Acts 4
1 Մինչ անոնքժողովուրդին կըխօսէին, քահանաներ, տաճարին զօրապետը եւ Սադուկեցիներ վրայ հասան։
2 Անոնք զայրացած էին որ առաքեալները ժողովուրդին կը քարոզէին, յայտարարելով՝ թէ Յիսուսի օրինակով մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։
3 Ուստի ձերբակալեցին զանոնք եւ բանտ դրին՝ յաջորդ օրը դատելու համար, որովհետեւ արդէն իրիկուն էր։
4 Բայց առաքեալներու քարոզութիւնը լսողներէն շատեր հաւատացին, որով հաւատացեալներու թիւը շուրջ հինգ հազարի հասաւ։
5 Յաջորդ օրը, Հրեաներու իշխանները, երէցներն ու Օրէնքի ուսուցիչները Երուսաղէմ հաւաքուեցան։
6 Եկան նաեւ Հաննա եւ Կայիափա քահանայապետները, Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ քահանայապետական ընտանիքի միւս անդամները։
7 Ապա առաքեալները Ատեանին դիմաց կանգնեցուցին եւ սկսան հարցնել. –Ի՞նչ զօրութեամբ կամ որո՞ւ անունով ըրիք այս բժշկութիւնը։
8 Այն ատեն Պետրոս Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ եւ պատասխանեց. –Դուք որ այս ժողովուրդին իշխաններն էք եւ Իսրայէլի երէցները, ըսէք՝ թէ ինչո՛ւ կը դատէք մեզ այսօր.
9 որովհետեւ հիւանդ մարդու մը բարիք ըրինք եւ զինք բժշկեցի՞նք։
10 Ահա կը յայտարարենք ձեր բոլորին եւ Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին, թէ այս մարդը, որ ահաւասիկ ձեր բոլորին դիմաց կանգնած է, առողջացաւ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ դուք խաչեցիք. բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց։
11 Անիկա՛ է Սաղմոսին մէջ ակնարկուած այն քարը, որ դուք՝ շինողներդ արհամարհելով անտեսեցիք, բայց որ անկիւնաքար եղաւ։
12 Միայն անո՛վ կրնաք փրկուիլ։ Աշխարհի մէջ միակն է անիկա, որ Աստուած մարդոց տուաւ, որպէսզի անոր անունով կարենանք փրկուիլ։
13 Ատեանի անդամները Պետրոսի եւ Յովհաննէսի համարձակութիւնը տեսնելով, եւ հասկնալով՝ թէ պարզ եւ անուս մարդիկ են, կը զարմանային։ Եւ համոզուեցան թէ Յիսուսի ընկերակիցներէն էին։
14 Միաժամանակ կը տեսնէին բժշկուած մարդը, որ անոնց կողքին կանգնած էր, եւ չէին կրնար բան մը ըսել։
15 Ուստի հրամայեցին որ առաքեալներն ու բժշկուած մարդը Ատեանէն դուրս ելլեն, իսկ իրենք իրարու միջեւ խորհրդակցեցան,
16 ըսելով. –Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. բացայայտ հրաշք մըն է որ կատարուեցաւ անոնց ձեռքով, եւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները գիտեն այդ մասին. ատիկա չենք կրնար ուրանալ։
17 Բայց որպէսզի ասիկա չտարածուի ժողովուրդին մէջ, սպառնանք իրենց՝ որ այլեւս ոեւէ մէկուն չխօսին Յիսուսի մասին։
18 Ապա ներս կանչեցին զանոնք եւ ազդարարեցին, որ բնաւ Յիսուսի մասին չխօսին ու չքարոզեն։
19 Իսկ Պետրոս եւ Յովհաննէս պատասխանեցին. –Դո՛ւք դատեցէք, թէ Աստուծոյ աչքին ո՛րն է ուղիղը. ձեզի՞ հնազանդիլ, թէ՝ Աստուծոյ։
20 Որովհետեւ մենք չենք կրնար մեր տեսածին ու լսածին մասին չխօսիլ։
21 Ժողովականները սպառնալիք ըրին եւ արձակեցին զանոնք, թէ՛ անոր համար որ պատժելու պատրուակ չգտան եւ թէ՛ ժողովուրդէն զգուշանալով, քանի ամէն մարդ զԱստուած կը փառաւորէր կատարուածին համար.
22 որովհետեւ այն մարդը, որուն վրայ բժշկութեան հրաշքը կատարուեցաւ, քառասուն տարեկանէն վեր էր։
23 Արձակուելէ ետք, Պետրոս եւ Յովհաննէս եկան միացան հաւատացեալներու խումբին եւ պատմեցին այն՝ ինչ որ քահանայապետներն ու երէցները իրենց ըսին։
24 Իսկ անոնք բոլորը միասին աղօթեցին Աստուծոյ, ըսելով. –Տէ՛ր Աստուած, դուն որ երկինքը, երկիրն ու ծովը եւ ասոնց մէջ բնակող բոլոր արարածները ստեղծեցիր,
25 դուն ինքդ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ մեր հօրը՝ քու ծառադ եղող Դաւիթի բերնով ըսիր. «Ինչո՞ւ հեթանոսները զայրացեր են, ինչո՞ւ ժողովուրդները զուր տեղ նենգութիւն խորհեցան։
26 Աշխարհի թագաւորներն ու իշխանները պատրաստուեցան եւ միաբանեցան՝ Տիրոջ եւ անոր Օծեալին դէմ պայքարելու համար»։
27 Արդարեւ, այս քաղաքին մէջ էր որ Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներ եւ Իսրայէլի ժողովուրդը միասին՝ միաբանեցան քու Սուրբ Որդիիդ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր,
28 կատարելու համար այն՝ ինչ որ դուն քու զօրութեամբդ եւ կամքովդ սկիզբէն իսկ սահմանած էիր։
29 Արդ, Տէ՛ր, տե՛ս անոնց ըրած սպառնալիքները, եւ քաջութիւն տուր քու ծառաներուդ, որպէսզի ազատ համարձակ քարոզեն քու խօսքդ։
30 Զօրութիւն տուր մեզի, որպէսզի բժշկութիւններ, նշաններ ու հրաշքներ կատարուին քու Սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի անունով ։
31 Երբ անոնք աղօթեցին, հաւաքատեղին շարժեցաւ. բոլորը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան համարձակ կերպով Աստուծոյ խօսքը քարոզել։
32 Հաւատացեալներու ամբողջ բազմութիւնը մէկ սիրտ մէկ հոգի էր։ Ոեւէ մէկը իր ինչքերուն համար չէր ըսեր թէ իրն են, այլ՝ ամէն ինչ հասարակաց էր իրենց միջեւ։
33 Առաքեալները զօրաւոր կերպով կը վկայէին Տէր Յիսուսի յարութեան, իսկ հաւատացեալները բոլորն ալ Աստուծմէ մեծ շնորհք կը վայելէին։
34 Անոնց մէջ կարօտեալ չկար, որովհետեւ արտ կամ տուն ունեցողները զանոնք կը ծախէին
35 եւ ծախուածներուն դրամը կը յանձնէին առաքեալներուն, որոնք բաշխումը կը կատարէին՝ նայած թէ ով ի՛նչ բանի պէտք ունէր։
36 Այդպիսիներէն մէկն էր, օրինակ, այն Յովսէփը որ առաքեալներուն կողմէ կոչուեցաւ Բառնաբաս, որ կը նշանակէ՝ մէկը որ կը քաջալերէ։ Ասիկա Կիպրոս ծնած Ղեւտացի մըն էր,
37 որ իր ունեցած արտը ծախեց եւ դրամը բերաւ առաքեալներուն յանձնեց։