Revelation 22019

1Եփեսոսի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ ան՝ որ իր աջ ձեռքին մէջ ունի եօթը աստղերը եւ որ կը շրջի եօթը ոսկի ճրագարաններուն միջեւ.–

2Գիտեմ քու գործերդ, վաստակդ եւ համբերութիւնդ։ Գիտեմ որ չես հանդուրժեր չար մարդոց։ Փորձեցիր անոնք, որոնք իրենք զիրենք առաքեալ կը կոչեն եւ սակայն չեն, ու գտար որ անոնք ստախօս են։

3Դուն համբերեցիր եւ տառապեցար ինծի համար, ու տեղի չտուիր։

4Բայց հիմա դժգոհ եմ քեզմէ, որովհետեւ զիս առաջուան պէս չես սիրեր։

5Յիշէ՛, հետեւաբար, թէ ի՛նչ վիճակէ հոս ինկար, ապաշխարէ՛ եւ վերադարձի՛ր նախկին գործերուդ, ապա թէ ոչ՝ եթէ չապաշխարես՝ շուտով կու գամ եւ կը վերցնեմ քու ճրագարանդ իր տեղէն։

6Միակ նպաստաւոր բանը որ ունիս՝ այն է, որ կ՚ատես Նիկողայոսի հետեւորդներուն գործերը, որ ես ալ կ՚ատեմ»։

7«Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.– Ով որ յաղթանակէ՝ անոր իրաւունք պիտի տամ ճաշակելու կեանքի ծառէն, որ կը գտնուի Աստուծոյ դրախտին մէջ»։ –

8Զմիռնիայի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ Առաջինն ու Վերջինը, ան՝ որ մեռաւ ու վերակենդանացաւ.–

9Գիտեմ քու գործերդ, նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ։ Աղքատ կ՚երեւիս, բայց հարուստ ես դուն։ Գիտեմ անարգական խօսքերը, որ կ՚ըսեն անոնք՝ որոնք իրենք զիրենք Հրեայ կը նկատեն եւ սակայն չեն. անոնք Սատանայի հետեւորդներ են։

10Մի՛ վախնար այն չարչարանքներուն համար, որ պիտի կրես։ Ահա Բանսարկուն ձեզմէ ոմանք բանտ պիտի նետէ՝ ձեզ փորձելու համար, եւ ձեր նեղութիւնը տասը օր պիտի տեւէ։ Հաւատարիմ եղիր ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է, եւ ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ»։

11«Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.– Ով որ յաղթանակէ՝ երկրորդ մահէն պիտի չվնասուի»։ –

12Պերգամոնի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ ան՝ որ սրուած երկսայրի սուրը ունի.–

13Գիտեմ գործերդ եւ գիտեմ որ կը բնակիս հոն՝ ուր Սատանան իր աթոռըունի։ Բայց դուն իմ անունս պահեցիր եւ ինծի հանդէպ ունեցած հաւատքդ չուրացար՝ նոյնիսկ երբ իմ հաւատարիմ վկաս, Անտիպաս, ձեր դիմաց սպաննուեցաւ հոն՝ ուր Սատանան կը բնակի։

14Բայց քեզի դէմ կարգ մը դժգոհութիւններ ունիմ։ Քու շարքերուդ մէջ ունիս Բաղաամի վարդապետութեան հետեւորդներ. այն Բաղաամին, որ Բալակի սորվեցուց՝ Իսրայէլի որդիները մեղքի մղել, որպէսզի անոնք կուռքերու զոհուած միս ուտեն եւ պոռնկութիւն ընեն։

15Նոյնպէս, դուն ալ Նիկողայոսի վարդապետութեան հետեւորդներ ունիս։

16Արդ, ապաշխարէ՛, ապա թէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ եւ բերանէս ելլող սուրովը անոնց դէմ պիտի պատերազմիմ»։

17«Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.– Ով որ յաղթանակէ՝ անոր ճաշակել պիտի տամ պահուած մանանայէն. ինչպէս նաեւ պիտի տամ մաքուր քար մը, որուն վրայ գրուած է նոր անուն մը, որ բացի ստացողէն՝ ո՛չ ոք գիտէ»։ –

18Թիատիրի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ Աստուծոյ Որդին, որուն աչքերը կրակի բոցի պէս են եւ ոտքերը՝ հրաշէկ անագապղինձի նման.–

19Գիտեմ գործերդ, սէրդ, հաւատքդ եւ համբերութեամբ կատարած ծառայութիւնդ, եւ գիտեմ որ վերջին գործերդ նախկիններէն աւելի են։

20Բայց քեզի դէմ դժգոհութիւն ունիմ, քանի կը հանդուրժես Եզաբէլին, կնոջ մը՝ որ ինքզինք մարգարէուհի կը նկատէ։ Անիկա իմ ծառաներս կը մոլորեցնէ, անոնց պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերուն զոհուած միս ուտել սորվեցնելով։

21Ես իրեն ժամանակ տուի որ ապաշխարէ իր պոռնկութեան համար, բայց չապաշխարեց։

22Ուստի ահա զինք հնոց պիտի նետեմ, եւ իր գործակիցները, որոնց հետ շնութիւն ըրաւ, մեծամեծ նեղութիւններու մէջ պիտի ձգեմ՝ եթէ չապաշխարեն իրենց կատարած գործերուն համար։

23Չարաչար պիտի սպաննեմ իր որդիները, եւ բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան՝ թէ ե՛ս եմ որ կը ճանչնամ մարդոց ցանկութիւններն ու մտածումները, եւ իւրաքանչիւրին կը հատուցանեմ իր գործերուն համաձայն»։

24«Գալով Թիատիրի մէջ գտնուող մնացեալ հաւատացեալներուդ, որ չհետեւեցաք այդ վարդապետութեան եւ չճանչցաք ինչ որ կը կոչեն “Սատանային ծածուկ խորհուրդները”, ձեզի կ՚ըսեմ՝ որ ուրիշ բեռ պիտի չդնեմ ձեր վրայ,

25սակայն ինչ որ ունիք՝ հաստատուն պահեցէք, մինչեւ որ ես գամ։

26Ով որ յաղթանակէ եւ շարունակէ կատարել ինչ որ ես կ՚ուզեմ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ,

27այնպէս՝ ինչպէս որ ես ալ իմ իշխանութիւնս ստացայ իմ Հօրմէս։ Անիկա պիտի հովուէ երկաթէ մականով եւ զանոնք պիտի փշրէ կաւէ ամաններու պէս։ Անոր պիտի տամ առաւօտեան աստղը»։

28...

29«Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Revelation 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.