1Դաւիթ հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն եւ բոլոր իշխաններուն հետ խորհուրդ ըրաւ։
2Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին ըսաւ. «Եթէ ձեզի հաճոյ կ’երեւնայ ու այս բանը մեր Տէր Աստուծմէն է, Իսրայէլի բոլոր երկիրներուն մէջ մնացած մեր եղբայրներուն ու անոնց հետ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, իրենց քաղաքներն ու արուարձանները, մարդ ղրկենք՝ ՝, որպէս զի մեր քով հաւաքուին
3Եւ մեր Աստուծոյն տապանակը մեր քով փոխադրենք. քանզի Սաւուղին օրերը զանիկա զանց առինք»։
4Ու բոլոր ժողովուրդը հաճութիւն տուաւ. քանզի այս խօսքը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն ուղիղ երեւցաւ։
5Եւ Դաւիթ Եգիպտոսի Սիովրէն մինչեւ Եմաթի մուտքը բոլոր Իսրայէլը հաւաքեց՝ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն բերելու համար։
6Դաւիթ բոլոր Իսրայէլին հետ Բաաղ, այսինքն Յուդայի Կարիաթարիմը գնաց, որպէս զի անկէ՝ քերովբէներուն վրայ նստող Եհովա Աստուծոյն տապանակը փոխադրէ։
7Աստուծոյ տապանակը Աբինադաբի տունէն վերցնելով նոր սայլի մը վրայ դրին ու Ոզա ու Աքիով այն սայլը կը վարէին։
8Եւ Դաւիթ ու բոլոր Իսրայէլ բոլոր ուժով Աստուծոյ առջեւ կը խաղային օրհնութիւններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, ծնծղաներով ու փողերով։
9Երբ Քիդոնին կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը երկնցուց որպէս զի տապանակը բռնէ. քանզի եզները զանիկա ծռեր էին։
10Տէրոջը բարկութիւնը Ոզային դէմ բորբոքեցաւ եւ ձեռքը տապանակին երկնցնելուն համար զանիկա զարկաւ։ Անիկա հոն Աստուծոյ առջեւ մեռաւ։
11Եւ Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Փարէս-Ոզա կը կոչուի։
12Դաւիթ այն օրը Աստուծմէ վախցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը ի՜նչպէս քովս բերեմ»։
13Դաւիթ տապանակը իր քով, Դաւիթին քաղաքը չբերաւ. հապա զանիկա Գեթացի Աբդեդօմին տունը դարձուց։
14Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմին տանը մէջ երեք ամիս մնաց ու Տէրը Աբդեդօմին տունն ու անոր բոլոր ստացուածքը օրհնեց։