1 Thessalonians 42017

1Ալ հիմա, եղբա՛յրներ, ձեզի կ’աղաչենք ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որ ինչպէս մեզմէ սորվեցաք այնպէս քալէք ու Աստուծոյ հաճոյ ըլլաք, ա՛լ աւելի յառաջանաք անոր մէջ։

2Քանզի գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսով։

3Վասն զի Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ.

4ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել.

5ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար։

6Չըլլայ որ այդ բանին մէջ չափէ անցնի մէկը ու իր եղբայրը զրկէ, վասն զի Տէրը այդ բոլոր բաներուն համար վրէժխնդիր է. ինչպէս նախապէս ըսինք ձեզի ու վկայութիւն տուինք։

7Վասն զի Աստուած մեզ պղծութեան չկանչեց, հապա սրբութեան։

8Ուստի ան որ կ’անարգէ՝ ոչ թէ մարդ մը կ’անարգէ, հապա Աստուած՝ որ իր Սուրբ Հոգին ալ մեզի տուաւ։

9Բայց եղբայրսիրութեան մասին պէտք չէ ձեզի բան գրել, վասն զի դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել

10եւ արդէն կը սիրէք դուք Մակեդոնիայի մէջ եղող բոլոր եղբայրները, սակայն կ’աղաչենք ձեզի, եղբա՛յրներ, որ ա՛լ աւելի առատանաք

11եւ ջանաք հանդարտ կենալ ու ամէն մէկդ իր գործը գործէ ու ձեր ձեռքերովը աշխատիք, (ինչպէս ձեզի պատուիրեցինք), որպէս զի դուրսիններուն հետ պարկեշտութեամբ վարուիք ու բանի մը կարօտ չըլլաք։

12Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին։

13Քանզի եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ։

14Վասն զի ասիկա կ’ըսեմ ձեզի՝ Տէրոջը խօսքովը, եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։

15Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։

16Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք։

17Ուստի մէկզմէկ մխիթարեցէք այս խօսքերով։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for 1 Thessalonians 4.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.