2 Corinthians 112019

1Սակայնկըյուսամքիչմը ներողամիտ կ՚ըլլաք՝ եթէ անմտօրէն ես ալ պարծենամ, ըրածներս յիշեցնելով ձեզի։ Իսկ դուք համբերութեամբ լսեցէք։

2Ես ձեզի հանդէպ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ լեցուած՝ կ՚ուզեմ որ միայն Քրիստոսը սիրէք, ինչպէս մաքուր կոյս մը որ իր սէրը կը վերապահէ անոր՝ որ իր ամուսինը պիտի ըլլայ։

3Բայց կը վախնամ որ ձեր միտքը ապականի եւ հեռանաք Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական եւ մաքուր նուիրումէն, ճիշդ ինչպէս Եւան խաբուեցաւ օձին խորամանկ սուտերէն։

4Կը վախնամ որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը՝ որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի։

5Չեմ գիտեր թէ ես ձեր այդ նշանաւոր “ առաքեալ ” ներէն բանով մը ետ կը մնա՞մ։

6Թէպէտ ճարտար խօսող մը չեմ, բայց խօսածս գիտեմ։ Եւ կարծեմ ատիկա ապացուցանեցի ձեզի ամէն ինչով։

7Արդեօք մե՞ղք գործեցի, որ Աստուծոյ Աւետարանը ձրիօրէն քարոզեցի ձեզի եւ ինքզինքս խոնարհեցուցի՝ ձեզ բարձրացնելու համար։

8Ձեւով մը միւս եկեղեցիները կողոպտած եղայ, ապրուստս անոնցմէ առնելով, որպէսզի ձեզի ծառայեմ ձրի— օրէն։

9Ձեր քով եղած ատենս նոյնիսկ երբ կարիքի մէջ եղայ՝ ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չեղայ. Մակեդոնիայէն եկած եղբայրները հոգացին պէտքերս։ Եւ ինչպէս անցեալին զգուշացայ, ասկէ ետք եւս ամէն կերպով պիտի զգուշանամ ձեզի բեռ ըլլալէ։

10Բայց Քրիստոսի ճշմարտութեամբը, որ իմ ներսիդիս է, կ՚ըսեմ՝ թէ այս բաներով պիտի պարծենամ ամբողջ Աքայիայի մէջ, բոլորին պատմելով։

11Ինչո՞ւ կ՚ըսեմ ասիկա։ Ձեզ չսիրելո՞ւս համար։ Ընդհակառակը, Աստուած գիտէ թէ ո՛րքան ձեզ կը սիրեմ։

12Սակայն կը մերժեմ ձեզմէ նիւթական օգնութիւն ստանալ, եւ պիտի շարունակեմ մերժել, որպէսզի արմատէն կտրած ըլլամ առարկութիւնները անոնց՝ որոնք կը պարծենան թէ իրենք ալ մեզի պէս կ՚աշխատին։

13Սուտ առաքեալներ են անոնք, խաբեբայ մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն իբրեւ Քրիստոսի առաքեալ ներկայանալ մարդոց։

14Եւ զարմանալի ալ չէ, որովհետեւ Սատանան ինքն ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանքով կը ներկայանայ։

15Հետեւաբար երբեք տարօրինակ չէ, որ անոր ծառայողները իրենք ալ արդարութեան ծառաներու կերպարանքով կը ներկայանան։ Իրենց գործերուն համաձայն պիտի ըլլայ նաեւ անոնց պատիժը։

16Դարձեալ կ՚ըսեմ, թող ո՛չ ոք զիս անմիտ համարէ, եթէ պարծենամ. բայց նոյնիսկ անմիտ նկատէք՝ ես պիտի պարծենամ քիչ մը։

17Ինչ որ հիմա՝ պարծեցած ատենս կ՚ըսեմ՝ հաճելի չէ Տիրոջ. բայց պիտի ըսեմ, այնպէս ինչպէս անմիտ մը պիտի խօսէր։

18Քանի ուրիշներ մարդկային նկատումներէ առաջնորդուած կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ,

19որովհետեւ կը տեսնեմ թէ հաճոյքով եւ համբերութեամբ կը լսէք անմիտները, դուք՝ իմաստուններդ։

20Մտիկ կ՚ընէք անոնց՝ որոնք կը խաբեն ձեզ եւ ստրուկի տեղ կը դնեն, կը շահագործեն ու կը կողոպտեն ձեզ, կ՚արհամարհեն ու կ՚ապտակեն ձեզ։

21Ամօթով կ՚ընդունիմ, թէ ես շատ խե՜ղճ եմ եղեր։ Բայց ահա անմտօրէն կ՚ըսեմ.– Եթէ ուրիշներ կը համարձակին պարծենալ՝ ես ալ կը համարձակիմ։

22Եբրայեցի՞ են. ես ալ Եբրայեցի եմ։ Իսրայէլացի՞ են. ես ալ։ Աբրահամի սերո՞ւնդ են. ես ալ եմ։

23Քրիստոսի ծառանե՞րն են. աւելի մեծ յիմարութեամբ կրնամ ըսել՝ թէ ես շա՛տ աւելի Քրիստոսի ծառան եմ։ Իրենցմէ աւելի աշխատած եմ, իրենցմէ աւելի բանտարկուած, շատ աւելի ծեծ կերած եւ բազմաթիւ անգամներ մինչեւ մահուան դուռը հասած։

24Հինգ անգամ ժողովարաններու մէջ քառասունէն մէկ պակաս հարուած կերած եմ Հրեաներէն.

25երեք անգամ խարազանուած եմ Հռոմայեցիներէն. մէկ անգամ քարկոծուած, երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպած եւ լման գիշեր մը եւ ցերեկ մը ծովուն բացերը մնացած։

26Ճամբորդութիւններուս ընթացքին ի՜նչ վտանգներէ անցայ.– յորդած գետեր, աւազակներ. վտանգ՝ թէ՛ ազգակիցներէս եւ թէ՛ հեթանոսներէն, քաղաքներու մէջ, անբնակ վայրերու մէջ թէ ծովերու վրայ, եւ վտանգ՝ սուտ քրիստոնեաներու կողմէ։

27Միշտ ջանքի եւ ծանր աշխատանքի մէջ եղայ, յաճախ անքուն գիշերներ անցընելով, քաղց ու ծարաւ կրելով, յաճախ առանց պատառ մը հացի, ցրտահար ու մերկ։

28Եւ դեռ, թողլով միւս բոլոր նեղութիւնները, իմ վրաս կը ծանրանար նաեւ բոլոր եկեղեցիներուն ամենօրեայ հոգը։

29Մէկը ցա՞ւ մը ունի, ես ալ հետը կը տառապիմ. մէկը հաւատքին մէջ տկարացա՞ւ, ես ալ հետը կը տագնապիմ։

30Եթէ պարծենալ պէտք է՝ իմ տկարութիւններովս պիտի պարծենամ։

31Աստուած, մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Հայրը, որ յաւէտ օրհնեալ է, գիտէ՝ թէ չեմ ստեր։

32Դամասկոսի մէջ, Արետաս թագաւորի նշանակած կառավարիչը զիս ձերբակալելու համար ամբողջ Դամասկոս քաղաքը հսկողութեան տակ առած էր,

33բայց պարիսպին պատուհանէն զիս զամբիւղով իջեցուցին, եւ փախայ անոր ձեռքէն։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 2 Corinthians 11.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.