Luke 23
1 Ասոր վրայ բոլորը մէկ ոտքի ելան։ Յիսուսը տարին Պիղատոսի մօտ
2 եւ սկսան ամբաստանել զայն, ըսելով. – Մենք տեսանք որ այս մարդը մեր ժողովուրդը կը մոլորեցնէր եւ կ՚արգիլէր կայսրին տուրք տալ, ինչպէս նաեւ իր անձին համար կ՚ըսէր՝ թէ ինք Քրիստոսն է, օծեալ թագաւորը։
3 Պիղատոս հարցուց Յիսուսի. – Դո՞ւն ես Հրեաներու թագաւորը։ Յիսուս անոր պատասխանեց. – Ահա դուն կ՚ըսես։
4 Ապա Պիղատոս աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդին ըսաւ. – Այս մարդուն վրայ յանցանք չեմ գտներ։
5 Սակայն անոնք կը պնդէին ու կ՚ըսէին. – Անիկա իր ուսուցումներով ամբողջ ժողովուրդը ըմբոստութեան կը մղէ ամբողջ Հրէաստանի մէջ, Գալիլեայէն սկսեալ մինչեւ հոս։
6 Պիղատոս երբ Գալիլեա անունը լսեց, հարցուց. – Այս մարդը Գալիլեացի՞ է։
7 Եւ երբ գիտցաւ որ Հերովդէսի իշխանութեան հպատակ է, զայն ղրկել տուաւ Հերովդէսի, որ ինք ալ այդ օրերուն Երուսաղէմ կը գտնուէր։
8 Հերովդէս շատ ուրախացաւ երբ տեսաւ Յիսուսը, որովհետեւ շատ յաճախ լսելով անոր մասին, երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ուզէր տեսնել զայն եւ կը յուսար որ անիկա իր ներկայութեան հրաշք մը կը գործէ։
9 Հերովդէս շատ մը հարցումներ ըրաւ Յիսուսի, սակայն անիկա բնաւ չէր պատասխաներ։
10 Աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները կեցած էին հոն եւ աւելի բուռն ամբաստանութիւններ կ՚ընէին անոր դէմ։
11 Հերովդէս ալ իր զինուորներուն հետ նախատեց Յիսուսը եւ զայն ծաղրելու համար փառաւոր պատմուճան մը հագցուց անոր եւ վերստին Պիղատոսի ղրկեց։
12 Այդ օր Պիղատոս եւ Հերովդէս, որոնք նախապէս թշնամիներ էին, բարեկամ դարձան։
13 Պիղատոս իր մօտ կանչեց աւագ քահանաները, իշխաններն ու ժողովուրդը
14 եւ ըսաւ անոնց. – Դուք այս մարդը ինծի բերիք, ըսելով թէ ժողովուրդը ապստամբութեան կը մղէ։ Ահա ձեր ներկայութեան ես հարցաքննեցի զայն եւ իր մասին ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն ո՛չ մէկ բան գտայ իր վրայ։
15 Զայն Հերովդէսի ղրկեցի, եւ ան ալ յանցանք չգտաւ։ Այս մարդը մահուան արժանի բան կատարած չէ ուրեմն։
16 Ես անոր պատիժ մը տամ եւ արձակեմ։
17 Պիղատոս ամէն Զատիկի տօնին պէտք էր որ բանտարկեալ մը ազատ արձակէր։
18 Ամբողջ ամբոխը աղաղակեց. – Սպաննէ՛ զայն։ Կ՚ուզենք որ Բարաբբան ազատ արձակես։
19 Բարաբբան բանտարկուած էր, որովհետեւ քաղաքին մէջ խռովութիւն յարուցած էր եւ մէկը սպաննած։
20 Պիղատոս դարձեալ ժողովուրդին խօսեցաւ, որովհետեւ կ՚ուզէր Յիսուսը ազատ արձակել։
21 Սակայն անոնք նորէն կ՚աղաղակէին. – Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն։
22 Պիղատոս երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. – Բայց այս մարդը ի՞նչ յանցանք գործած է։ Մահուան արժանի ո՛չ մէկ բան գտայ իր վրայ։ Ուստի անոր պատիժ մը տամ եւ արձակեմ։
23 Սակայն անոնք բարձրաձայն կանչերով կը պնդէին ու կը պահանջէին որ խաչուի։ Երբ ժողովուրդին եւ աւագ քահանաներուն աղաղակները զօրացան,
24 Պիղատոս տեղի տուաւ անոնց պահանջներուն։
25 Եւ իրենց պահանջքին համաձայն՝ ազատ արձակեց Բարաբբան, որ խռովութիւն յարուցած ըլլալուն եւ մարդասպանութեան համար բանտարկուած էր. իսկ Յիսուսը յանձնեց անոնց, որպէսզի իրենց ուզածը ընեն։
26 Երբ զինուորները Յիսուսը առած կը տանէին, ճամբուն վրայ բռնեցին Կիւրենացի Սիմոն անունով մէկը, որ արտէն կու գար, եւ անոր ուսերուն դրին խաչը, որպէսզի Յիսուսի ետեւէն տանի։
27 Հսկայ բազմութիւն մը կը հետեւէր Յիսուսի։ Կիներ կուլային ու կ՚ողբային իր վրայ։
28 Յիսուս անոնց դառնալով ըսաւ. – Երուսաղէմի՛ աղջիկներ, մի՛ լաք իմ վրաս, այլ լացէք դուք ձեր եւ ձեր զաւակներուն վրայ։
29 Որովհետեւ օրեր պիտի գան, երբ մարդիկ պիտի ըսեն. «Երանի՜ ամուլներուն, այն կիներուն՝ որոնք զաւակ չծնան եւ չդիեցուցին»։
30 Այն ատեն մարդիկ լեռներուն պիտի ըսեն՝ «Մեր վրայ ինկէք». «Մեզ ծածկեցէք»,– պիտի ըսեն բլուրներուն։
31 Որովհետեւ եթէ այսպէս կը վարուին դալար փայտին հետ, հապա ի՞նչ պիտի ընեն չորին։
32 Երկու այլ չարագործներ ալ բերին, որպէսզի Յիսուսի հետ սպաննուին
33 Երբ հասան Գանկ կոչուած վայրը, հոն խաչեցին Յիսուսը եւ երկու չարագործները՝ մէկը անոր աջ կողմը, իսկ միւսը՝ ձախ։
34 Յիսուս ըսաւ. – Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն։ Ապա զինուորներըվիճակ ձգելով անոր հագուստները բաժնեցին իրենց միջեւ։
35 Ժողովուրդը կեցած կը դիտէր, մինչ իշխանները անոնց հետ կը հեգնէին զայն, ըսելով. – Ուրիշները ազատեց. թող ինքզինք ալ ազատէ, եթէ իրապէս Քրիստոսն՝ է ինք, Աստուծոյ ընտրեալ Որդին։
36 Զինուորներն ալ կը ծաղրէին եւ դիմացը գալով քացախ կու տային
37 ու կ՚ըսէին. է Եթէ Հրեաներու թագաւորն ես՝ դուն քեզ ազատէ՛։
38 Իր խաչին վրայ Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբրայերէն արձանագրութիւն մըն ալ կար.է «Ասիկա է Հրեաներու թագաւորը»։
39 Կախուած չարագործներէն մէկը կը նախատէր զայն, ըսելով. է Դուն չե՞ս Քրիստոսը, ազատէ թէ՛ դուն քեզ, թէ՛ մեզ։
40 Բայց միւս չարագործը սաստեց զայն եւ ըսաւ. – Աստուծմէ չե՞ս վախնար, դուն՝ որ նոյն պատիժը կը կրես։
41 Տակաւին մեր պատիժը իրաւացի է, որովհետեւ մենք մեր ըրածին արժանի հատուցումն է որ կը ստանանք, մինչդեռ ասիկա գէշ բան մը չէ ըրած։
42 Եւ ապա ըսաւ Յիսուսի. – Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութեամբդ գաս։
43 Յիսուս ըսաւ անոր. – Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ։
44 Գրեթէ կէսօր էր, երբ արեւը խաւարեցաւ եւ ամբողջ երկիրը խաւարի մէջ մնաց մինչեւ ժամը երեք։
45 Տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։
46 Այն ատեն Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ. – Հա՛յր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս։ Այս խօսքը ըսաւ եւ հոգին աւանդեց։
47 Հարիւրապետը պատահածը տեսնելով՝ զԱստուած փառաւորեց, ըսելով. – Իրապէս որ այս մարդը արդար էր։
48 Եւ բոլորն ալ, որոնք եկած էին դիտելու, երբ տեսան պատահածները, իրենց կուրծքը ծեծելով տուն դարձան։ Այնտեղ, հեռուն կեցած էին
49 Յիսուսի բոլոր ծանօթները, ինչպէս նաեւ այն կիները, որոնք Գալիլեայէն իրեն հետեւած էին, եւ կը դիտէին եղածները։
50 Հրէաստանի Արիմաթեա քաղաքէն Յովսէփ անուն մարդ մը կար, որ բարեգործ եւ արդար էր եւ որ կը սպասէր Աստուծոյթագաւորութեան։
51 Հակառակ անոր որ Հրեաներուն Ատեանին անդամ էր, սակայն անոնց որոշումին եւ կատարածին համաձայն չէր եղած։
52 Ասիկա գնաց Պիղատոսի մօտ եւ խնդրեց որ Յիսուսի մարմինը իրեն տրուի։
53 Ապա խաչէն իջեցուցզայն, պատանքով փաթթեց եւ դրաւ զայն ժայռափոր գերեզմանի մը մէջ, ուր նախապէս ոեւէ մէկը չէր թաղուած։
54 Օրը Ուրբաթ էր եւ Շաբաթ օրը պիտի սկսէր։
55 Կիները, որոնք Գալիլեայէն Յիսուսի հետեւած էին, Յովսէփի հետ գացին, տեսան գերեզմանը եւ թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։
56 Ապա տուն վերադարձան եւ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին։ Եւ Շաբաթ օրը հանգիստ ըրին, ինչպէս որ Օրէնքը կը պատուիրէ։