Luke 15
1 Շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ Յիսուսի կու գային՝ զինք լսելու համար։
2 Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան տրտնջալ, ըսելով. – Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ այս մարդը մեղաւորները կ՚ընդունի եւ անոնց հետ կը ճաշէ։
3 Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց անոնց. –
4 Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը արօտավայրին մէջ եւ չ՚ե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն։
5 Եւ երբ գտնէ՝ ուրախութեամբ իր ուսերուն վրայ կը դնէ
6 եւ տուն կը դառնայ, կը կանչէ իր բարեկամներն ու դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսուած ոչխարս գտայ»։
7 Կ՚ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին։ –
8 Կամ ենթադրենք թէ կին մը տասը արծաթ դահեկան ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, ճրագը չի՞ վառեր եւ տունը ուշադրութեամբ չ՚ա՞ւլեր, մինչեւ որ դահեկանը գտնէ։
9 Եւ երբ գտնէ, կը կանչէ իր բարեկամուհիներն ու դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսնցուցած դահեկանս գտայ»։
10 Կ՚ըսեմ ձեզի, Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ՚ապաշխարէ։
11 Ապա շարունակեց. – Մարդ մը երկու զաւակ ունէր։
12 Կրտսերը հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի ինկած բաժինը հիմա՛ տուր ինծի»։ Եւ հայրը իր զաւակներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցածը։
13 Քանի մը օր ետք, կրտսեր զաւակը առաւ իր ամբողջ հարստութիւնը եւ հեռու երկիր մը գնաց։ Հոն անառակ կեանք մը ապրելով՝ մսխեց հարստութիւնը
14 եւ սպառեց իր ամբողջ ունեցածը։ Պատահեցաւ որ այդ երկրին մէջ մեծ սով մը տիրեց, երբ արդէն ինք սկսած էր աղքատանալ։
15 Ուստի գնաց այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն քով ծառայ եղաւ, եւ անիկա իր ագարակը ղրկեց զինք՝ խոզ արածելու համար։
16 Նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը լեցնելու, սակայն ոչ ոք կու տար իրեն։
17 Երբ անդրադարձաւ իր վիճակին, ինքնիրեն ըսաւ. «Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ։
18 Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.է Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ.
19 այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ»։
20 Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց։ Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց։
21 Որդին հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»։
22 Հայրը իր ծառաներուն հրամայեց. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն։
23 Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախանանք։
24 Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։ Եւ սկսան խրախճանքի։
25 Մինչ այդ, երէց զաւակը ագարակ կը գտնուէր։ Վերադարձին, երբ տան մօտեցաւ, երգի ու պարի ձայներ լսեց։
26 Կանչեց ծառաներէն մէկը եւ հարցուց թէ ի՛նչ կայ։
27 Ծառան ըսաւ իրեն. «Եղբայրդ եկաւ, եւ որովհետեւ ողջ–առողջ վերադարձաւ, հայրդ պարարտ հորթը մորթեց»։
28 Երէց եղբայրը զայրացաւ եւ չուզեց ներս մտնել։ Այս մասին իմանալով, հայրը դուրս ելաւ եւ աղաչեց որ ներս մտնէ։
29 Իսկ անիկա պատասխանեց. «Տարիներէ ի վեր քեզի կը ծառայեմ. ոեւէ մէկ հրահանգդ չանտեսեցի, եւ սակայն նոյնիսկ ուլ մը չտուիր ինծի, որ ուրախանայի բարեկամներուս հետ։
30 Մինչդեռ, երբ եկաւ այդ որդիդ, որ քու ստացուածքդ պոռնիկներուն հետ մսխեց, պարարտ հորթը մորթեցիր անոր համար»։
31 Հայրը ըսաւ. «Տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է։
32 Սակայն հիմա պէտք է ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։