1Յեզրայելացի Նաբովթ Սամարիայի Աքաաբ թագաւորին պալատին քով այգի մը ունէր։
2Աքաաբ Նաբովթին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու այգիդ ինծի տուր, որպէս զի ինծի բանջարի պարտէզ ընեմ, քանզի իմ տանս մօտ է եւ անոր տեղ անկէ աղէկ այգի մը տամ քեզի կամ եթէ կ’ուզես՝ անոր գինը ստակով վճարեմ քեզի»։
3Ու Նաբովթ Աքաաբին ըսաւ. «Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ»։
4Աքաաբ Յեզրայելացի Նաբովթին ըսած խօսքին համար, որ ըսաւ թէ «Իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի չեմ տար», սիրտը կոտրած ու նեղացած իր տունը գնաց։ Իր անկողնին վրայ պառկեցաւ ու երեսը դարձուց ու հաց չկերաւ։
5Անոր կինը Յեզաբէլ անոր քով գնաց ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս նեղացած է ու հաց չես ուտեր»։
6Անիկա ըսաւ անոր. «Վասն զի Յեզրայելացի Նաբովթին հետ խօսեցայ ու անոր ըսի. ‘Քու այգիդ ինծի ստակով տուր կամ եթէ կ’ուզես, անոր տեղ քեզի ուրիշ այգի մը տամ’. բայց անիկա ‘Իմ այգիս քեզի չեմ տար’, ըսաւ»։
7Այն ատեն անոր կինը Յեզաբէլ անոր ըսաւ. «Դուն հիմա Իսրայէլի վրայ այդպէ՞ս թագաւորութիւն պիտի ընես. ելի՛ր, հաց կեր ու սիրտդ թող զուարճանայ. Յեզրայելացի Նաբովթին այգին ես քեզի պիտի տամ»։
8Անիկա Աքաաբին անունովը նամակներ գրեց ու զանոնք անոր կնիքովը կնքեց եւ այն նամակները Նաբովթին քաղաքակից ծերերուն ու ազնուականներուն ղրկեց։
9Նամակներուն մէջ այսպէս գրեր էր. «Ծոմապահութիւն քարոզեցէ՛ք ու Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցէ՛ք։
10Անոր դէմ երկու անօրէն մարդիկ նստեցուցէ՛ք, որոնք անոր համար վկայութիւն տան ու ըսեն թէ ‘Դուն Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրիր’ ու զանիկա հանեցէ՛ք ու քարկոծեցէ՛ք, որպէս զի մեռնի»։
11Անոր քաղաքակիցները եւ քաղաքին մէջ բնակող ծերերն ու ազնուականները, Յեզրայէլին իրենց ապսպրածին պէս ըրին, ինչպէս անոր ղրկած նամակներուն մէջ գրուած էր։
12Անոնք ծոմապահութիւն քարոզեցին եւ Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցին։
13Երկու անօրէն մարդիկ գացին անոր դէմը նստան։ Այն անօրէն մարդիկը ժողովուրդին առջեւ Նաբովթին համար վկայութիւն տուին ու ըսին. «Նաբովթ Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրաւ» Ուստի զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին եւ քարերով քարկոծեցին ու մեռաւ։
14Յեզաբէլին լուր ղրկեցին՝ ըսելով. «Նաբովթ քարկոծուեցաւ ու մեռաւ»։
15Երբ Յեզաբէլ Նաբովթին քարկոծուիլն ու մեռնիլը լսեց, Աքաաբին ըսաւ. «Ելի՛ր, ժառանգէ՛ Յեզրայելացի Նաբովթին այգին, որ ինք քեզի ստակով տալ չուզեց. քանզի Նաբովթ ողջ չէ, հապա մեռաւ»։
16Երբ Աքաաբ Նաբովթին մեռնիլը լսեց, ոտքի ելաւ, որ Յեզրայելացի Նաբովթին այգին իջնէ ու զանիկա ժառանգէ։
17Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիային եղաւ՝ ըսելով.
18«Ելի՛ր, Սամարիա բնակող Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը դիմաւորելու իջի՛ր։ Ահա անիկա Նաբովթի այգիին մէջն է, ուր իջեր է զանիկա ժառանգելու համար
19Ու անոր ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մեռցուցիր ու կը ժառանգե՞ս ալ’։ Նաեւ անոր խօսելով՝ ըսէ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն տեղը ուր շուները Նաբովթին արիւնը լափեցին, հոն շուները քու արիւնդ պիտի լափեն’»։
20Աքաաբ Եղիային ըսաւ. «Ո՛վ իմ թշնամիս, զիս գտա՞ր»։ Անիկա ըսաւ. «Գտայ, որովհետեւ դուն քեզ ծախեցիր Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։
21Ահա ես քու վրադ չարիք պիտի բերեմ, քեզ հալածելով՝ ՝ պիտի ջնջեմ եւ Աքաաբի բոլոր այր մարդիկն ու Իսրայէլի մէջ գերին ու ազատը պիտի կորսնցնեմ։
22Քու տունդ Նաբատի որդիին Յերոբովամին տանը պէս ու Աքիային որդիին Բաասային տանը պէս պիտի ընեմ. որովհետեւ զիս բարկացուցիր ու Իսրայէլին մեղք գործել տուիր։
23Եւ Տէրը Յեզաբէլին համար ալ խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Յեզրայէլի պարսպին քով շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն’։
24Աքաաբէն քաղաքին մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտին մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն»։
25Աքաաբին պէս բնաւ թագաւոր մը եղած չէր, որ զինք ծախէ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։ Իր կինը՝ Յեզաբէլ՝ զինք գլխէ հանեց։
26Անիկա կուռքերուն ետեւէն երթալով շատ գարշելի եղաւ ու բոլոր Ամօրհացիներուն ըրածները ըրաւ, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց։
27Աքաաբ այս խօսքերը լսածին պէս՝ իր հանդերձները պատռեց ու մարմնին վրայէն քուրձ հագաւ ու ծոմ պահեց եւ քուրձով կը պառկէր ու կամաց կը քալէր։
28Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիային եղաւ՝ ըսելով.
29«Կը տեսնե՞ս, Աքաաբ իմ առջեւս խոնարհութիւն կ’ընէ։ Անոր իմ առջեւս խոնարհութիւն ընելուն համար, անոր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ, անոր որդիին օրերը այն չարիքը անոր տանը վրայ պիտի բերեմ»։