Philippians 3
1 Հետեւաբար, եղբայրնե՛րս, Տիրոջմով ուրախացէք։ Նոյն բաները գրելը ինծի համար ձանձրոյթ չէ, բայց ձեզ ճշմարտութեան մէջ կը հաստատէ։
2 Զգուշացէք այն մարդոցմէ, այն շուներէն, որոնք չարիք կը սերմանեն՝ ստիպելով որ թլփատուիք։
3 Իսկական թլփատուածները մե՛նք ենք, որովհետեւ Աստուծոյ Հոգիով լեցուած պաշտամունք կը կատարենք եւ միայն Քրիստոս Յիսուսի միացած ըլլալով կը պարծենանք, եւ ո՛չ թէ Օրէնքին գործադրութեամբ կամ Աբրահամի մարմնաւոր զաւակը ըլլալով։
4 Եթէ ատոնք բաւարար ըլլային փրկուելու համար, ինծի ոչինչ պիտի պակսէր. եւ եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ թէ մարմնական այդ կապին կրնայ վստահիլ, ես աւելիով կրնամ,
5 քանի ութօրեայ թլփատուած Իսրայէլացի մըն եմ, Բենիամինի ցեղէն, զտարիւն Եբրայեցի եւ օրինապահ Փարիսեցի ։
6 Ա՛յնքան նախանձախնդիր էի, որ Քրիստոսի եկեղեցին կը հալածէի. եւ արդար էի այնքան՝ որքան Օրէնքին անթերի գործադրութիւնը կրնար տալ։
7 Սակայն այս բոլորը, որ ժամանակ մը առաւելութիւն կը սեպէի, հիմա վնաս կը համարեմ՝ Քրիստոսի սիրոյն համար։
8 Եւ իրաւ, ամէն ինչ վնաս կը համարեմ՝ համեմատած այն գերազանց շահին հետ, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալն է։ Այդ գիտութիւնը ունենալու համար՝ ամէն ինչ թողուցի, ոչնչութիւն սեպելով, որպէսզի Քրիստոսը շահիմ,
9 եւ կատարելապէս անոր միանամ։ Այնպէս որ, իմ արդարութիւնս այլեւս Օրէնքի գործադրութենէն չի՛ գար, այլ՝ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատքէս, եւ այդ արդարութիւնը Աստուծմէ եկած արդարութիւնն է, հիմնուած՝ հաւատքի վրայ։
10 Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով,
11 որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու։
12 Չեմ ըսեր թէ արդէն յաջողած եւ կատարելութեան հասած եմ, բայց հասնելու կը ձգտիմ, որովհետեւ ճիշդ ատոր համար Քրիստոս Յիսուս զիս պահեց։
13 Եղբայրնե՛ր, ինքզինքս դեռ կատարելութեան հասած չեմ համարեր. բայց կ՚աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ,
14 եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով։
15 Արդ, մենքոր կատարեալ ենք՝ նոյն ձեւով խորհինք։ Իսկ եթէ դուք որոշ կէտերու շուրջ տարբեր կը խորհիք, Աստուած ինք ձեզ պիտի լուսաբանէ։
16 Ամէն պարագայի, միասնաբար քալենք այն կանոններով, որոնցմով ընթացանք մինչեւ հիմա։
17 Եղբայրներ, ինծի՛ նմանեցէք, եւ հետեւեցէք անոնց՝ որոնք ձեզի տուած մեր օրինակով կ՚ընթանան։
18 Որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կ՚ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ՚ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին։
19 Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց Աստուածը իրենց փորն է։ Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին։
20 Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս,
21 որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել։