1 Thessalonians 32017

1Վերջապէս՝ ա՛լ չկրնալով աւելի համբերել, աղէկ երեւցաւ որ ես առանձինն Աթէնք մնամ,

2բայց Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը ու Աստուծոյ պաշտօնեան եւ մեր գործակիցը Քրիստոսին աւետարանին մէջ՝ ղրկենք ձեզ հաստատելու ու մխիթարելու ձեր հաւատքին համար.

3որպէս զի այս նեղութիւններուն մէջ ձեզմէ մէ՛կը չխախտի. վասն զի դուք ինքնիրեննիդ գիտէք թէ մենք ատոնց համար կեցեր ենք։

4Քանզի երբ մենք ձեր քով էինք, սկիզբէն ձեզի կ’ըսէինք թէ նեղութիւններու պիտի հանդիպինք, ինչպէս եղաւ ալ ու գիտէք։

5Ասոր համար ես ալ չկրնալով աւելի համբերել, մարդ ղրկեցի ձեր հաւատքը գիտնալու, որ չըլլայ թէ փորձողը ձեզ փորձած ըլլայ եւ մեր աշխատութիւնը պարապ ըլլայ։

6Բայց հիմա երբ Տիմոթէոս ձեզմէ մեզի եկաւ ու ձեր հաւատքին եւ սիրոյն աւետիսը մեզի տուաւ, որ ամէն ժամանակ մեր բարի յիշատակը մտքերնիդ պահեր էք եւ կը փափաքիք մեզ տեսնել, ինչպէս մենք ալ՝ ձեզ,

7ասոր համար, եղբա՛յրներ, մխիթարուեցանք մեր բոլոր վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ ձեր հաւատքովը։

8Վասն զի կենդանի կ’ըլլանք՝ եթէ դուք հաստատուն կենաք Տէրոջմով.

9քանզի ի՞նչ գոհութիւն կրնանք մատուցանել Աստուծոյ ձեզի համար եւ այն ամէն ուրախութեանը համար, որ կ’ուրախանանք ձեզի համար մեր Աստուծոյն առջեւ

10եւ գիշեր ու ցորեկ խիստ շատ աղաչանք կ’ընենք ձեր երեսը տեսնելու ու ձեր հաւատքին պակասութիւնները լեցնելու համար։

11Թող Աստուած ինք՝ մեր Հայրը ու մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ուղղէ ձեզի գալու մեր ճամբան։

12Տէրը աճեցնէ ու աւելցնէ ձեր սէրը իրարու վրայ եւ ամենուն վրայ, ինչպէս մենք ալ ձեր վրայ ունինք,

13հաստատելով ձեր սրտերը անարատ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ եւ մեր Հօրը առջեւ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ՝ գալու ատենը։

© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017 © Bible Society in Lebanon 2017

Choose Translation

Switch translation for 1 Thessalonians 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.