2 Timothy 22019

1Հետեւաբար դուն, որդեա՛կս, Քրիստոս Յիսուսի շնորհքովը զօրացիր,

2եւ այն՝ ինչ որ ես սորվեցուցի բազմաթիւ վկաներու ներկայութեան, նոյն բաները աւանդէ այնպիսի վստահելի մարդոց, որոնք կարող ըլլան ուրիշներուն ալ սորվեցնելու։

3Իբրեւ Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ մէկ զինուորը, պատրաստ եղիր իրեն պէս չարչարուելու։

4Զինուորական ծառայութիւն ընողը քաղաքացիական զբաղումներէն հեռու կը մնայ, իր զօրավարին աչքը մտնելու համար։

5Նոյնպէս ալ, ոեւէ մարզիկ մրցանակին չի կրնար տիրանալ՝ եթէ դրուած կանոններուն համաձայն չմրցի։

6Ծանր աշխատանքը տանող հողագործը նախ ի՛նք արժանի է արտին բերքէն վայելելու։

7Հասկցի՛ր ինչ որ ըսել կ՚ուզեմ, որովհետեւ Տէրը քեզի իմաստութիւն պիտի տայ որ հասկնաս ամէն ինչ։

8Յիշէ՛ մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոս Յիսուսը, որ Դաւիթի սերունդէն էր, իմ քարոզած Աւետարանիս համաձայն։

9Այդ Աւետարանին համար է որ կը չարչարուիմ ահա եւ նոյնիսկ բանտարկուած ալ եմ, չարագործի մը պէս։ Սակայն Աստուծոյ խօսքը կարելի չէ բանտարկել։

10Ատոր համար ալ ամէն բանի կը համբերեմ՝ Աստուծոյ ընտրեալներուն սիրոյն, որպէսզի անոնք եւս Քրիստոս Յիսուսի միանալով՝ հասնին փրկութեան եւ յաւիտենական փառքին ։

11Մէկ բան որոշ է.– Եթէ Քրիստոսի հետ մեռանք՝ իրեն հետ ալ պիտի ապրինք։

12Եթէ համբերենք՝ իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք։ Եթէ զինք ուրանանք՝ ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ։

13Եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չմնանք՝ ինքհաւատարիմ կը մնայ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինքին հակասել։

14Բոլորին յիշեցուր այս բաները, եւ Աստուծոյ ներկայութեան պահանջէ իրենցմէ՝ որ իրարու հետ վէճ ու կռիւ չընեն. բան մը, որ օգուտ չունենալէն զատ՝ լսողներուն ալ հաւատքը կը քանդէ։

15Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ՚ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը։

16Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն։

17Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս։ Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս,

18որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է։

19Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ։ Անոր վրայգրուած է. « Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»։

20Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ ու կաւէ անօթներ։ Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք։

21Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու։

22Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ու սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սրտով կ՚աղօթեն Աստուծոյ։

23Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին։

24Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ՝

25որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան,

26եւ զգաստանալով՝ դուրս գան Սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 2 Timothy 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.