։
33Երբ կառապետները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։
34Մարդ մը առանց դիտելու՝ ՝ իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն՝ ՝ զարկաւ։ Այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։
35Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու թագաւորը Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ եւ իրիկուան դէմ մեռաւ։ Վէրքին արիւնը կառքին մէջ վազեց։
36Երբ արեւը կը մտնէր, բանակին մէջ մունետիկ պտըտեցաւ ու ըսաւ. «Ամէն մարդ իր քաղաքը ու ամէն մարդ իր երկիրը թող դառնայ »։
37Թագաւորը մեռաւ ու Սամարիա տարին ու թաղեցին։
38Եւ կառքը Սամարիայի աւազանին քով լուացին ու շուները անոր արիւնը լափեցին. անոր զէնքերն ալ հոն լուացին՝ Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ։
39Աքաաբին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը եւ փղոսկրով շինած տունն ու բոլոր շինած քաղաքները ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
40Աքաաբ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Ոքոզիա թագաւոր եղաւ։
41Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին չորրորդ տարին Յուդայի վրայ Ասային որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ։
42Յովսափատ երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։
43Անիկա իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց, անկէ չխոտորեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։
44Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհեր կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։
45Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին հետ խաղաղութիւն ըրաւ։
46Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր ըրած քաջութիւնն ու պատերազմները՝ ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
47Անիկա իր հօրը Ասային ժամանակէն մնացած Սոդոմական մեղք գործողները երկրէն բնաջինջ ըրաւ։
48Այն ատեն Եդովմի մէջ թագաւոր չկար, փոխարքայ մը կար։
49Յովսափատ Թարսիսի նաւեր շինեց, որպէս զի Ոփիր երթան ոսկիի համար, բայց չգացին՝ ՝, քանզի նաւերը Գասիոն-Գաբերի մէջ կտոր կտոր եղան։
50Այն ատեն Աքաաբին որդին Ոքոզիան Յովսափատին ըսաւ. «Իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ նաւերով թող երթան»։ Բայց Յովսափատ չհաճեցաւ։
51Եւ Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամ թագաւոր եղաւ։
52Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըեօթներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Աքաաբի որդին Ոքոզիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
53Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր հօրը ճամբան եւ իր մօրը ճամբան ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին ճամբան բռնեց,
54Բահաղին ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ եւ իր հօրը բոլոր ըրածները ընելով ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց։