Bible

Power Up

Your Services with User-Friendly Software

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Luke 7

:
Armenian - 2019
1 Յիսուս ժողովուրդին իր բոլոր ըսելիքները վերջացնելէ ետք Կափառնաում գնաց։
2 Հոն Հռոմայեցի հարիւրապետ մը կար, որուն ծառան, որ շատ սիրելի էր իրեն, մահամերձ հիւանդ էր։
3 Հարիւրապետը երբ լսեց Յիսուսի մասին, քանի մը Հրեայ երէցներ ղրկեց անոր, խնդրելով որ գայ եւ փրկէ ծառան։
4 Երէցները եկան Յիսուսի մօտ եւ թախանձագին խնդրելով, ըսին. Արժանաւոր մէկուն է որ բարիք պիտի ընես.
5 անիկա մեր ազգը կը սիրէ եւ ինքն էր որ մեզի համար ժողովարան շինեց։
6 Յիսուս անոնց հետ գնաց։ Երբ մօտեցած էր տան, հարիւրապետը իր բարեկամները ղրկեց, որպէսզի անոր ըսեն. Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր. ես արժանի չեմ քեզ իմ յարկիս տակ ընդունելու.
7 ահա թէ ինչո՛ւ ինքզինքս արժանի չգտայ քեզի գալու։ Միայն հրահանգ մը տուր եւ ծառան պիտի առողջանայ։
8 Որովհետեւ ես ալ, որպէս իշխանութեան ենթակայ մարդ մը՝ ձեռքիս տակ զինուորներ ունիմ. մէկուն կ՚ըսեմ՝ «Գնա՛» եւ կ՚երթայ, ուրիշի մը կ՚ըսեմ՝ «Եկո՛ւր» եւ կու գայ. ծառայիս կ՚ըսեմ՝ «Ատիկա ըրէ» եւ կը կատարէ։
9 Յիսուս երբ լսեց ասիկա, հիացաւ անոր վրայ, եւ դառնալով իրեն հետեւող բազմութեան, ըսաւ. Իրապէ՛ս կ՚ըսեմ ձեզի, թէ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ այսչափ հաւատք չգտայ։
10 Պատգամաւորները տուն վերադարձան եւ հիւանդ ծառան բժշկուած գտան։
11 Յաջորդ օր Յիսուս ճամբայ ելաւ՝ Նային կոչուած քաղաքը երթալու համար։ Իրեն կ՚ընկերանային իր աշակերտները եւ բազմաթիւ ժողովուրդ։
12 Հազիւ քաղաքին դարպասին մօտեցած էր, ահա անկէ դուրս կը հանէին մեռել մը, որ այրի մօր մը մէկ հատիկ զաւակն էր։ Քաղաքի ժողովուրդէն շատեր անոր կը հետեւէին։
13 Տէրը երբ կինը տեսաւ, գթաց անոր եւ ըսաւ. Մի՛ լար։
14 Ապա մօտեցաւ եւ դպաւ դագաղին։ Դագաղը շալկողները կանգ առին։ Յիսուս ըսաւ. Պատանի՛, քեզի կ՚ըսեմ՝ ե՛լ։
15 Մեռած պատանին ելաւ նստաւ եւ սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս զայն յանձնեց մօրը։
16 Բոլորն ալ վախցան եւ փառաւորեցին զԱստուած՝ ըսելով. Մեծ մարգարէ մը յայտնուեր է մեր մէջ, Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու եկեր է։
17 Եւ Յիսուսի մասին այս լուրերը տարածուեցան Հրէաստանի եւ անոր շրջակայքին մէջ։
18 Երբ Յովհաննէսի աշակերտները այս բոլորին մասին պատմեցին իրեն,
19 Յովհաննէս իր աշակերտներէն երկուքը քովը կանչելով՝ զանոնք Յիսուսի ղրկեց, հարցնելու համար. Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք։
20 Աշակերտները եկան եւ Յիսուսի ըսին. Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ քովդ ղրկեց՝ հարցնելու համար, թէ «Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք»։
21 Նոյն այդ ժամուն Յիսուս շատեր իրենց հիւանդութիւններէն, ցաւերէն եւ չար ոգիներէն բժշկեց, ինչպէս նաեւ շատ մը կոյրերու տեսողութիւն պարգեւեց։
22 Ապա Յովհաննէսի ղրկած երկու աշակերտներուն ըսաւ. Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ տեսաքու լսեցիք. ահա կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն եւ Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի։
23 Երանի՜ անոր որ իմ պատճառովս իր հաւատքը չի կորսնցներ։
24 Երբ Յովհաննէսի պատգամաւորները մեկնեցան, Յիսուս Յովհաննէսի մասին սկսաւ խօսիլ ժողովուրդին, ըսելով. Ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատ. հովէն շարժող եղէ՞գ մը։
25 Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. փափուկ հագուստներ հագած մա՞րդ մը։ Բայց անոնք որ փառաւոր հագուստ կը հագնին եւ ճոխութեան մէջ կ՚ապրին, անոնք արքունի պալատներուն մէջ են։
26 Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. մարգարէ՞ մը։ Այո՛, վստա՛հ եղէք, նոյնիսկ աւելի քան մարգարէ մը։
27 Որովհետեւ Յովհաննէսի մասին է որ մարգարէութեան մէջ Տէրը կ՚ըսէ.– «Ահա պատգամաւորս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»։
28 Վստահ եղէք, մարդոց մէջ Յովհաննէսէն մեծ մարգարէ չէ ծնած, սակայն Աստուծոյ արքայութեան մէջ յետին եղողը Յովհաննէսէն աւելի մեծ է։
29 Ամբողջ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ մաքսաւորները, որոնք մկրտուած էին Յովհաննէսէն, երբ այս խօսքերը լսեցին՝ ճանչցան Աստուծոյ արդար ծրագիրը։
30 Իսկ Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները, որոնք Յովհաննէսէն չէին մկրտուած, մերժեցին ինչ որ Աստուած ծրագրած էր իրենց համար։
31 Ապա Յիսուս շարունակեց. Որո՞ւ նմանցնեմ այս սերունդի մարդիկը. որո՞ւ կը նմանին։
32 Կը նմանին այն փոքրիկներուն, որոնք հրապարակի վրայ կը նստին եւ իրարու ձայն կու տան, ըսելով. «Մենք նուագեցինք՝ բայց դուք չպարեցիք. ողբի երգեր երգեցինք՝ բայց դուք չլացիք»։
33 Յովհաննէս Մ կրտիչը եկաւ, ո՛չ հաց կ՚ուտէր, ոչ գինի կը խմէր, կ՚ըսէք. «Դիւահար է»։
34 Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ ու կը խմէ, եւ կ՚ըսէք. «Ուտող ու խմող է այս մարդը, մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն՝ բարեկամ»։
35 Բայց արդարութեան հետեւորդները կրնան հասկնալ Աստուծոյ իմաստութիւնը։
36 Փարիսեցիներէն մէկը Յիսուսէն կը խնդրէր որ միասին ճաշեն։ Յիսուս գնաց անոր տունը եւ նստաւ ուտելու։
37 Քաղաքին մէջ պոռնիկ կին մը կար, որ երբ լսեց թէ Յիսուս Փարիսեցիին տունն է, անուշահոտ ազնիւ իւղի շիշ մը առնելով՝ Փարիսեցիին տունը եկաւ.
38 ետեւի կողմէն Յիսուսի ոտքերուն մօտ կեցած՝ կու լար, արցունքներով անոր ոտքերը կը թրջէր եւ մազերով կը սրբէր, կը համբուրէր ոտքերը եւ իւղով կ՚օծէր զանոնք։
39 Փարիսեցին, որ հրաւիրած էր Յիսուսը, ասիկա տեսնելով՝ ինքնիրեն կ՚ըսէր. Եթէ այս մարդը մարգարէ ըլլար, պէտք է գիտնար թէ ո՛վ է իրեն մօտեցող այս կինը, եւ թէ ի՛նչպիսի մեղաւոր կեանք մը կ՚ապրի ան։
40 Յիսուս Փարիսեցիին ըսաւ. Սիմո՛ն, քեզի ըսելիք մը ունիմ։ Ըսէ՛, Վարդապետ, է ըսաւ ան։
41 Յիսուս ըսաւ. Երկու հոգիներ փոխատուի մը դրամ պարտական էին. մէկը հինգ հարիւր արծաթ դրամ, միւսը՝ յիսուն։
42 Երբ անոնք չկրցան դրամը վերադարձնել, պարտատէրը երկուքին ալ պարտքը ջնջեց։ Հիմա դո՛ւն ըսէ, այս երկու պարտապաններէն ո՞ր մէկը աւելի պիտի սիրէ զայն։
43 Սիմոն պատասխանեց. Ինծի այնպէս կը թուի թէ ան՝ որուն աւելի շատ շնորհեց։ Ճի՛շդ դատեցիր, է ըսաւ Յիսուս։
44 Ապա դառնալով դէպի կինը, շարունակեց. –Սիմո՛ն, կը տեսնե՞ս այս կինը։ Տունդ մտայ, բայց ոտքերս լուալու համար ջուր չտուիր, մինչ ասիկա իր արցունքներով ոտքերս թրջեց եւ մազերովը սրբեց։
45 Դուն բարի գալուստի համբոյր մը չտուիր ինծի, մինչ ասիկա տունդ մտնելէս ի վեր չդադրեցաւ ոտքերս համբուրելէ։
46 Դուն գլուխս իւղով չօծեցիր, մինչ ասիկա ոտքերս օծեց անուշահոտ իւղով։
47 Ուստի կ՚ըսեմ քեզի, քանի զիս շատ սիրեց՝ ներուած են անոր բազմաթիւ մեղքերը։ Որովհետեւ անոր որ աւելի կը ներուի՝ անիկա աւելի սէր ցոյց կու տայ, իսկ անոր որ քիչ կը ներուի՝ աւելի քիչ կը սիրէ։
48 Ապա կնոջ դառնալով՝ ըսաւ. Մեղքերդ ներուած են։
49 Անոնք որոնք միասին նստած էին, սկսան իրենք իրենց ըսել. Ո՞վ է այս մարդը, որ նոյնիսկ մեղքերը կը ներէ։
50 Իսկ Յիսուս կնոջ ըսաւ. Հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա։