1Ես, Պօղոս, Քրիստոսիհեզութեամբեւքաղցրութեամբ կը խնդրեմ ձեզմէ.– Կան մարդիկ, որոնք կ՚ըսեն՝ թէ երբ ձեր դիմաց եւ ձեր մէջ կը գտնուիմ՝ կը խեղճանամ, մինչդեռ երբ հեռու եմ՝ խիստ եմ ձեզի հանդէպ։
2Կ՚աղաչեմ, մի՛ ստիպէք որ երբ գամ՝ խստութեամբ վարուիմ։ Եւ վստահաբար կարծր պիտի վարուիմ անոնց հետ՝ որոնք կը կարծեն թէ աշխարհային նկատումներով կ՚առաջնորդուինք։
3Ճիշդ է որ աշխարհի մէջ կ՚ապրինք, բայց աշխարհային նկատումներէ առաջնորդուած չէ որ կը պատերազմինք։
4Պատերազմի մեր զէնքերը աշխարհային չեն, այլ՝ Աստուծոյ զօրաւոր զէնքերն են՝ ամրոցները խորտակելու համար։
5Եւ մենք կը խորտակենք Աստուծոյ գիտութեան դէմ բարձրացած առարկութեանց բոլոր հպարտ պատնէշները եւ բոլոր միտքերը գերելով՝ Քրիստոսի հնազանդութեան կը բերենք։
6Նաեւ պատրաստ ենք ոեւէ անհնազանդութիւն պատժելու, երբ ձեր հնազանդութիւնը ամբողջական ըլլայ։
7Դուք իւրաքանչիւրը իր երեւոյթով կը դիտէք։ Ով որ ներքնապէս համոզուած է թէ ինք Քրիստոսի կը պատկանի, թող դարձեալ հետեւեալը խորհի, թէ ինչպէս որ ինք Քրիստոսի կը պատկանի՝ այնպէս նաեւ մենք Քրիստոսի կը պատկանինք։
8Նոյնիսկ եթէ ուրիշներէն քիչ մը աւելի պարծենամ մեզի տրուած իշխանութեան համար, ամըչնալիք բան մը չունիմ։ Այդ իշխանութիւնը Տէրը ինք տուաւ՝ ձեր հաւատքը ամրապնդելու համար, եւ ո՛չ թէ խորտակելու։
9Ասիկա կ՚ըսեմ, որովհետեւ չեմ ուզեր որ ունենաք այն տպաւորութիւնը՝ թէ նամակներովս ձեզ կը սարսափեցնեմ,
10ինչպէս ոմանք ըսեր են, թէ՝ «Նամակներուն մէջ շատ խիստ է եւ ազդեցիկ, մինչդեռ եթէ իրեն նայիս՝ խեղճուկ է, եւ խօսքերն ալ տպաւորիչ չեն»։
11Այդպէս ըսողը թող լաւ գիտնայ, թէ ինչ որ կ՚ըսենք հեռուէն՝ մեր նամակներով, նոյնը նաեւ գործի պիտի վերածենք՝ երբ ձեզի գանք։
12Անշուշտ չենք համարձակիր մենք մեզ բաղդատել կամ դասել անոնց հետ՝ որոնք ձեր դիմաց իրենք զիրենք կը գովեն։ Ա՜յնքան անմիտ են, որ իրենք իրենցմով կը չափեն եւ իրենք իրենց հետ կը բաղդատեն իրենց անձերը։
13Գալով մեզի, մեր պարծանքը որոշ սահմանէ մը անդին չ՚անցնիր, այլ կը սահմանափակուի այն գործունէութեամբ՝ որ Աստուած որոշած է մեզի համար, եւ այդ սահմանին մէջ կը մտնէ նաեւ ձեր մօտ մեր քարոզութիւնը։
14Արդ, քանի որ դուք Աստուծմէ մեզի որոշուած սահմանին մէջ կը գտնուիք, մենք մեր սահմանէն անդին չենք ուզեր երթալ, որովհետեւ արդէն ձեր մօտ հասանք Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելով։
15Այնպէս որ՝ մենք որոշ սահմանէ մը անդին չենք պարծենար, մանաւանդ ուրիշներու աշխատանքով. բայց կը յուսանք որ ձեր հաւատքը աճի եւ ձեր մօտ մեր աշխատանքը աւելի մեծնայ ու տարածում գտնէ, միշտ Աստուծոյ որոշած սահմանին մէջ։
16Այսպիսով կրնանք Աւետարանը քարոզել նաեւ ձեզմէ անդին գտնուող վայրերու մէջ, առանց ուրիշներու սահմաններուն մէջ կատարուած քարոզութեամբ պարծենալու։
17Որովհետեւ մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»։
18Իսկապէս ընտրուածը ան չէ՛ որ ինքզինք կը գովէ, այլ ան՝ որ Տիրոջ կողմէ կը գովուի։