1Սակայն դուն պատուիրէ այն՝ ինչ որ հաւատքի առողջ ուսումը կը պահանջէ։
2Ծերերուն պատուիրէ որ զգաստ ըլլան, պարկեշտ ու զուսպ, եւ օրինակ ըլլան թէ՛ հաւատքի, թէ՛ սիրոյ, թէ՛ համբերութեան եւ թէ՛ ժուժկալութեան։
3Նոյնպէս, պառաւներուն պատուիրէ որ զգաստ եւ մաքրակենցաղ ըլլան. չըլլան բանսարկու, ո՛չ ալ գինեմոլ, այլ՝ բարեխրատ։
4Թող սեփական օրինակով մանկահասակ կիներուն սորվեցնեն՝ իրենց ամուսիններն ու զաւակները սիրել,
5ըլլալ համեստ, անբիծ, տնաշէն, բարի, եւ իրենց ամուսիններուն հնազանդ, որպէսզի պատճառ չըլլան որ Աստուծոյ խօսքը անարգուի։
6Նոյնպէս յորդորէ երիտասարդները որ զուսպ ըլլան ամէն կերպով։
7Քու անձովդ բարի գործերու օրինակ եղիր բոլորին, իսկ ուսուցումներովդ օրինակը տուր անկեղծութեան, մաքրութեան եւ պարկեշտութեան։
8Միշտ ողջմտութեամբ խօսէ, պարսաւանքի տեղի չտալու համար, որպէսզի ոեւէ հակառակորդ ամօթով մնայ եւ մեր մասին չարախօսելիք բան չունենայ։
9Ծառաներուն պատուիրէ որ իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլան եւ ամէն ինչով գոհ ձգեն։ Ո՛չ առարկեն,
10ո՛չ գողնան. այլ՝ ճշմարիտ ու կատարեալ հաւատարմութիւն ցուցաբերեն, որպէսզի ամէն ինչով պատիւ բերեն մեր փրկչին՝ Աստուծոյ Աւետարանին ։
11Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին։
12Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք, զգաստութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ,
13եւ յոյսով սպասենք այն երջանիկ օրուան, երբ մեր մեծ Աստուածն ու փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս իր փառքով պիտի յայտնուի ։
14Որովհետեւ Քրիստոս իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր։
15Այս բաները սորվեցուր հաւատացեալներուդ։ Քաջալերէ՛ զանոնք եւ ի հարկին յանդիմանէ՝ հեղինակութիւնդ գործածելով, այնպէս՝ որ ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ։