Bible

Say Goodbye

To Clunky Software & Sunday Tech Stress!

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Luke 9

:
Armenian - 2019
1 Յիսուս կանչեց տասներկու աշակերտները եւ անոնցզօրութիւն եւ իշխանութիւն տուաւ բոլոր չար ոգիները հանելու եւ հիւանդութիւնները բժշկելու։
2 Ապա զանոնք ղրկեց որ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեն եւ հիւանդները բժշկեն։
3 Եւ անոնց ըսաւ. Ճամբու համար ձեզի հետ ո՛չ մէկ բան առէք. ո՛չ գաւազան, ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ դրամ, ո՛չ ալ աւելորդ հագուստ ունեցէք։
4 Ո՛ր տունը որ մտնէք, հոն իջեւանեցէք՝ մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ։
5 Իսկերբ դուրս ելլէք այն քաղաքէն, որուն բնակիչները ձեզ չեն ընդունած, ձեր ոտքի փոշին թօթուեցէք՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։
6 Աշակերտները մեկնելով՝ սկսան շրջիլ քաղաքներն ու գիւղերը՝ Աւետարանը քարոզելով եւ հիւանդները բժշկելով ամէն տեղ։
7 Երբ Հերովդէս չորրորդապետ լսեց բոլոր պատահածները, զարմանքի մատնուեցաւ, որովհետեւ ոմանք կ՚ըսէին՝ թէ Յովհաննէս Մկրտիչ մեռելներէն յարութիւն առեր է,
8 ուրիշներ կ՚ըսէին՝ թէ Եղիան յայտնուեր է եւ ոմանք ալ՝ թէ նախկին մարգարէներէն մէկը յարութիւն առեր է։
9 Հերովդէս ըսաւ. Յովհաննէսը ես գլխատել տուի, իսկ ասիկա ո՞վ է, որուն մասին այս տեսակ բաներ կը լսեմ։ Եւ կ՚ուզէր Յիսուսը տեսնել։
10 Առաքեալները վերադարձան եւ ի՛նչ որ ըրած էին՝ պատմեցին Յիսուսի։ Յիսուս զանոնք առաւ եւ քաշուեցաւ Բեթսայիդա քաղաքին մօտիկ ամայի վայր մը։
11 Ժողովուրդը երբ գիտցաւ՝ հետեւեցաւ իրեն։ Յիսուս ընդունեց զանոնք եւ սկսաւ անոնց քարոզել Աստուծոյ արքայութեան մասին։ Իսկ անոնք որոնք բժշկութեան պէտք ունէին՝ բժշկեց։
12 Երբ օրը կ՚իրիկնանար, տասներկու աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին. Արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերն ու ագարակները, հանգչին եւ ուտելիք գտնեն, որովհետեւ հոս ամայի տեղ ենք։
13 Յիսուս անոնց ըսաւ. Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։ Անոնք ըսին. Ամբողջ մեր ունեցածը հինգ հաց եւ երկու ձուկ է. բայց եթէ կ՚ուզես՝ կ՚երթանք ժողովուրդին համար բաւականաչափ կերակուր կը գնենք։
14 Որովհետեւ շուրջ հինգ հազար մարդ կար։ Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ. Նստեցուցէք զանոնք յիսունական հոգինոց խումբերով։
15 Անոնք կատարեցին հրահանգը եւ նստեցուցին բոլորն ալ։
16 Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ՝ որ բաժնեն ժողովուրդին։
17 Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։
18 Օր մը Յիսուս առանձին կ՚աղօթէր։ Իրեն հետ էին նաեւ իր աշակերտները ։ Անոնց հարցուց. Ժողովուրդը իմ մասիս ի՞նչ կ՚ըսէ. ո՞վ եմ ես։
19 Անոնք պատասխանեցին. Ոմանք կ՚ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն թէ նախկին մարգարէներէն մէկն ես, որ յարութիւն առած է։
20 Յիսուս հարցուց անոնց, Իսկ դո՞ւք ինչ կ՚ըսէք իմ մասիս։ Պետրոս պատասխանեց. Դուն Աստուծոյ Օծեալն ես, Քրիստոսը ։
21 Յիսուս խստիւ պատուիրեց անոնց, որ ոեւէ մէկուն չըսեն ասիկա։
22 Ապա աւելցուց. Մարդու Որդին պէտք է որ շատ չարչարուի եւ մերժուի աւագ քահանաներէն, երէցներէն եւ Օրէնքի ուսուցիչներէն. զինք պիտիսպաննեն, եւ սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։
23 Եւ բոլորին ըսաւ. Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ։
24 Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցէ զայն, եւ ով որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն։
25 Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ կամ ինքզինքին վնասէ։
26 Ով որ զիս եւ կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ՝ Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ, երբ գայ իր փառքով, ինչպէս նաեւ իր Հօր եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքով։
27 Արդարեւ կ՚ըսեմ ձեզի, թէ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին՝ մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը։
28 Այս խօսքերը ըսելէ շուրջ ութը օրեր ետք, Յիսուս իր հետ առնելով Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, լեռ ելաւ աղօթելու։
29 Եւ մինչ կ՚աղօթէր, անոր դէմքը այլակերպեցաւ եւ հագուստը փայլուն սպիտակ գոյն առաւ։
30 Ֆ Եւ ահա երկու հոգիներ՝ Մովսէսն ու Եղիան երեւցան իրենց փառքով, կը խօսէին Յիսուսի հետ՝ իր մահուան մասին, որ պիտի պատահէր Երուսաղէմի մէջ։
31 ...
32 Պետրոսի եւ իրեն ընկերացողներուն աչքերը քունով ծանրացած էին, բայց սթափեցան եւ տեսան Յիսուսի փառքը եւ երկու մարդիկը, որոնք անոր հետ էին։
33 Երբ Մովսէս ու Եղիա կը մեկնէին, Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. Վարդապե՛տ, լաւ է որ հոս մնանք. երեք վրաններ շինենք՝ մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար։ Սակայն չէր գիտեր թէ ի՞նչ կ՚ըսէր։
34 Տակաւին Պետրոս կը խօսէր, երբ ամպ մը եկաւ եւ շուքի տակ առաւ զանոնք։ Աշակերտները վախցան, երբ ամպը ծածկեց զիրենք։
35 Ամպին մէջէնլսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր. Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք։
36 Մինչ այս ձայնը կը լսուէր, Յիսուս առանձին էր։ Աշակերտները այդ օրերուն լուռ մնացին եւ ոեւէ մէկուն չպատմեցին իրենց տեսածներուն մասին։
37 Յաջորդ օր, երբ Յիսուս իր երեք աշակերտներով լեռնէն կ՚իջնէր, խուռն բազմութիւն մը դէմը ելաւ։
38 Ժողովուրդէն մէկը բարձրաղաղակ ըսաւ. է Վարդապե՛տ, կ՚աղաչե՜մ, նայէ՛ զաւակիս, մէկ հատիկս է։
39 Չար ոգին կը բռնէ զինք եւ յանկարծ պոռալ կու տայ. կը զգետնէ զինք, տապլտկիլ կու տայ՝ բերանը փրփրեցնելով եւ դժուարաւ կը հեռանայ իրմէ՝ խորտակելէ ետք զինք։
40 Աշակերտներէդ խնդրեցի որ հանեն չար ոգին, բայց չկրցան։
41 Յիսուս պատասխանեց. Ո՜վ անհաւատ եւ մոլորեալ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ. մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի հանդուրժեմ։ Հո՛ս բեր զաւակդ։
42 Մինչ տղան կը մօտենար, չար ոգին զայն զգետնեց եւ զօրաւոր կերպով ցնցեց։
43 Յիսուս սաստեց չար ոգին եւ տղան բժշկելով յանձնեց հօրը։ Բոլորն ալ հիացած մնացին Աստուծոյ մեծ զօրութեան վրայ։ Մինչ ժողովուրդը կը զարմանար Յիսուսի կատարած գործերուն վրայ, իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ.
44 Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը։
45 Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան։ Միւս կողմէ ալ՝ կը վախնային իրեն հարցնելու այս մասին։
46 Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը։
47 Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝
48 ըսաւ. Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդունած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը։ Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը։
49 Յովհաննէս ըսաւ. Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր։
50 Յիսուս ըսաւ. Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է։
51 Եւ երբ աշխարհէն վերանալու ժամանակը հասաւ, Յիսուս որոշեց Երուսաղէմ երթալ։
52 Իրմէ առաջ պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին եւ մտան Սամարիայի գիւղերէն մէկը՝ պատրաստութիւն տեսնելու համար։
53 Սակայն ժողովուրդը զինք չընդունեց, քանի Յիսուս դէպի Երուսաղէմ կ՚ուղղուէր։
54 Երբ իր աշակերտներէն Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը տեսան ասիկա, ըսին. Տէ՛ր, կ՚ուզե՞ս ըսենք որ երկինքէն կրակ տեղայ եւ սպաննէ զանոնք։
55 Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զիրենք, ըսելով. Չէ՛ք գիտեր թէ ի՛նչ տեսակ հոգիի կը պատկանիք։ Որովհետեւ Մարդու Որդին չեկաւ մարդիկը կորսնցնելու, այլ՝ զանոնք փրկելու։
56 Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին։
57 Մինչ ճամբու վրայ էին, մէկը ըսաւ Յիսուսի. Ուր որ երթաս՝ ետեւէդ պիտի գամ։
58 Յիսուս պատասխանեց. Աղուէսները որջ ունին, երկինքի թռչունները՝ բոյն, սակայն Մարդու Որդին գլուխը հանգչեցնելիք տեղ չունի։
59 Ուրիշի մըն ալ ըսաւ. Հետեւէ՛ ինծի։ Ան ըսաւ. Տէ՛ր, թոյլ տուր որ նախ երթամ եւ թաղեմ հայրս։
60 Յիսուս պատասխանեց. Ձգէ՛ որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները, իսկ դուն գնա՛ եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ։
61 Ուրիշ մը ըսաւ. Տէ՛ր, պիտի հետեւիմ քեզի, բայց թոյլ տուր որ նախ երթամ ընտանիքէս հրաժեշտ առնեմ։
62 Յիսուս պատասխանեց. Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ Աստուծոյ թագաւորութեան։