1Բոլոր Իսրայէլ Դաւիթին քով Քեբրոնի մէջ հաւաքուեցան ու ըսին. «Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք։
2Ասկէ առաջ ալ, երբ Սաւուղ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դուն էիր։ Քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը դուն պիտի հովուես ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին վրայ դուն իշխան պիտի ըլլաս’»։
3Իսրայէլի բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց հետ դաշինք կնքեց ու անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին, ինչպէս Տէրը Սամուէլին միջոցով ըսեր էր։
4Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի հետ Երուսաղէմ, այսինքն Յեբուս, գնաց ու հոն այն երկրին բնակիչները, Յեբուսացիները կը բնակէին ։
5Յեբուսի բնակիչները Դաւիթին ըսին. «Հոս պիտի չմտնես»։ Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաք կը կոչուի )։
6Ու Դաւիթ ըսաւ. «Ով որ Յեբուսացիները առաջ զարնէ, անիկա իշխան ու զօրավար պիտի ըլլայ»։ Առաջ Շարուհեային որդին՝ Յովաբ ելաւ ու անիկա զօրավար եղաւ։
7Դաւիթ այն բերդին մէջ բնակեցաւ։ Անոր համար անիկա Դաւիթին քաղաքը կոչուեցաւ։
8Դաւիթ քաղաքին չորս բոլորտիքը շինեց, այսինքն Մելօնն ու անոր շրջակայ տեղերը։ Յովաբ քաղաքին մնացորդը նորոգեց։
9Դաւիթ երթալով կը մեծնար ու զօրքերու Տէրը անոր հետ էր։
10Ասոնք են Դաւիթին գլխաւոր զօրավարները, որոնք անոր թագաւորութեանը համար անոր օգնութիւն ըրին բոլոր Իսրայէլի հետ, որպէս զի անիկա թագաւոր ըլլայ, Տէրոջը Իսրայէլին ըսած խօսքին համեմատ։
11Դաւիթին զօրաւոր մարդիկը ասոնք են. Հաքեմոնիին որդին Յեսբաամ՝ երեք զօրավարներուն գլուխը, որ իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցուց ու մէկէն զանոնք մեռցուց։
12Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդային որդին Եղիազարը, որ երեք զօրավարներէն էր։
13Ասիկա երբ Ափեսդոմմինի մէջ Դաւիթին հետ էր, Փղշտացիները հոն հաւաքուեցան պատերազմելու համար։ Արտի մը մէկ մասը գարիով լեցուն էր։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն երեսէն փախաւ։
14Այս երեք զօրավարները արտին մէջտեղը կայնեցան, զանիկա ազատեցին ու Փղշտացիները զարկին։ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։
15Երեսուն զօրավարներէն երեքը՝ Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին հետ վէմը իջան, երբ Փղշտացիներուն բանակը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։
16Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլէհէմի մէջ ալ բերդապահ զօրք ունէին։
17Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր կրնայ խմցնել»։
18Այն ատեն այս երեք մարդիկը Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին եւ Դաւիթին բերին. բայց Դաւիթ զանիկա խմել չուզեց, հապա զանիկա թափելով Տէրոջը նուիրեց
19Ու ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ ես այս բանը ընեմ։ Միթէ ես անոնց կենսարի՞ւնը պիտի խմեմ. վասն զի իրենց կյանքը վտանգելով այս ջուրը բերին»։ Ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրավարներուն ըրածները։
20Յովաբին եղբայրը՝ Աբեսսան՝ այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք ու անիկա երեքին մէջ անուանի էր։
21Երեքին երկուքէն աւելի համարում ունենալուն համար անոնց գլուխ եղաւ, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։
22Մեծ գործեր գործող Կաբեսէլացի զօրավարի մը որդիին Յովիադային որդին Բանիա Մովաբի երկու զօրաւոր մարդիկը մեռցուց. Նաեւ ձիւնի ժամանակ իջաւ ու Գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։
23Ասիկա հինգ կանգուն հասակ ունեցող Եգիպտացի մարդ մը մեռցուց, թէեւ Եգիպտացիին ձեռքը ոստայնանկներու գլանին պէս նիզակ մը կար. բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ յարձակեցաւ ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ զանիկա անոր նիզակովը մեռցուց։
24Յովիադային որդին Բանիան այս բաները ըրաւ ու երեք զօրավարներուն մէջ անուանի եղաւ։
25Անիկա երեսուն զօրավարներէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։
26Եւ իր զօրքերուն զօրավարները ասոնք էին ՝ Յովաբին եղբայրը Ասայէլը, Բեթլէհէմացի Դովդային որդին Էլէանան,
27Արովրացի Սամօթը, Փելօնացի Քեղղէսը,
28Թեկուացի Եկգեսին որդին Իրասը, Անաթովթացի Աբիեզերը,
29Ովսացի Սովբաքը, Աքուքացի Եղին,
30Նետոփաթացի Մաարան, Նետոփաթացի Բաանային որդին Ալադը,
31Բենիամինին որդիներուն Գաբաայէն Ռիբային որդին Եթթին, Փարաթոնացի Բանիան,
32Գաասի ձորերէն Հուրան, Արափաթացի Աբիէլը,
33Բարումացի Ազամօթը, Սաղաբինացի Եղիաբան,
34Գեղոնացի Հասեմի որդիներէն՝ Արարացի Սագէին որդին Յովնաթանը,
35Արարացի Սաքաբին որդին Աքիամը, Ովրի որդին Եղիփաղը,
36Մեքուրաթացի Ոփեր, Փելօնացի Աքիա,
37Կարմելացի Ասարէն, Ազբիային որդին Նաարան,
38Նաթանին եղբայրը Յովէլը, Ագարայի որդին Մաբարը,
39Ամմոնացի Սելեկը, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարան,
40Յեթերացի Իրասը, Յեթերացի Գարեբը,
41Քետացի Ուրիան, Աղայիին որդին Զաբադը,
42Ռուբէնեաններուն գլուխը, Ռուբէնեան Սիզային որդին Ադինան ու անոր հետ երեսուն մարդ կար.
43Մաաքային որդին Անանը, Մաթանացի Յովսափատը,
44Աստարովթացի Ոզիան, Արոէրացի Քովթամին որդիները՝ Սամա ու Յէիէլ,
45Սամարիին որդին Յեդիէլն ու անոր եղբայրը Թիսացի Յովքան,
46Մահաւացի Եղիէլը, Եղնաամին որդիները՝ Յարիբային եւ Յօսաւիան, Մովաբացի Յեթեման,
47Եղիէլը, Ովբէդն ու Մեսօբացի Յեսիէլը։