2 Timothy 32019

1Սա՛ եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերունդժուար ժամանակներ պիտի գան,

2որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող,

3տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի,

4մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ, եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած։

5Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան։ Զգուշացի՛ր անոնցմէ։

6Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները,

7որոնք միշտ կ՚ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր։

8Այնպէս ինչպէս Եանէս եւ Եամբրէս մոգերը Մովսէսի հակառակեցան, միտքով ապականած եւ հաւատքով սնանկ այս մարդիկն ալ ճշմարտութեան կը հակառակին։

9Բայց իրենց յաջողութիւնը երկար չի տեւեր, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը շուտով յայտնի պիտի ըլլայ բոլորին, ճիշդ ինչպէս այն երկուքինը եղաւ։

10Բայց դուն կառչած մնա իմ ուսուցումիս, կեանքի օրինակիս, յօժարութեանս, հաւատքիս, համբերատարութեանս, սիրոյս եւ յարատեւութեանս, որոնք ցուցաբերեցի՝ նոյնիսկ հալածանքներուս եւ չարչարանքներուս մէջ։

11Գիտես թէ ի՛նչ պատահեցաւ ինծի Անտիոքի, Իկոնիոնի եւ Լիստրայի մէջ. թէ ի՛նչպիսի հալածանքներ կրեցի, եւ այդ բոլորէն Տէրը զիս ազատեց։

12Նոյնպէս, բոլոր անոնք որոնք կ՚ուզեն աստուածպաշտութեամբ Քրիստոս Յիսուսի միացած ապրիլ, անպայման հալածանքներու պիտի ենթարկուին։

13Իսկ չար եւ խաբեբայ մարդիկ աւելի եւս պիտի յառաջանան չարութեան մէջ. իրենք մոլորած՝ ուրիշներն ալ պիտի մոլորեցնեն։

14Բայց դուն հաստա՛տ կեցիր քու սորված բաներուդ վրայ, որոնց ճշմարտութեան վստահ ես, որովհետեւ գիտես թէ որոնցմէ սորվեցար։

15Եւ արդէն մանուկ հասակէդ գիտես Սուրբ գիրքերը, որոնք զօրութիւնը ունին քու միտքդ իմաստութեան բանալու՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի հաւատաս եւ փրկուիս։

16Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ՛ սխալը հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբու մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար.

17որպէսզի Աստուծոյ նուիրուած մարդը կատարեալ ըլլայ, ամէն տեսակի բարի գործերու պատրաստ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 2 Timothy 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.