Bible

Create

Inspiring Presentations Without Hassle

Try Risen Media.io Today!

Click Here

Acts 7

:
Armenian - 2019
1 Քահանայապետը հարցուց Ստեփանոսի. –Իրա՞ւ են ըսուածները։
2 Եւ անիկա պատասխանեց. –Եղբայրներ եւ հայրեր, մտի՛կ ըրէք ինծի։ Երբ Աբրահամ, մեր հայրը, տակաւին Միջագետք կ՚ապրէր նախքան Խառան բնակիլը, Աստուած, որուն կը պատկանի փառքը, երեւցաւ անոր եւ ըսաւ.
3 «Ե՛լ քու երկրէդ, ձգէ՛ քու ազգականներդ եւ եկուր բնակէ այնտեղ՝ որ ցոյց պիտի տամ քեզի»։
4 Այն ատեն Աբրահամ Քաղդէացիներու երկրէն ելաւ եւ եկաւ Խառան բնակեցաւ. իսկ Աբրահամի հօր մահուընէն ետք, Աստուած զայն հոնկէ ալ հանեց եւ փոխադրեց այս երկիրը, ուր հիմա դուք կը բնակիք։
5 Այս երկրին մէջ թիզ մը հող իսկ ժառանգութիւն չտուաւ Աբրահամի. սակայն այս երկիրը որպէս բնակավայր խոստացաւ տալ իրեն եւ իրմէ ետք իր սերունդին, երբ դեռ Աբրահամ զաւակ չունէր։
6 Աստուած այսպէս ըսաւ. «Քու սերունդդ պանդուխտ պիտի ըլլայ օտար երկրի մը մէջ. պիտի ստրկացնեն եւ պիտի չարչարեն զայն, չորս հարիւր տարի։
7 Բայց ես ինքս պիտի դատեմ այն ազգը, որուն ստրուկ պիտի ըլլան անոնք,– կ՚ըսէ Աստուած,– որմէ ետք պիտի ելլեն հոնկէ եւ այստեղ պիտի գան զիս պաշտելու համար»։
8 Աստուած թլփատութեան պատուէրը տուաւ Աբրահամին, որպէս ուխտի նշան։ Այնուհետեւ Աբրահամ Իսահակը ծնաւ եւ ութերորդ օրը զայն թլփատեց։ Իսահակ Յակոբը ծնաւ ու թլփատեց, եւ Յակոբ՝ տասներկու նահապետները։
9 Յովսէփի եղբայրները իրեն նախանձելով՝ զայն Եգիպտոս գացող կարաւանին ծախեցին։ Սակայն Աստուած անոր հետ էր.
10 զայն փրկեց բոլոր նեղութիւններէն, Եգիպտոսի թագաւորին՝ փարաւոնի աչքին զայն բարձրացուց իր իմաստութեամբ, եւ Եգիպտոսի ու փարաւոնի տան վրայ իշխան կարգեց։
11 Ապա երաշտ եղաւ ամբողջ Եգիպտոսի եւ Քանաանի մէջ. սաստիկ սով տիրեց եւ մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ։
12 Յակոբ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ուտելիք կարելի է ճարել, հոն ղրկեց իր զաւակները. ասիկա մեր հայրերուն առաջին այցելութիւնն էր Եգիպտոս։
13 Երկրորդ անգամին, Յովսէփ ինքզինք յայտնեց իր եղբայրներուն, եւ փարաւոնը ճանչցաւ անոր ազգատոհմը։
14 Յովսէփ մարդ ղրկեց եւ բերել տուաւ իր հայրը՝ Յակոբը եւ ամբողջ գերդաստանը, ընդամէնը եօթանասուն հինգ հոգի։
15 Յակոբ Եգիպտոս իջաւ եւ հոն ալ վախճանեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ մեր հայրերը,
16 եւ բոլորին ալ մարմինները Սիւքեմ փոխադրուեցան եւ դրուեցան այն քարայրին մէջ, որ Աբրահամ Սիւքեմի մէջ դրամով գնեց Համորի որդիներէն։
17 Մեր ժողովուրդը աճեցաւ եւ բազմացաւ Եգիպտոսի մէջ, մինչեւ մօտեցաւ այն ժամանակը, երբ Աստուած Աբրահամին տուած իր խոստումը պիտի կատարէր։
18 Ապա Եգիպտոսի վրայ իշխեց արքայական ուրիշ տուն մը, որ Յովսէփի տան վայելած իրաւունքները չճանչցաւ։
19 Նոր փարաւոնը մեր ազգին դէմ չարացաւ եւ մեր հայրերը չարչարեց՝ անոնց մանուկները գետը նետել տալով, որպէսզի մեռնին։
20 Այդ ժամանակ էր որ ծնաւ Մովսէս, Աստուծոյ աչքին շնորհալի մանուկ մը, որ նախ երեք ամիս իր հօրը տունը մեծցաւ,
21 իսկ երբ գետը նետեցին՝ փարաւոնին աղջիկը զայն գտաւ, որդեգրեց եւ մեծցուց։
22 Մովսէս եգիպտական ամբողջ իմաստութեամբ կրթուեցաւ եւ ազդեցիկ եղաւ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով։
23 Երբ քառասուն տարիքը բոլորեց, որոշեց իր ազգակից Իսրայէլացիներուն վիճակով հետաքրքրուիլ։
24 Եւ տեսնելով որ անոնցմէ մին կ՚անիրաւուի, զայրացաւ եւ անիրաւուածին վրէժը առաւ՝ սպաննելով Եգիպտացին։
25 Կը խորհէր թէ իր ազգակիցները ասիկա իմանալով՝ պիտի հասկնան, թէ իր ձեռքով Աստուած պիտի փրկէ զիրենք. բայց անոնք չհասկցան։
26 Յաջորդ օրը հանդիպեցաւ երկու ազգակիցներու, որոնք կը կռուէին, եւ փորձեց զանոնք հաշտեցնել, ըսելով. «Ո՛վ մարդիկ, իրարու եղբայրներ էք, ինչո՞ւ զիրար կ՚անիրաւէք»։
27 Իսկ ան որ իր ընկերը կ՚անիրաւէր՝ մէկ կողմ հրեց զինք, պատասխանելով. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան եւ դատաւոր կարգեց։
28 Զի՞ս ալ սպաննել կ՚ուզես, ինչպէս երէկ սպաննեցիր Եգիպտացին»։
29 Այս պատասխանին վրայ Մովսէս փախաւ եւ որպէս պանդուխտ ապրեցաւ Մադիամ կոչուած երկրին մէջ, ուր երկու մանչ զաւակ ունեցաւ։
30 Քառասուն տարիներ ետք, ահա Տիրոջ հրեշտակը իրեն երեւցաւ անապատին մէջ, Սինա լերան մօտիկը, բոցավառ մորենիի մը մէջէն։
31 Մովսէս նախ զարմացաւ իր տեսածին վրայ. ապա երբ մօտեցաւ աւելի լաւ տեսնելու համար, Տիրոջ ձայնը ըսաւ.
32 «Ես քու հայրերուդ Աստուածն եմ. Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի Աստուածը»։ Մովսէս զարհուրած՝ չէր համարձակեր նայիլ։
33 Տէրը անոր հրամայեց. «Կօշիկներդ ոտքերէդ հանէ՛, որովհետեւ այն հողը՝ որուն վրայ կը կանգնիս՝ սուրբ է։
34 Տեսայ Եգիպտոսի մէջ իմ ժողովուրդիս չարչարանքները, լսեցի անոնց հեծութեան ձայնը եւ ահա իջայ որ փրկեմ զանոնք։ Արդ, եկո՛ւր, քեզ Եգիպտոս պիտի ղրկեմ»։
35 Այսպէս, այն Մովսէսը որ մերժեցին, ըսելով՝ «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան եւ դատաւոր կարգեց», Աստուած զայն որպէս իշխան եւ փրկիչ ղրկեց այն հրեշտակին միջոցաւ, որ Մովսէսի երեւցաւ մորենիին մէջէն։
36 Մովսէս Եգիպտոսէն հանեց մեր ժողովուրդը, նշաններ եւ հրաշքներ կատարելով թէ՛ Եգիպտոսի մէջ, թէ՛ Կարմիր Ծովէն անցքին եւ թէ՛ անապատին մէջ քառասուն տարիներու ընթացքին։
37 Նոյն Մովսէսն էր որ Իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ձեր մէջէն Աստուած ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ, անոր մտիկ ըրէք»։
38 Մովսէսն էր որ անապատին մէջ հաւաքուած մեր ժողովուրդին համար միջնորդութիւն կ՚ընէր մեր հայրերուն եւ հրեշտակին միջեւ, որ Սինա լերան վրայ անոր հետ խօսեցաւ։ Ան էր որ Աստուծոյ կենսատու պատգամները տուաւ մեզի։
39 Սակայն մեր հայրերը չուզեցին Մովսէսի հնազանդիլ, այլ՝ անտեսեցին զինք եւ սկսան Եգիպտոսը փնտռել։
40 Ահարոնին ըսին. «Մեզի աստուածներ շինէ, որպէսզի մեզ առաջնորդեն. որովհետեւ չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ այդ Մովսէսը, որ մեզ Եգիպտոսէն հանեց»։
41 Նոյն այդ օրերուն հորթի կերպարանքով կուռք մը շինեցին, անոր զոհ մատուցանեցին եւ իրենց ձեռքով շինուած այդ կուռքով կ՚ուրախանային։
42 Աստուած ալ երես դարձուց իրենցմէ եւ ձգեց որ երկնային մարմինները պաշտեն։ Այդ է պատճառը, որ մարգարէական գիրքը կ՚ըսէ.– «Ո՜վ Իսրայէլացիներ, միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի ձեր զոհերն ու նուէրները ինծի՞ մատուցանեցիք։
43 Մողոքի վրանը եւ Ռեմֆանի՝ աստղ–աստուծոյն պատկերները շինեցիք եւ անոնց երկրպագութիւն ըրիք։ Այդ իսկ պատճառով ձեզ Բաբելոնէն ալ անդին պիտի աքսորեմ»։
44 Գալով Վկայութեան Խորանին, մերհայրերը զայն անապատին մէջ շինեցին այնպէս՝ ինչպէս Մովսէսի հետ խօսող հրեշտակը պատուիրեց, եւ այն օրինակով՝ որ Մովսէսի ցոյց տրուեցաւ։
45 Մեր հայրերը իրենց կարգին զայն ստացան իրենց հայրերէն եւ Յեսուի օրով իրենց հետ բերին այս երկիրը, որ գրաւեցին այն ազգերէն՝ որոնք Աստուծոյ օգնութեամբ դուրս քշուեցան մեր հայրերուն առջեւէն։ Այսպէս, Վկայութեան Խորանը հասաւ մինչեւ Դաւիթի օրերը։
46 Դաւիթ Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցաւ եւ ուզեց յարմար վայր մը գտնել՝ Յակոբի Աստուծոյն տուն մը կանգնելու,
47 Եւ Սողոմոն այս տաճարը շինեց Աստուծոյ համար։
48 Սակայն բարձրեալն Աստուած ձեռագործ տաճարներու մէջ չէ որ կը բնակի, ինչ որ մարգարէն ալ կ՚ըսէ.–
49 «Երկինքն է իմ աթոռս, իսկ երկիրը՝ ոտքերուս պատուանդանը։ Ի՞նչպիսի տուն պիտի շինէք ինծի համար,– կ՚ըսէ Տէրը,– կամ ո՞ւր պիտի ըլլայ իմ հանգստավայրս.
50 Չէ՞ որ այս բոլորը իմ ստեղծածներս են»։
51 Ի՜նչքան յամառ էք դուք, որ բնաւ չէք զղջար եւ Աստուծոյ կանչը չէք լսեր, եւ այսպէս միշտ Սուրբ Հոգիին կը հակառակիք, ինչպէս ձեր հայրերը կ՚ընէին անցեալին։
52 Եղա՞ւ մարգարէ մը որ ձեր հայրերը չհալածեցին։ Անոնք սպաննեցին բոլոր այն մարգարէները, որոնք կանուխէն պատմեցին Արդարին գալուն մասին. այն Արդարին, որ դուք ձեր ձեռքով մահուան դատապարտեցիք եւ սպաննեցիք։
53 Կը պարծենաք որ հրեշտակներու ձեռքով ստացաք Օրէնքը, եւ սակայն բնաւ չկատարեցիք զայն։
54 Այս խօսքերը լսելով, ներկաները ներքնապէս զայրացան եւ սկսան իրենց ակռաները կրճտել անոր դէմ։
55 Մինչ Ստեփանոս, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը երկինք բարձրացուց եւ տեսաւ զԱստուած իր ամբողջ փառքով, ինչպէս նաեւ Յիսուսը՝ Աստուծոյ աջին կանգնած,
56 եւ ըսաւ. –Ահա բացուած է երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին որ Աստուծոյ աջին կանգնած է։
57 Ատեան գտնուողները մեծ աղաղակ բարձրացուցին, գոցեցին իրենց ականջները եւ բոլորը միասին անոր վրայ յարձակեցան։
58 Յետոյ զայն քաղաքէն դուրս հանելով՝ սկսան քարկոծել։ Վկաները իրենց թիկնոցները կը յանձնէին երիտասարդի մը, որ Սօղոս կը կոչուէր։
59 Մինչ անոնք կը քարկոծէին, Ստեփանոս այսպէս կ՚աղօթէր. –Տէ՜ր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս։
60 Յետոյ ծունկի եկաւ եւ բարձրաձայն աղաղակեց. –Տէ՜ր, ներէ՛ իրենց այս մեղքը։ Եւ հազիւ ըսած՝ մահուամբ աչքերը փակեց։