Luke 22
1 Մօտեցած էր Բաղարջակերաց տօնը, որ Զատիկկը կոչուի։
2 Աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան Յիսուսը ծածկաբար սպաննելու հնարք մը փնտռել, քանի ժողովուրդէն կը վախնային։
3 Ապա Սատանան մտաւ Իսկարիոտացի կոչուած Յուդային մէջ, որ տասներկու աշակերտներէն մէկն էր։
4 Ասիկա գնաց եւ խօսեցաւ աւագ քահանաներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ տաճարի պահակապետներուն հետ, որպէսզի Յիսուսը անոնց յանձնէ։
5 Անոնք շատ ուրախացան եւ խոստացան դրամ տալ իրեն։
6 Յուդա համաձայնեցաւ եւ յարմար առիթ մը կը փնտռէր, որպէսզի Յիսուսը մատնէ անոնց՝ ժողովուրդէն ծածուկ։
7 Եկաւ Բաղարջակերաց օրը, երբ պէտք էր որ Զատիկին համար գառնուկը մորթուէր։
8 Յիսուս Պետրոսն ու Յովհաննէսը ղրկեց՝ պատուիրելով. – Գացէք եւ զատկական ընթրիքը պատրաստեցէք, որպէսզի ուտենք։
9 Անոնք հարցուցին. – Ո՞ւր կ՚ուզես որ ընթրիքը պատրաստենք։
10 Յիսուս ըսաւ. – Հազիւ քաղաք մտած՝ մարդու մը պիտի հանդիպիք, որ ջուրի սափոր մը շալկած է։ Հետեւեցէ՛ք անոր եւ մտէք այն տունը ուր ինք կը մտնէ,
11 եւ տանտիրոջ ըսէք. « Վարդապետը կ՚ըսէ, թէ ո՛ւր է սենեակը ուր ես աշակերտներուսհետ զատկական ընթրիքը պիտի ուտեմ»։
12 Անիկա վերնայարկը մեծ եւ կահաւորուած սենեակ մը ցոյց պիտի տայ ձեզի։ Հոն պատրաստեցէք ընթրիքը։
13 Անոնք գացին եւ ամէն ինչ գտան Յիսուսի ըսածինպէս եւ պատրաստեցին զատկական ընթրիքը։
14 Երբ ժամը հասաւ, Յիսուս տասներկու առաքեալներուն հետ սեղան բազմեցաւ, եւ ըսաւ անոնց. –
15 Շատ փափաքեցայ զատկական այս ընթրիքը ձեզի հետ ընել չարչարուելէս առաջ։
16 Բայց կ՚ըսեմ ձեզի, թէ այլեւս ասկէ պիտի չուտեմ, մինչեւ որ ճշմարիտ Զատիկը կատարուի Աստուծոյ արքայութեան մէջ։
17 Ապա գինիի բաժակը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ ըսաւ. – Առէ՛ք ասիկա եւ իրարու փոխանցեցէք՝ խմելով ասկէ։
18 Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ասկէ ետք գինի պիտի չխմեմ, մինչեւ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ։
19 Ապա հաց առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ըսելով. – Ասիկա մարմինս է, որ ձեզի համար տրուած է։ Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար։
20 Նոյնպէս, ընթրիքէն ետք, բաժակն ալ առաւ եւ ըսաւ. – Այս բաժակը Աստուծոյ նոր ուխտն է, կնքուած իմ արիւնովս, որ ձեզի համար կը հոսի։
21 Բայց ահա զիս մատնողը ինծի հետ սեղան նստած է։
22 Ճիշդ է որ Մարդու Որդին պիտի մեռնի՝ ինչպէս որ Աստուած սահմանած է, բայց վա՜յ այն մարդուն որ զայն կը մատնէ։
23 Անոնք սկսան իրարու հարցնել թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի ընէ ատիկա։
24 Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մեծը։
25 Յիսուս անոնց ըսաւ. – Ազգերու թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ։
26 Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս։
27 Ո՞վ է մեծը. սեղան բազմո՞ղը թէ սպասաւորը։ Անշուշտ որ սեղան բազմողը։ Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ։
28 Դուք միշտ քովս մնացիք փորձութիւններուս ընթացքին,
29 եւ ես ահա կը խոստանամ թագաւորութիւն տալ ձեզի, ինչպէս Հայրս ինծի տալ խոստացաւ։
30 Իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը։
31 Ապա Տէրը ըսաւ. – Սիմո՛ն, Սիմո՛ն, ահա Սատանան ուզեց ձեզ ցորենի պէս մաղէ անցընել.
32 բայց ես քեզի համար աղօթեցի, որ հաւատքդ չտկարանայ. եւ երբ կրկին ինծի դառնաս՝ եղբայրներդ ալ քաջալերես։
33 Պետրոս ըսաւ. – Տէ՛ր, պատրաստ եմ քեզի հետ թէ՛ բանտ երթալու եւ թէ՛ մեռնելու։
34 Յիսուս ըսաւ. – Պետրո՛ս, քեզի կ՚ըսեմ՝ որ այսօր աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով որ զիս չես ճանչնար։
35 Ապա Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ. – Երբ ձեզ առանց քսակի, ճամբու պարկի եւ կօշիկի ղրկեցի, արդեօք բանի մը պէտք ունեցա՞ք։
36 Անոնք պատասխանեցին. – Ո՛չ մէկ բանի։ Եւ ըսաւ. – Բայց այժմ, ով որ քսակ կամ ճամբու պարկ ունի, թող առնէ։ Իսկ ան որ սուր չունի՝ թող իր վերարկուն ծախէ եւ իրեն համար սուր գնէ։
37 Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ իմ մասիս Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուածը, թէ՝ «Չարագործներուն կարգին դասուեցաւ», պէտք է իրականանայ, որովհետեւ ինչ որ իմ մասիս գրուած է՝ ահա կը կատարուի։
38 Աշակերտները ըսին. – Տէ՛ր, ահաւասիկ հոս երկու սուր կայ։ Յիսուս ըսաւ. – Կը բաւէ՛։
39 Ապա Յիսուսիր սովորութեան համաձայն ելաւ գնաց Ձիթենեաց լեռ։ Աշակերտներն ալ իրեն հետեւեցան։
40 Երբ հոն հասաւ, ըսաւ անոնց. – Աղօթեցէք որ փորձութեան մէջ չիյնաք։
41 Իսկ ինք քարընկէց մը հեռացաւ անոնցմէ, ծունկի եկաւ եւ աղօթեց,
42 ըսելով. – Հա՛յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ. բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող ըլլայ։
43 Երկինքէն իրեն հրեշտակ մը երեւցաւ, որ զինք կը զօրացնէր։
44 Տագնապի մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէր, եւ քրտինքը արիւնի կաթիլներու պէս ոլոռ–ոլոռ գետին կը հոսէր։
45 Աղօթքէն ելլելով՝ Յիսուս աշակերտներուն մօտ եկաւ եւ զանոնք իրենց տրտմութենէն յոգնած, քնացած գտաւ
46 եւ ըսաւ. – Ինչո՞ւ կը քնանաք. ելէք եւ աղօթեցէ՛ք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք։
47 Տակաւին կը խօսէր, երբ ահա հասաւ ամբոխ մը՝ Յուդայի առաջնորդութեամբ, որ տասներկու աշակերտներէն էր։ Յուդա երբ մօտեցաւ Յիսուսի, համբուրեց զայն։ Որովհետեւ մատնիչը անոնց նշան տուած էր, ըսելով. – Ով որ համբուրեմ՝ անիկա է Յիսուսը. ձերբակալեցէք զայն։
48 Յիսուս ըսաւ անոր. – Յուդա՛, համբուրելո՞վ կը մատնես Մարդու Որդին։
49 Աշակերտները, որոնք Յիսուսի շուրջն էին եւ պատահածը տեսան, ըսին անոր. – Տէ՛ր, սուրով զարնե՞նք անոնց։
50 Աշակերտներէն մէկը Քահանայապետին ծառային զարկաւ եւ անոր աջ ականջը կտրեց։
51 Յիսուս ըսաւ. – Կեցէ՛ք, կը բաւէ՛։ Ապա դպաւ ծառային ականջին եւ բժշկեց զայն։
52 Իսկ աւագ քահանաներուն, տաճարի սպաներուն եւ երէցներուն, որոնք եկած էին զինք ձերբակալելու, ըսաւ. – Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով ու բիրերով վրաս կը յարձակիք։
53 Ամէն օր ձեզի հետ էի տաճարին մէջ եւ չփորձեցիք զիս ձերբակալել։ Բայց ասիկա ահա ձեր ժամն է, խաւարի իշխանութեան ժամը։
54 Անոնք ձերբակալեցին Յիսուսը եւ բերին Քահանայապետին տունը։ Պետրոս հեռուէն կ՚երթար անոր ետեւէն։
55 Երբ գաւիթին մէջտեղը կրակ վառեցին եւ շուրջը նստան, Պետրոս ալ անոնց մէջ տեղաւորուեցաւ։
56 Աղախին մը, տեսնելով Պետրոսը, որ կրակին մօտ նստեր էր, շեշտակի նայեցաւ անոր եւ ըսաւ. – Ասիկա ալ անոր հետ էր։
57 Պետրոս ուրացաւ եւ ըսաւ. – Ո՛վ կին, չե՛մ ճանչնար զայն։
58 Քիչ ետք ուրիշ մէկն ալ զինք տեսաւ եւ ըսաւ. – Դո՛ւն ալ անոնցմէ ես։ Պետրոս ըսաւ. – Ո՛վ մարդ, ես անոնցմէ չեմ։
59 Շուրջ ժամ մը ետք, ուրիշ մէկն ալ կը պնդէր ու կ՚ըսէր. – Ճի՛շդ է, ասիկա ալ անոր հետ էր, որովհետեւ Գալիլեացի է։
60 Պետրոս ըսաւ. – Ո՛վ մարդ, չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսիս։ Եւ անմիջապէս, մինչ Պետրոս ասիկա կ՚ըսէր, աքաղաղը կանչեց։
61 Տէրը դարձաւ եւ նայեցաւ Պետրոսի։ Իսկ Պետրոս յիշեց Տիրոջ խօսքը որ ըսած էր իրեն, թէ «Տակաւին աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով թէ զիս չես ճանչնար»։
62 Դուրս ելաւ եւ լացաւ դառնագին։
63 Այն մարդիկը, որոնք Յիսուսի վրայ պահակ կեցած էին, կը ծաղրէին զինք եւ կը ծեծէին։
64 Դէմքը կը ծածկէին, կը զարնէին ու կը հարցնէին. – Գիտցի՛ր, ո՞վ է քեզի զարնողը։
65 Եւ ուրիշ շատ մը հայհոյալից խօսքերով կը նախատէին զինք։
66 Երբ առաւօտ եղաւ, ժողովուրդին երէցները, աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները հաւաքուեցան, Յիսուսը բերել տուին իրենց Ատեանը
67 եւ ըսին անոր. – Եթէ դուն ես Քրիստոսը, ըսէ՛ մեզի։ Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ ըսեմ՝ պիտի չհաւատաք,
68 եւ եթէ հարցում ընեմ ձեզի՝ պատասխան պիտի չտաք եւ ոչ ալ պիտի արձակէք զիս։
69 Բայց ասկէ ետք Մարդու Որդին պիտի նստի ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը։
70 Բոլորը ըսին. – Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես։ Յիսուս պատասխանեց. – Դուք կ՚ըսէք արդէն որ ես եմ։
71 Անոնք ըսին. – Ալ ի՞նչ պէտք կայ վկայութեան, որովհետեւ մենք անձամբ լսեցինք ի՛ր իսկ բերնէն։