Romans 16
1 Ձեզի կը յանձնարարեմ Կենքրայի եկեղեցիին ծառայող մեր Ֆիպէ քոյրը,
2 որպէսզի Տիրոջ անունով ընդունիք զայն՝ ինչպէս որ հաւատացեալներուն կը վայելէ, եւ տէր ըլլաք իրեն՝ երբ ոեւէ բանի պէտք ունենալով դիմէ ձեզի. որովհետեւ ինքն ալ շատերուն տէր եղաւ եւ ամենէն աւելի՝ ինծի։
3 Բարեւ ըրէք Պրիսկային ու Ակիլասին, Յիսուս Քրիստոսով իմ գործակիցներուս,
4 որոնք իմ կեանքս փրկելու համար իրենց կեանքերն իսկ վտանգի ենթարկեցին։ Ո՛չ միայն ես երախտապարտ եմ իրենց, այլ հեթանոսութենէ դարձած բոլոր եկեղեցիները։
5 Բարեւ ըրէք նաեւ իրենց տունը հաւաքուող եկեղեցիին։ Բարեւ ըրէք իմ սիրելի Եպենետոսին, որ Ասիա նահանգէն Քրիստոսի առաջին հաւատացողն է։
6 Բարեւ ըրէք Մարիամին, որ շատ աշխատեցաւ ձեզի համար։
7 Բարեւ ըրէք Անդրոնիկոսին եւ Յունիասին, իմ ազգակիցներուս եւ բանտակիցներուս, որոնք քաջածանօթ են իրենց առաքելական գործով եւ ինձմէ առաջ ալ քրիստոնեայ դարձած։
8 Բարեւ ըրէք Ամպլիատոսին, որ Տիրոջմով սիրելի է ինծի։
9 Բարեւ ըրէք Ուրբանոսին, Տիրոջմով իմ գործակիցիս, եւ իմ սիրելի Ստաքիին։
10 Բարեւ ըրէք Ապեղէսի, Քրիստոսի հաւատարիմին։
11 Բարեւ ըրէք Արիստոբուլոսի ընտանիքին։ Բարեւ ըրէք Հերոդիոնին, իմ ազգակիցիս։ Բարեւ ըրէք Նարկիսոսի ընտանիքին, որ Տիրոջ կը հաւատայ։
12 Բարեւ ըրէք Տրիֆենային եւ Տրիֆոսային, որոնք աշխատեցան Տիրոջ համար։ Բարեւ ըրէք սիրելի Պերսիսին, որ շատ աշխատեցաւ Տիրոջ համար։
13 Բարեւ ըրէք Ռուֆոսին, Տիրոջ հաւատարիմին, եւ իր մօրը՝ որ իմ մայրս կը նկատեմ։
14 Բարեւ ըրէք Ասինկրիտոսին, Ֆլեկոնին, Հերմէսին, Պատրոբասին, Հերմասին եւ անոնց հետ եղող հաւատացեալ եղբայրներուն։
15 Բարեւ ըրէք Ֆիլոլոկոսին եւ Յուլիային, Ներէոսին եւ իր քրոջ, նաեւ Օլիմպասին եւ անոնց հետ եղող բոլոր հաւատացեալներուն։
16 Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք իրար։ Քրիստոսի բոլոր եկեղեցիները կը բարեւեն ձեզ։
17 Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, որ զգուշանաք անոնցմէ՝ որոնք երկպառակութեանց եւ գայթակղութեանց պատճառ կ՚ըլլան՝ շեղելով այն վարդապետութենէն որ դուք սորվեցաք։ Հեռո՛ւ փախէք անոնցմէ,
18 որովհետեւ այդպիսիները մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի չէ որ կը ծառայեն, այլ՝ իրենց որովայնին, քաղցր խօսքերով ու կեղծ գովասանքներով պարզամիտները խաբելով։
19 Ձեր հնազանդութեան համբաւը ամէն տեղ հասած է, եւ ես ձեզմով ուրախ եմ։ Բայց կ՚ուզեմ որ իմաստուն ըլլաք՝ բարի գործեր կատարելով, եւ անմեղադրելի ըլլաք՝ չար գործերէն հեռու մնալով։
20 Եւխաղաղութեան պարգեւիչը, Աստուած, շուտով ձեր ոտքերուն տակ պիտի խորտակէ Սատանան ։ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։
21 Տիմոթէոս, իմ գործակիցս, ինչպէս նաեւ իմ ազգակիցներս՝ Ղուկիոս, Յասոն եւ Սոսիպատրոս՝ բարեւ կ՚ընեն ձեզի։
22 (Ես ալ՝ Տերտիոս, որ այս նամակը գրեցի, Տիրոջմով կը բարեւեմ ձեզ)։
23 Ձեզի բարեւ կ՚ընէ Գայիոսը, իմ հիւրընկալս, որ իր տան մէջ կը հիւրընկալէ նաեւ ամբողջ եկեղեցին։ $եզի բարեւ կ՚ընեն նաեւ Երաստոս, քաղաքիս գանձապետը, եւ Կուարտոս եղբայրը։
24 Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։
25 Փա՜ռք տանք Աստուծոյ, որ կրնայ ձեզ ձեր հաւատքին մէջ հաստատուն պահել այն Աւետարանով՝ որ ձեզի բերի Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով։ Այդ Աւետարանը յայտնութիւնն է Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին, որ անցեալ բոլոր ժամանակներուն մէջ ծածուկ մնացած էր։
26 Այժմ այդ խորհուրդը, մարգարէական գրութիւններով յայտնուած, մշտնջենաւոր Աստուծոյ հրամանով բոլոր ազգերուն ծանուցուեցաւ, որպէսզի ամէն ոք հաւատայ եւ հնազանդի Քրիստոսի։
27 Ուստի Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ յաւիտենական փա՜ռք Աստուծոյ, որ ի՛նք միայն իմաստուն է։ Ամէն ։