Acts 5
1 Բայց Անանիա անունով մէկը, որուն կինն էր Սափիրա, իր կալուածը ծախեց,
2 եւ իր կնոջ գիտութեամբ դրամին մէկ մասը մէջէն վերցնելով՝ մնացեալ մասը բերաւ յանձնեց առաքեալներուն:
3 Պետրոս հարցուց. –Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանային փորձութեան տեղի տուիր եւ յանդգնեցար Սուրբ Հոգին խաբել՝ արտին դրամին մէջէն մաս մը վերցնելով։
4 Որքան ատեն որ չէիր ծախած՝ քուկդ չէ՞ր. ծախելէդ ետքն ալ կրնայիր զայն քեզի պահել։ Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբեբայութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել։
5 Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ գետին ինկաւ եւ շունչը փչեց։ Մեծ վախ մը պատեց բոլոր անոնք՝ որոնք ներկայ էին ու լսեցին ասիկա։
6 Քանի մը երիտասարդներ ելան պատանքի մէջ փաթթեցին զայն եւ տարին թաղեցին։
7 Մօտ երեք ժամ ետք, Անանիայի կինը, որ պատահածին անտեղեակ էր, ներս մտաւ։
8 Պետրոս անոր հարցուց. –Ըսէ՛ ինծի, ա՞յս գինով ծախեցիք արտը։ Սափիրա պատասխանեց. –Այո՛, այդ գինով։
9 Այն ատեն Պետրոս ըսաւ. –Ինչո՞ւ ամուսինդ եւ դուն որոշեր էք Տիրոջ Հոգին փորձել։ Ահա անոնք՝ որոնք ամուսինդ տարին թաղեցին՝ դրան քով կեցեր են. քեզ ալ պիտի տանին։
10 Վայրկեանին, Սափիրա անոր ոտքերուն առջեւ ինկաւ եւ շունչը փչեց։ Երիտասարդները երբ ներս եկան, զայն մեռած գտնելով՝ տարին եւ իր ամուսինին քովթաղեցին։
11 Մեծ վախ մը պատեց ամբողջ եկեղեցին եւ բոլոր անոնք՝ որ լսեցին այս դէպքը։
12 Երբհաւատացեալներըբոլորըմէկկըխմբուէին Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ, ուրիշ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր իրենց մօտենալ։
13 Բայց եւ այնպէս, ամբողջ ժողովուրդը կը յարգէր զիրենք, եւ հետզհետէ կ՚աւելնար անոնց թիւը, որովհետեւ բազմաթիւ այրեր ու կիներ կը հաւատային Տիրոջ։
14 Առաքեալներուն ձեռքով բազմաթիւ նշաններ ու հրաշքներ կը կատարուէին ժողովուրդին մէջ.
15 այնպէս որ, Պետրոսի անցած ատեն՝ մարդիկ պատգարակներով ու մահիճներով հիւանդներ կը բերէին եւ հրապարակներու վրայ կը դնէին, որպէսզի գոնէ անոր շուքը իյնայ անոնցմէ մէկուն վրայ։
16 Շրջակայ գիւղերէն բազմաթիւ մարդիկ Երուսաղէմ կը հաւաքուէին՝ իրենց հետ բերելով հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ տանջուողներ, որոնք բոլորն ալ կը բժշկուէին։
17 Քահանայապետը եւ իր մարդիկը, որոնք Սադուկեցիներու կրօնական կուսակցութեան անդամներ էին, առաքեալներուն դէմ նախանձով լեցուեցան։
18 Ուստի ձերբակալեցին եւ հասարակաց բանտը դնել տուին զանոնք։
19 Բայց Տիրոջ հրեշտակը գիշեր ատեն բանտին դռները բացաւ եւ զանոնք դուրս հանելով՝ ըսաւ. –
20 Գացէք տաճար եւ այս նոր կեանքի պատգամը տուէք ժողովուրդին։
21 Հրեշտակին խօսքին հնազանդելով, առաքեալները առաւօտ կանուխ տաճար մտան եւ սկսան ուսուցանել։ Միւս կողմէ, քահանայապետն ու իր մարդիկը իրարու քով գալով՝ ժողովի հրաւիրեցին Ատեանը եւ Իսրայէլի ժողովուրդին բոլոր ծերերը ։ Ապա մարդ ղրկեցին բանտ, որպէսզի առաքեալները Ատեան բերեն։
22 Երբ սպասաւորները բանտ եկան եւ զանոնք չգտան, վերադարձան եւ ժողովին պատմեցին,
23 ըսելով. –Երբ գացինք, բանտը կղպանքով ամուր մը փակուած գտանք. պահակներն ալ դրան առջեւ կանգնած էին։ Բայց երբ դուռը բացինք, ներսը մարդ չգտանք։
24 Տաճարին պահակապետն ու աւագ քահանաները այս զեկոյցը իմանալով՝ ապշած մնացին, որովհետեւ չէին գիտեր թէ ինչպէ՛ս բացատրեն առաքեալներուն անհետացումը։
25 Ճիշդ այդ պահուն վրայ հասաւ մէկը եւ անոնց պատմեց. –Այն մարդիկը որ դուք բանտ դրիք, ահա տաճարին մէջ կեցեր ժողովուրդին կը քարոզեն։
26 Այն ատեն պահակապետը եւ իր մարդիկը գացին եւ զանոնք բերին առանց բռնութեան, որովհետեւ ժողովուրդին կողմէ քարկոծուելէ կը վախնային։
27 Զանոնք բերին եւ Ատեան կանգնեցուցին։ Քահանայապետը հարցուց. –
28 Ձեզի խստօրէն չպատուիրեցի՞նք որ այդ մարդուն անունով չքարոզէք. իսկ դուք ահա ամբողջ Երուսաղէմը ձեր վարդապետութեամբ ողողեցիք, եւ կ՚ուզէք մեզ անոր մահուան պատասխանատու բռնել։
29 Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատասխանեցին, ըսելով. –Աստուծոյ պէտք է հնազանդիլ, քան թէ մարդոց։
30 Մեր հայրերուն Աստուածը յարուցանեց Յիսուսը, որ դուք սպաննեցիք՝ խաչափայտէն կախելով։
31 Աստուած իր աջով զայն բարձրացուց, որպէսզի մեր Առաջնորդն ու Փրկիչը ըլլայ, եւ Իսրայէլին ապաշխարութեան առիթ եւ մեղքերուն թողութիւն տայ։
32 Այս իրողութիւններուն վկաներն ենք մենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդողներուն։
33 Երբ անոնք այս խօսքերը լսեցին՝ կատաղութեամբ լեցուեցան, եւ կ՚ուզէին սպաննել զանոնք։
34 Այն ատեն Ատեանին մէջ ոտքի ելաւ Գամաղիէլ անունով մէկը, որ Փարիսեցիներէն էր եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ յարգուած Օրէնքի ուսուցիչ մը, եւ հրամայեց որ նախ առաքեալները դուրս տանին,
35 եւ ապա ժողովականներուն ըսաւ. –Ո՛վ Իսրայէլացիներ, լաւ մտածեցէք եւ ապա որոշում առէք այս մարդոց մասին։
36 Կը յիշէք թէ ժամանակ մը առաջ Թեւդաս անունով մէկը ելաւ, որ ինքզինք երեւելի մէկը կը յայտարարէր, եւ շուրջ չորս հարիւր հոգիներ իրեն միացան. բայց ինք սպաննուեցաւ եւ բոլոր իրեն միացածները քայքայուեցան ու ցրուեցան։
37 Իրմէ ետք Գալիլիացի Յուդա մը ելաւ մարդահամարի օրերուն եւ բազմաթիւ ժողովուրդ ապստամբութեան մղեց իրեն հետ. սակայն ան ալ կորսուեցաւ, եւ բոլոր անոնք որ իրեն յարած էին՝ ցրուեցան։
38 Գալով ասոնց, կ՚ըսեմ ձեզի.– Այդ մարդոցմէ ձեռք քաշեցէք եւ ձգեցէք զիրենք։ Որովհետեւ, եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի.
39 իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար խափանել, եւ թերեւս այդ ձեւով Աստուծոյ դէմ պայքարած կ՚ըլլաք։
40 Ժողովականները հաւանեցան Գամաղիէլի խօսքերուն, եւ առաքեալները կանչել տալով՝ ծեծել տուին. ապա պատուիրելով անոնց՝ որ ա՛լ Յիսուսի անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք։
41 Իսկ առաքեալները Ատեանէն հեռացան, ուրախանալով որ Տիրոջ անունին համար անարգանքի արժանացան։
42 Ամէն օր, թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ իրենց տուներուն մէջ, անդադար կը սորվեցնէին՝ Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով։