Revelation 142017

1Տեսայ, որ Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին [անոր անունը եւ] անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած։

2Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս ու մեծ որոտումի ձայնի մը պէս ու լսած ձայնս քնարահարներուն քնարները զարնելու ձայնին կը նմանէր։

3Եւ նոր երգ մը կ’երգէին աթոռին ու չորս կենդանիներուն ու երէցներուն առջեւ եւ մէ՛կը չէր կրնար այն երգը սորվիլ բացի այն հարիւր քառասունըչորս հազարէն, որոնք երկրէն գնուած էին։

4Ասոնք անոնք են որ կիներու հետ չխառնակուեցան, քանզի կոյս են։ Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու

5եւ անոնց բերանը սուտ չգտնուեցաւ, վասն զի անբիծ են ։

6Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։

7Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։

8Անոր ետեւէն ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ ու ըսաւ. «Ինկա՜ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, վասն զի բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով»։

9Անոնց ետեւէն երրորդ հրեշտակը մըն ալ եկաւ ու մեծ ձայնով մը ըսաւ. «Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի,

10անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեանը գաւաթին մէջ եւ կրակով ու ծծումբով պիտի տանջուի սուրբ հրեշտակներուն առջեւ ու Գառնուկին առջեւ։

11Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ցորեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընեն եւ անոր անուանը դրոշմը կ’ընդունին»։

12Հոս է սուրբերուն համբերութիւնը, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները ու Յիսուսին հաւատքը կը պահեն։

13Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Գրէ՛ Այսուհետեւ երանելի են այն մեռելները՝ որոնք Տէրոջմով կը ննջեն». «Այո՛, կ’ըսէ Հոգին, որ իրենց աշխատութենէն հանգչին ու իրենց գործերը իրենց ետեւէն կ’երթան»։

14Տեսայ ճերմակ ամպ մը ու այն ամպին վրայ մէկը նստեր էր Որդի մարդոյ նման եւ իր գլուխը ոսկիէ պսակ մը ու իր ձեռքը սուր մանգաղ մը ունէր։

15Տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ ամպին վրայ նստողին մեծ ձայնով կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Երկնցո՛ւր քու մանգաղդ ու հնձէ. վասն զի հնձելու ժամանակը եկաւ, վասն զի երկրի հունձքը հասունցած է»։

16Ան որ ամպին վրայ կը նստէր, իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկիրը հնձուեցաւ։

17Ու երկնքին մէջի տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ։ Ասիկա ալ սուր մանգաղ մը ունէր։

18Ու սեղանէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ կրակի վրայ իշխանութիւն ունէր ու մեծ ձայնով կանչեց անոր՝ որ սուր մանգաղը ունէր ու ըսաւ. «Երկնցո՛ւր քու սուր մանգաղդ ու երկրի այգիին ողկոյզները կթէ, վասն զի անոր խաղողները հասունցած են»։

19Այն հրեշտակն ալ իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկրին այգիին խաղողները կթեց ու Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ ձգեց։

20Հնձանը քաղաքէն դուրս կոխուեցաւ ու հնձանէն արիւն կ’ելլէր, որ մինչեւ ձիերուն սանձերը ու հազար վեց հարիւր ասպարէզ կը հասնէր ։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for Revelation 14.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.