Philemon 12019

1Ես՝ Պօղոս, որ Յիսուս Քրիստոսի համար բանտը կը գտնուիմ, եւ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս, կը գրենք քեզի, սիրելի՛ Փիլիմոն, մեր գործակիցը.

2նաեւ Ապֆիային, մեր քրոջ, եւ Արքիպպոսին, որ մեր կողքին պայքարեցաւ Աւետարանին համար, եւ քու տունդ հաւաքուող եկեղեցիին ։

3Թող մեր Հայրը՝ Աստուած եւ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։

4Աղօթքներուս մէջ միշտ կը յիշեմ քեզ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ,

5լսելով քու հաւատքիդ եւ սիրոյդ մասին՝ որ ունիս Տէր Յիսուսի եւ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հանդէպ։

6Կ՚ուզեմ նաեւ որ հաւատքէդ թելադրուած բարեգործութիւնը ի գործ դնես, գիտնալով բոլոր այն բարիքները որ ունինք Քրիստոս Յիսուսով։

7Իսկապէս շատ ուրախացայ եւ մխիթարուեցայ, լսելով քու ցուցաբերած սիրոյդ մասին, եղբա՛յրս, որովհետեւ լսեցի որ շատ մը հաւատացեալ եղբայրներու սիրտերը հանգստացուցեր ես։

8Ատոր համար ալ ամենայն վստահութեամբ կրնայի, որպէս քրիստոնեայ եղբայր, հրամայել քեզի՝ ինչ որ պէտք է.

9բայց սէրը կը ստիպէ որ աղաչեմ, ես՝ Պօղոսս, որ ծերացած մարդ մըն եմ եւ հիմա բանտը կը գտնուիմ Յիսուս Քրիստոսի համար։

10Կ՚աղաչեմ Քրիստոսով իմ զաւակիս՝ Ոնեսիմոսին համար, որուն հոգեւոր հայր եղայ բանտարկուած վիճակովս։

11Անցեալին անիկա անօգուտ էր քեզի, մինչ հիմա օգտակար է՝ թէ՛ քեզի եւ թէ՛ ինծի։

12Զայն ետ քեզի ղրկեցի, եւ կ՚ուզեմ որ զայն ընդունիս որպէս իմ սրտիս մէկ մասը։

13Կ՚ուզէի զինք իմ քովս պահել, որպէսզի քու տեղդ օգնէր ինծի, որքան ատեն որ բանտարկուած կը մնամ Աւետարանին սիրոյն,

14բայց առանց քու հաւանութեանդ չուզեցի բան մը ընել, որպէսզի ընելիք բարիքդ իմ կողմէս պարտադրուած չըլլայ, այլ՝ քու կամքովդ եղած ըլլայ։

15Թերեւս Ոնեսիմոս ժամանակաւոր կերպով բաժնուեցաւ քեզմէ, որպէսզի յաւիտենապէս ունենաս զայն,

16ո՛չ իբրեւ ստրուկ, այլ՝ ստրուկէն շատ վեր՝ իբրեւ սիրելի եղբայր։ Եթէ ինծի սիրելի է, որքա՜ն աւելի սիրելի պէտք է ըլլայ քեզի, թէ՛ իբրեւ ստրուկ եւ թէ՛ Տիրոջմով իբրեւ եղբայր։

17Հետեւաբար, եթէ զիս բարեկամ կը նկատես՝ ընդունէ՛ զայն, այնպէս՝ ինչպէս զիս պիտի ընդունէիր։

18Եւ եթէ ոեւէ ձեւով քեզ անիրաւած է կամ ոեւէ բան պարտական է քեզի, իմ հաշւոյս անցուր։

19Ահա ես, Պօղոս, իմ ձեռքովս է որ կը գրեմ.– Ես պիտի վճարեմ։ Տակաւին չեմ ըսեր, թէ դուն ալ քու անձդ ինծի կը պարտիս։

20Այո՛, եղբայրս, Տիրոջ սիրոյն այս բարիքը ըրէ՛ ինծի։ Հանգստացո՛ւր սիրտս, Քրիստոսի սիրոյն։

21Հնազանդութեանդ վստահելով է որ գրեցի քեզի, որովհետեւ գիտեմ թէ ըսածս աւելիով պիտի ընես։

22Միեւնոյն ատեն ինծի ալ տեղ պատրաստէ, որովհետեւ յոյս ունիմ որ Աստուած ձեր աղօթքներուն շնորհիւ զիս դարձեալ կը պարգեւէ ձեզի։

23Քեզի բարեւ ունի Եպաֆրասը, որ Քրիստոս Յիսուսի համար բանտարկուած է ինծի հետ։

24Նոյնպէս քեզի բարեւներ ունին միւս գործակիցներս՝ Մարկոսը, Արիստարքոսը, Դեմասը եւ Ղուկասը։

25Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Philemon 1.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.