1Երբ Դաւիթին մեռնելու օրերը մօտեցան, իր որդիին՝ Սողոմոնին պատուէր տուաւ՝ ըսելով.
2«Ահա ես ամէն երկրի ճամբան կ’երթամ, իսկ դուն ուժովցիր ու քաջասիրտ եղիր
3Եւ քու Տէր Աստուծոյդ պատուէրները պահէ, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր կանոնները, պատուիրանքները, օրէնքներն ու վկայութիւնները պահես, ինչպէս Մովսէսին օրէնքի գրքին մէջ գրուած է. որպէս զի ինչ որ ընես եւ ուր որ երեսդ դարձնես՝ յաջողութիւն գտնես.
4Որպէս զի Տէրը իր խօսքը հաստատէ, որ ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Եթէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընէն ու իմ առջեւս բոլոր սրտով, բոլոր հոգիով ու ճշմարտութեամբ քալեն, Իսրայէլին աթոռին վրայէն քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։
5Դուն գիտես ինչ որ Շարուհեայի որդին Յովաբ ինծի ըրաւ ու ինչ որ Իսրայէլի երկու զօրավարներուն, Ներեան Աբեններին ու Յեթերեան Ամեսայիին ըրաւ. քանզի զանոնք մեռցուց ու խաղաղութեան ատեն պատերազմի արիւն թափեց եւ իր մէջքի գօտիին ու ոտքի կօշիկներուն վրայ պատերազմի արիւն սրսկեց։
6Ուրեմն դուն քու իմաստութիւնդ ի գործ դիր ու անոր ճերմակ մազերը խաղաղութեամբ գերեզմանը մի՛ իջեցներ։
7Բայց Գաղաադացի Բերզելիի որդիներուն ողորմութիւն ըրէ՛ ու քու սեղանէդ ուտողներուն հետ թող ըլլան. քանզի երբ քու եղբօրդ Աբիսողոմին երեսէն փախայ, ինծի մօտեցան։
8Ահա Բաւուրիմացի Բենիամինեան Գերայի որդին Սեմէին քու քովդ է։ Անիկա Մանայիմ գացած օրս ինծի ծանր անէծք տուաւ. բայց երբ անիկա զիս դիմաւորելու համար Յորդանան իջաւ, Տէրոջմով երդում ըրի անոր ու ըսի. ‘Քեզ սրով պիտի չմեռցնեմ’։
9Բայց դուն զանիկա անմեղ մի՛ սեպեր, քանզի դուն խելացի մարդ ես ու անոր ինչ ընելիքդ գիտես եւ անոր ճերմակ մազերը արիւնով գերեզմանը իջեցո՛ւր»։
10Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։
11Դաւիթ Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ քառասուն տարի. եօթը տարի Քեբրոնի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ ու երեսունըերեք տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։
12Եւ Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին աթոռը նստաւ ու անոր թագաւորութիւնը շատ հաստատ եղաւ։
13Ագգիթի որդին Ադոնիան Սողոմոնին մօրը Բերսաբէին գնաց ու Բերսաբէ անոր ըսաւ. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ»։
14Եւ ըսաւ. «Քեզի խօսք մը ունիմ»։ Ու Բերսաբէ ըսաւ. «Խօսէ»։
15Անիկա ըսաւ. «Դուն աղէկ գիտես, որ թագաւորութիւնը իմս էր ու բոլոր Իսրայէլ կ’ակնկալէր, որ ես թագաւոր ըլլամ. բայց թագաւորութիւնը դարձաւ ու իմ եղբօրս եղաւ, քանզի Տէրոջմէ եղաւ։
16Հիմա ես քեզմէ բան մը կը խնդրեմ, ինծի ‘Ո՛չ’ չըսես՝ ՝»։ Բերսաբէ անոր ըսաւ. «Խօսէ՛»։
17Անիկա ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, Սողոմոն թագաւորին ըսէ, (քանզի անիկա քեզ չի մերժեր,) որ Սունամացի Աբիսակը ինծի կնութեան տայ»։
18Ու Բերսաբէ ըսաւ. «Աղէկ, ես քեզի համար թագաւորին կը խօսիմ»։
19Բերսաբէ Սողոմոն թագաւորին գնաց, որպէս զի Ադոնիային համար անոր հետ խօսի ու թագաւորը զանիկա դիմաւորելու համար ոտքի ելաւ ու անոր խոնարհութիւն ըրաւ։ Երբ իր աթոռը նստաւ, իր մօրը համար ալ աթոռ դնել տուաւ եւ մայրը անոր աջ կողմը նստաւ
20Ու ըսաւ. «Ես քեզմէ պզտիկ բան մը պիտի խնդրեմ, ինծի ‘Ո՛չ’ չըսես»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Խնդրէ՛, մայր իմ, քանզի քեզի ‘Ո՛չ’ պիտի չըսեմ»։
21Անիկա ալ ըսաւ. «Սունամացի Աբիսակը եղբօրդ Ադոնիայի կնութեան տուր»։
22Սողոմոն թագաւորը պատասխան տուաւ ու իր մօրը ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ Ադոնիային համար Սունամացի Աբիսակը կը խնդրես, անոր համար թագաւորութիւնն ալ խնդրէ, (քանզի անիկա իմ մեծ եղբայրս է,) անոր ու Աբիաթար քահանային եւ Շարուհեան Յովաբին համար»։
23Ու Սողոմոն թագաւորը Տէրոջմով երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, քանզի Ադոնիա այդ խօսքը իր կեանքին դէմ խօսեր է։
24Հիմա զիս հաստատողը ու զիս իմ հօրս Դաւիթին աթոռը նստեցնողը եւ իր ըսածին պէս ինծի տուն շինող Տէրը կենդանի է, որ Ադոնիան այսօր պիտի մեռցուի»։
25Սողոմոն թագաւորը Յովիադային որդին Բանիան ղրկեց ու զարկաւ զանիկա ու մեռցուց։
26Թագաւորը Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Անաթովթ, քու ագարակդ, գնա՛, քանզի դուն մեռնելու արժանի ես, բայց այսօր քեզ չեմ մեռցներ. որովհետեւ իմ հօրս Դաւիթին առջեւ Տէր Եհովային տապանակը վերցուցիր ու իմ հօրս ամէն քաշած նեղութիւններուն մասնակից եղար»։
27Սողոմոն Աբիաթարը Տէրոջը քահանայութենէն հանեց, որպէս զի Սելովի մէջ Հեղիին տանը համար Տէրոջը ըսած խօսքը կատարուի։
28Այս լուրը մինչեւ Յովաբին հասաւ. (քանզի Յովաբ թէպէտեւ Աբիսողոմին հետեւող չէր, բայց Ադոնիային հետեւեցաւ.) այն ատեն Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ ու սեղանին եղջիւրները բռնեց։
29Սողոմոն թագաւորին իմացուցին թէ՝ ‘Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ եւ անիկա սեղանին քով է’։ Սողոմոն Յովիադայի որդին Բանիան ղրկեց ու ըսաւ. «Գնա՛, զանիկա զա՛րկ»։
30Բանիան Տէրոջը խորանը Յովաբին գնաց ու անոր ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուրս ելիր’»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, ես հոս պիտի մեռնիմ»։ Բանիան թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Յովաբ այսպէս ըսաւ ու ինծի այսպէս պատասխան տուաւ»։
31Եւ թագաւորը անոր ըսաւ. «Անոր ըսածին պէս ըրէ ու զանիկա մեռցուր եւ զանիկա թաղէ, որպէս զի իմ վրայէս ու իմ հօրս տանը վրայէն Յովաբին թափած անմեղ արիւնը վերցնես։
32Տէրը անոր թափած արիւնը անոր գլուխը կը դարձնէ. որովհետեւ անիկա առանց իմ հօրս Դաւիթին գիտութեանը երկու՝ իրմէ արդար ու աղէկ՝ մարդոց, Իսրայէլի սպարապետին Ներեան Աբեններին ու Յուդայի սպարապետին՝ Յեթերեան Ամեսայիին վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք սրով մեռցուց։
33Ուստի անոնց արիւնը Յովաբին գլուխը ու անոր սերունդին գլուխը դառնայ յաւիտեան. բայց Դաւիթին ու անոր սերունդին եւ անոր տանն ու անոր աթոռին՝ Տէրոջը կողմանէ յաւիտեան խաղաղութիւն ըլլայ»։
34Եւ Յովիադայի որդին Բանիան ելաւ ու Յովաբի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա մեռցուց եւ անիկա անապատին մէջ իր տունը թաղուեցաւ։
35Թագաւորը անոր տեղ զօրքերուն վրայ Յովիադայի որդին Բանիան դրաւ ու թագաւորը Սադովկ քահանան Աբիաթարին տեղը դրաւ։
36Թագաւորը մարդ ղրկեց, Սեմէին կանչեց ու ըսաւ. «Քեզի Երուսաղէմի մէջ տուն մը շինէ ու հոն նստէ, բայց անկէ ասդին կամ անդին մի՛ ելլեր,
37Քանզի աղէկ գիտցիր, եթէ ելլես ու Կեդրոն հեղեղատը անցնիս, նոյն օրը անպատճառ պիտի մեռնիս ու քու արիւնդ քու գլուխդ պիտի ըլլայ»։
38Սեմէի թագաւորին ըսաւ. «Այս խօսքդ բարի է. իմ թագաւոր տէրս ի՛նչպէս ըսաւ՝ քու ծառադ ա՛յնպէս պիտի ընէ»։ Ուստի Սեմէի շատ օրեր Երուսաղէմի մէջ նստաւ։
39Երեք տարիէն ետքը Սեմէիին երկու ծառաները Գէթի թագաւորին Մաաքայի որդիին Անքուսին քով փախան ու Սեմէիին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա քու ծառաներդ Գէթի մէջ են»։
40Սեմէի ելաւ ու իշուն համետը դրաւ ու իր ծառաները փնտռելու համար Գէթ գնաց Անքուսին քով։ Սեմէի գնաց ու իր ծառաները Գէթէն բերաւ։
41Երբ Սեմէիին Երուսաղէմէն Գէթ երթալն ու դառնալը Սողոմոնին պատմեցին,
42Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Սեմէին կանչեց ու անոր ըսաւ. «Չէ՞ որ քեզի Տէրոջմով երդում ընել տուի եւ քեզի վկայութիւն ըրի ու ըսի թէ՝ ‘Աղէկ գիտցիր որ Երուսաղէմէն ելած ու ասդին անդին գացած օրդ անպատճառ պիտի մեռնիս’ ու դուն ինծի՝ ‘Լսած խօսքս բարի է’, ըսիր.
43Ուրեմն ինչո՞ւ համար Տէրոջը երդումին ու քեզի տուած պատուէրիս հնազանդութիւն չըրիր»։
44Թագաւորը Սեմէիին ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին դէմ քու ըրած բոլոր չարութիւնդ գիտես, որուն քու սիրտդ ալ կը վկայէ՝ ՝. ուստի Տէրը քու չարութիւնդ քու գլուխդ պիտի դարձնէ.
45Բայց Սողոմոն թագաւորը օրհնեալ ու Դաւիթին աթոռը Տէրոջը առջեւ յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ»։
46Թագաւորը Յովիադայի որդիին Բանիային հրաման տուաւ ու անիկա ելաւ ու զարկաւ զանիկա, որ մեռաւ։ Թագաւորութիւնը Սողոմոնին ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ։