Bible

Elevate

Your Sunday Morning Worship Service

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Romans 14

:
Armenian - 2019
1 Հաւատքի մէջ տկարացած մէկը ընդունեցէք՝ առանց իր խիղճը տանջող կասկածները քննադատելու։
2 Օրինակ, մէկը կը հաւատայ՝ թէ ամէն ինչ կարելի է ուտել։ Ուրիշ մը, որ կասկած ունի այդ մասին, բանջարեղէն կ՚ուտէ միայն։
3 Ամէն ինչ ուտողը թող չարհամարհէ չուտողը, իսկ չուտողը թող չքննադատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած զայն ընդուներ է։
4 Ո՞վ ես դուն, որ Աստուծոյ ծառան կը դատես։ Տէրը ի՛նք միայն գիտէ՝ իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ ինկած։ Բայց վստահ եղէք որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէրը կրնայ զայն կանգուն պահել։
5 Նոյնպէս, ոմանք կը խորհին՝ թէ զԱստուած պաշտելու համար այսինչ օրը աւելի կարեւոր է քան միւս օրը, մինչ ուրիշներու համար բոլոր օրերը նոյնն են։ Իւրաքանչիւրը թող իր համոզումը պահէ։
6 Կը բաւէ որ թէ՛ յատուկ օր մը փնտռողը եւ թէ՛ օրերու միջեւ խտրութիւն չդնողը երկուքն ալ Տէրը պատուել կը խորհին։ Նոյնպէս ալ, թէ՛ ամէն ինչ ուտողը Տէրը կը պատուէ եւ թէ՛ չուտողը, երբ երկուքն ալ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնեն։
7 Մեզմէ ոեւէ մէկը ինքն իր անձին համար չ՚ապրիր, ո՛չ ալ ինքն իրեն համար կը մեռնի։
8 Եթէ կ՚ապրինք՝ Տիրոջ համար կ՚ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք, որ կը նշանակէ թէ՝ ըլլա՛յ կեանքի եւ ըլլա՛յ մահուան մէջ՝ Տիրոջ կը պատկանինք։
9 Ատոր համար ալ Քրիստոս մեռաւ եւ վերակենդանացաւ, որպէսզի Տէրը ըլլայ բոլորին, թէ՛ ապրողներուն եւ թէ՛ մեռածներուն հաւասարապէս։
10 Ինչո՞ւ կը դատես ուրեմն եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ զայն կ՚արհամարհես։ Բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք,
11 որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Ես ինձմով կ՚երդնում,– կ՚ըսէ Տէրը,– որ ամէն ծունկ պիտի խոնարհի առջեւս եւ ամէն լեզու պիտի խոստովանի թէ ես եմ Աստուածը»։
12 Քանի ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ,
13 այսուհետեւ դադրի՛նք իրար քննադատելէ, եւ փոխարէնը ջանանք մեր եղբայրներուն գայթակղութեան եւ մեղանչումին պատճառ չդառնալ։
14 Յիսուս Քրիստոսով հետեւեալը ապահովապէս գիտեմ, թէ ինքնին պիղծ բան չկայ։ Բան մը պիղծ կ՚ըլլայ ա՛յն մարդուն համար, որ զայն պիղծ կը համարէ։
15 Եթէ գիտես թէ քու ուտելովդ եղբօրդ խղճմտանքը կը վիրաւորես, սիրով շարժած չես ըլլար՝ երբ ուտես։ Քու կերակուրովդ պատճառ մի՛ դառնար որ կորսուի եղբայրդ, որուն համար Քրիստոս իր կեանքը տուաւ։
16 Առիթ մի՛ տար որ բարի եւ ուղիղ սեպած բանդ հայհոյութեան պատճառ դառնայ։
17 Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած։
18 Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ։
19 Արդ, այսուհետեւ խաղաղութիւն փնտռենք եւ աշխատինք իրարու հաւատքը ամրապնդել։
20 Չըլլա՛յ որ կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը քանդես։ Ամէն բան ինքնին մաքուր է. բայց սխալ է բան մը ուտել, երբ ատիկա ուրիշ մը կը գայթակղեցնէ։
21 Աւելի ճիշդ է՝ ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ ուրիշ ոեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը գլորի կամ կը գայթակղի կամ կը տկարանայ։
22 Այս մասին քու համոզումդ՝ քու եւ Աստուծոյ միջեւ թող մնայ։ Երանի՜ անոր որ ինքզինքը դատապարտութեան չ՚ենթարկեր այնպիսի բաներով՝ որով իր ընկերոջ փորձութեան պատճառ կ՚ըլլայ։
23 Միւս կողմէ, եթէ մէկը կասկած ունի իր կերածին անմաքրութեան մասին, Աստուծոյ դատապարտութեան ենթակայ է՝ եթէ ուտէ, որովհետեւ իր արարքը հաւատքի արդիւնք չէ։ Եւ ինչ որ հաւատքէն չի գար՝ մեղք է։