1Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը։
2Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին
3եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու.
4Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։
5Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը, որ երկինքն էր
6ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն ելան։
7Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն։
8Տաճարը Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները։