Bible

Focus

On Your Ministry and Not Your Media

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Mark 3

:
Armenian - 2019
1 Յիսուս դարձեալ ժողովարան մտաւ, ուր մարդ մը կար, որուն ձեռքը գօսացած էր։
2 Շատեր կը սպասէին՝ տեսնելու թէ Յիսուս Շաբաթ օրով պիտի բժշկէ՞ մարդը, որպէսզի ամբաստանեն զայն։
3 Յիսուս ըսաւ ձեռքը գօսացած մարդուն. Ոտքի՛ ել եւ մէջտեղ կեցիր։
4 Ապա միւսներուն ըսաւ. Մեր Օրէնքը Շաբաթ օրով ի՞նչ ընել կը թոյլատրէ. բարի՞ք գործել, թէ չարիք, կեանք մը փրկե՞լ թէ կորսնցնել։ Եւ անոնք լուռ մնացին։
5 Ապա Յիսուս վրդոված նայուածք մը նետեց շուրջիններուն վրայ՝ ցաւելով անոնց մտքի կուրութեան վրայ եւ ըսաւ մարդուն. Ձե՛ռքդ երկարէ։ Անիկա ձեռքը երկարեց եւ ահա գօսացած ձեռքը առողջացաւ։
6 Ասոր վրայ Փարիսեցիները եւ Հերովդէսի կողմնակիցները անմիջապէս դուրս ելան եւ կը խորհրդակցէին թէ ի՛նչպէս սպաննեն զայն։
7 Յիսուս իր աշակերտներուն հետ գնաց Գալիլեայի լիճին եզերքը։ Գալիլեայէն, Հրէաստանէն,
8 Երուսաղէմէն, Եդոմէն, Անդր–Յորդանանէն, Տիւրոսէն եւ Սիդոնէն բազմաթիւ ժողովուրդ լսելով Յիսուսի ըրածներուն մասին, իրեն կու գային։
9 Ժողովուրդը ա՛յնքան շատ էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ նաւակ մը պատրաստեն, որպէսզի ժողովուրդը զինք չհրմշտկէ։
10 Որովհետեւ շատեր բժշկած ըլլալուն՝ բոլոր հիւանդները իր շուրջ կը խռնուէին, որպէսզի իրեն դպչին։
11 Իսկ չար ոգիները երբ զինք կը տեսնէին, կ՚իյնային իր առջեւ եւ կ՚աղաղակէին. «Դուն Աստուծոյ Որդին ես»։
12 Յիսուս խստիւ կը սաստէր զանոնք, որ իր ինքնութիւնը չյայտնեն։
13 Յիսուս լեռ ելաւ եւ իր մօտ կանչեց իր հետեւորդներէն անոնք որ ինք ուզեց։ Անոնք իր մօտ գացին
14 եւ Յիսուս անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց, որպէսզի իրեն հետ միասին ըլլան, քարոզելու ղրկուին,
15 ինչպէս նաեւ իշխանութիւն ունենան հիւանդները բժշկելու եւ չարոգիները հանելու։
16 Տասներկու աշակերտներն էին՝ Սիմոնը, որ Պետրոս անուանեց,
17 Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսն ու եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք Բոաներգես, այսինքն Որոտացող Մարդիկ կոչեց,
18 Անդրէասը, Փիլիպպոսը, Բարթողոմէոսը, մաքսաւոր Մատթէոսը, Թովմասը, Ալփէոսի որդին Յակոբոսը, Թադէոսը, Նախանձայոյզ Սիմոնը
19 եւ Իսկարիոտացի Յուդան, որ զինք մատնեց։
20 Յետոյ Յիսուս եւ աշակերտները տուն դարձան։ Ժողովուրդը դարձեալ իրենց շուրջ հաւաքուեցաւ, այնպէս որ նոյնիսկ ուտելու ժամանակ չունեցան։
21 Երբ իր ընտանիքի անդամները լսեցին՝ ելան որ զինք բռնեն, որովհետեւ կ՚ըսէին՝ թէ խելագարեր է։
22 Օրէնքի ուսուցիչները, որոնք Երուսաղէմէն եկած էին, կ՚ըսէին՝ թէ դեւերու իշխանը՝ Բէեղզեբուղը իր մէջ մտած է եւ թէ անոր զօրութեամբ է որ դեւերը կը հանէ։
23 Յիսուս իր խօսքը անոնց ուղղեց եւ առակներով խօսելով՝ ըսաւ. Ինչպէ՞ս Սատանան կրնայ իր գործակալը դուրս հանել։
24 Եթէ թագաւորութիւն մը ինքն իր մէջ բաժան– բաժան ըլլայ, այդ թագաւորութիւնը չի՛ կրնար կանգուն մնալ։
25 Նոյնպէս ալ, եթէ ընտանիք մը ինքն իր մէջ բաժնուած ըլլայ, այդ ընտանիքը չի՛ կրնար կանգուն մնալ։
26 Ուրեմն, եթէ Սատանան ինքն իր դէմ ելած եւ բաժնուած է, չի՛ կրնար դիմանալ, այլ իր իշխանութեան վախճանը եկած է։
27 Ոչ ոք կրնայ զօրաւոր մէկու մը տունը մտնել եւ անոր ստացուածքը կողոպտել, եթէ նախապէս այդ զօրաւոր մարդը չկապէ։ Անկէ ետք է որ անոր տունը կը կողոպտէ։
28 Լա՛ւ գիտցէք, մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէ իրենց այդ բոլորը,
29 բայց յաւիտեան պիտի չներէ՛ անոր՝ որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ, այսինքն՝ կը նախատէ, որովհետեւ ըրածը յաւիտենական մեղք է։
30 Յիսուս ասիկա ըսաւ, որովհետեւ կ՚ըսէին՝ «Չար ոգի կայ իր մէջ»։
31 Յիսուսի մայրն ու եղբայրները եկան եւ դուրսը կեցած՝ մարդ ղրկեցին որ կանչեն զինք։
32 Հոն ժողովուրդը իր շուրջ նստած էր։ Երբ իմացուցին իրեն, թէ «Ահա մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ քեզ կ՚ուզեն»,
33 Յիսուս պատասխանեց. Ո՞վ է մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս։
34 Ապա շուրջը նստողներուն նայելով՝ ըսաւ. Ահա՛ւասիկ մայրս ու եղբայրներս։
35 Որովհետեւ ա՛ն որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս։