Zechariah 3WARMB

1Տէրը ինծի ցուցուց մեծ քահանան Յեսուն, որ Տէրոջը հրեշտակին առջեւ կայներ էր ու Սատանան անոր աջ կողմը կայներ էր՝ անոր դէմ դնելու համար։

2Տէրը Սատանային ըսաւ. «Տէրը թող քեզ յանդիմանէ, ո՛վ Սատանայ։ Երուսաղէմը ընտրող Տէրը թող քեզ յանդիմանէ. միթէ ասիկա կրակէ հանուած խանձող չէ՞»։

3Յեսու աղտոտ հանդերձներ հագեր էր ու հրեշտակին առջեւ կը կայնէր։

4Հրեշտակը իր առջեւ կայնողներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աղտոտ հանդերձները ատոր վրայէն հանեցէ՛ք»։ Անոր ալ ըսաւ. «Նայէ՛, քու անօրէնութիւնդ վրայէդ վերցուցի ու քեզի պատուական զգեստներ պիտի հագցնեմ»։

5Ու ես ըսի. «Անոր գլուխը մաքուր խոյր թող դնեն»։ Անոր գլուխը մաքուր խոյր դրին ու անոր հանդերձներ հագցուցին ու Տէրոջը հրեշտակը կայներ էր։

6Տէրոջը հրեշտակը Յեսուին վկայութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

7‘Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես ու իմ հրամաններս պահես, այն ատեն դուն իմ տունս պիտի կառավարես եւ իմ սրահներս պիտի պահես։ Քեզի այս ներկաներուն մէջէն գործակիցներ՝ ՝ պիտի տամ’։

8Հիմա մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յեսու մեծ քահանայ, դուն ու քու առջեւդ նստող բարեկամներդ, քանզի անոնք իբր նշան տրուած մարդիկ են։ Վասն զի ահա ես իմ ծառաս Շառաւիղը պիտի բերեմ։

9Եւ Յեսուին առջեւ դրուած քարին վրայ եօթը աչք պիտի ըլլայ։ Ես անոր վրայ արձանագրութիւն մը պիտի փորագրեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Այն երկրին անօրէնութիւնը մէկ օրուան մէջ պիտի վերցնեմ։

10Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, ձեզմէ ամէն մէկը իր դրացին իր որթատունկին ու թզենիին տակ պիտի հրաւիրէ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Zechariah 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.