Hebrews 13
1 Եղբայրսիրութիւնը թող մնայուն սկզբունք ըլլայ ձեզի համար։
2 Մի՛ մոռնաք հիւրասէր ըլլալ, որովհետեւ այդպիսով ոմանք առանց գիտնալու հրեշտակներ հիւրասիրեցին։
3 Յիշեցէ՛ք բանտի մէջ եղողները, դուք ձեզ անոնց բանտակից զգալով։ Նոյնպէս յիշեցէք չարչարանքներու մէջ եղողները, դուք ձեզ անոնց տեղ դնելով։
4 Բոլորդ ալ պատուեցէ՛ք ամուսնութիւնը եւ ամուսնական կապը սուրբ պահեցէք, որովհետեւ Աստուած կը դատապարտէ շնացողներն ու պոռնկութիւն ընողները։
5 Դրամասիրութիւնը թող տեղ չունենայ ձեր կեանքին մէջ. գոհացէ՛ք ձեր ունեցածով, որովհետեւ Աստուած ինք կ՚ըսէ. «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»։
6 Այնպէս որ, համարձակօրէն ըսենք.– « Տէրն է իմ օգնականս, հետեւաբար չեմ վախնար. ի՞նչ կրնայ ընել մարդը ինծի»։
7 Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի։ Նայեցէք թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն։
8 Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ — երէկ, այսօր եւ յաւիտեան։
9 Տեսակ–տեսակ օտարոտի ուսուցումներէ մի՛ տարուիք։ Լաւ է որ սիրտը Աստուծոյ շնորհքով ամրապնդուի, քան՝ ուտելիքներու եւ չուտելիքներու վերաբերող կանոններով, որոնց հետեւողները ոեւէ բանով չօգտուեցան։
10 Մենք ունինք սեղան մը, որուն վրայ մատուցուած զոհէն ճաշակելու իրաւունք չունի՛ն հին սրբարանին ծառայող քահանաները ։
11 Արդարեւ, այն անասունները, որոնց արիւնը քահանայապետին ձեռքով սրբարան կը տարուէր՝ իբրեւ մեղքի համար մատուցուած զոհ, անոնց մարմինները բնակութեան վայրէն դուրս տեղ մը կ՚այրըւէին։
12 Ճիշդ այդ պատճառով՝ Յիսուս ի՛նք ալ քաղաքէն դուրս տարուելով չարչարուեցաւ, որպէսզի իր արիւնով սրբէ ժողովուրդին մեղքերը։
13 Արդ, եկէք մենք ալ մեր բնակութեան վայրերէն դուրս գանք եւ իրեն երթանք, մեր վրայ առնելով իր կրած նախատինքները,
14 որովհետեւ հոս՝ այս աշխարհի մէջ մնայուն քաղաք մը չունինք, այլ՝ գալիք երկնաւոր քաղաքին է որ կը ցանկանք։
15 Հետեւաբար, մենք Քրիստոսի միջոցաւ տեւականօրէն օրհներգութիւն մատուցանենք Աստուծոյ՝ իբրեւ զոհ, այսինքն՝ մեր շրթները թող իր անունը դաւանին, իբրեւ լաւագոյն նուէր մեր կողմէ։
16 Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը։
17 Մտի՛կ ըրէք ձեր առաջնորդներուն խօսքը, որովհետեւ անոնք անքուն կը հսկեն ձեր հոգիներուն համար, գիտնալով՝ որ հաշիւ պիտի տան ձեզի համար. եւ հնազանդ եղէք անոնց, որպէսզի ուրախութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը եւ ո՛չ թէ հառաչելով, որովհետեւ ատիկա ձեր օգուտին համար չ՚ըլլար։
18 Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ մեր խիղճը մաքուր է, եւ կ՚ուզենք ամէն բանի մէջ ուղիղը գործել։
19 Մանաւանդ կ՚աղաչեմ որ աղօթէք ինծի համար, որպէսզի կարենամ աւելի շուտ ձեզի վերադառնալ։
20 Թող խաղաղութեան Աստուածը ձեզի կարողութիւն տայ՝ ամէն տեսակ բարեգործութեամբ իր կամքը կատարելու, որովհետեւ ի՛նքն էր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, ան՝ որ իր արիւնով կնքուած յաւիտենական ուխտով Հովուապետ եղաւ ամբողջ հօտին։
21 Աստուած ինչ որ կը կամենայ՝ թող ներգործէ մեր մէջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որուն փա՜ռք յաւիտեանս։ Ամէն։
22 Եղբայրնե՛ր, կ՚աղաչեմ որ լսէք այս կարճ նամակով տուած յորդորներս։
23 Կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս բանտէն արձակուած է հիմա։ Եթէ շուտով մօտս գայ, միասին կու գանք ձեզ տեսնելու։
24 Ողջոյններս հաղորդեցէք ձեր բոլոր առաջնորդներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն։ Իտալիայի եղբայրները կ՚ողջունեն ձեզ։
25 Աստուծոյ շնորհքը բոլորիդ հետ ըլլայ։ Ամէն։