2 Corinthians 42019

1Հետեւաբար չենք յոգնիր այս պաշտօնէն, որ Աստուած մեզի տուաւ իր ողորմութեամբ։

2Հրաժարած ենք վարագոյրի ետին նիւթուած ամօթալի գործերէն, այսինքն՝ խորամանկութիւն ի գործ չենք դներ եւ Աստուծոյ խօսքը չենք նենգափոխեր. այլ բացէ ի բաց ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք, եւ ա՛յսպէս կը ներկայանանք մարդոց առջեւ, ինչպէս պիտի ընէինք Աստուծոյ առջեւ։

3Իսկ հակառակ ասոր, եթէ մեր քարոզութիւնը մութ կը թուի ոմանց, մութ կը թուի միայն անոնց՝ որոնք կորուստի ճամբուն մէջ են։

4Այս աշխարհի “աստուած” ը նկատուած Սատանան կուրցուցած է այդ անհաւատներուն միտքը, որպէսզի չըլլայ որ Աւետարանին բերած լոյսը ծագի անոնց մէջ, այսինքն՝ տեսնեն փառքը Քրիստոսի, որ անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է։

5Սակայն մենք մեր անձերը չէ որ կը քարոզենք, այլ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը կը քարոզենք եւ Յիսուսի սիրոյն մենք մեզ ձեր ծառաները դարձուցած ենք։

6Որովհետեւ Աստուած ինք, որ ըսաւ՝ «Խաւարին մէջ լոյս թող ծագի», ինք մեր սիրտերուն մէջ ծագեցաւ, որպէսզի լուսաւորուինք եւ Աստուծոյ փառքը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ։

7Արդ, այս գանձը մեր մէջ կը կրենք՝ կաւէ անօթներու պէս, որպէսզի յստակօրէն երեւի՝ թէ այս անսահման զօրութիւնը Աստուծմէ է որ կու գայ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ։

8Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատչենք.

9հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք։

10Շարունակ Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի։

11Որքան ատեն որ կ՚ապրինք՝ միշտ մահուան կը մատնուինք Յիսուսի սիրոյն, որպէսզի նաեւ Յիսուսի կեանքը յայտնուի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ։

12Այսպիսով, մահը կը ներգործէ մեր մէջ, որպէսզի կեանքը ներգործէ ձեր մէջ։

13Սաղմոսին մէջ գրուած է. «Հաւատացի.ահա թէ ինչո՛ւ խօսեցայ»։ Հաւատքի նոյն ոգին ունինք մենք։ Մենք ալ կը հաւատանք, ուստի նաեւ կը խօսինք։

14Գիտենք թէ Աստուած՝ որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց, Յիսուսի հետ մեզ եւս պիտի յարուցանէ եւ ձեզմով միասին իր ներկայութեան կանգնեցնէ։

15Այս բոլորը ձեզի համար կ՚ըլլան, որպէսզի փրկութեան շնորհքը աւելի եւ աւելի անձերու վրայ տարածուի, եւ գոհաբանական աղօթքները առատանան՝ Աստուծոյ փառքին համար։

16Ուստի չենք թուլնար բնաւ։ Նոյնիսկ եթէ մարմնապէս հետզհետէ կը քայքայուինք, բայց ներքնապէս կը նորոգուինք օրէ օր։

17Ներկայի մեր կրած այս թեթեւ նեղութիւնը արտակարգօրէն գերազանց եւ յաւիտենական փառք մը կ՚ապահովէ մեզի։

18Եւ մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, այլ՝ հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 2 Corinthians 4.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.