Revelation 21WARMB

1Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար։

2Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ տեսայ, որ երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէր, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած։

3Ու երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը

4Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։

5Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» ու ըսաւ ինծի. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։

6Նաեւ ըսաւ ինծի. «Եղա՛ւ. ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան, Սկիզբն ու Վախճանը. ես ծարաւին ձրի պիտի տամ կենաց ջուրին աղբիւրէն։

7Ան որ կը յաղթէ, ամէն բաները պիտի ժառանգէ ու ես անոր Աստուած պիտի ըլլամ, ան ալ ինծի որդի պիտի ըլլայ։

8Բայց վախկոտներուն ու անհաւատներուն եւ պիղծերուն ու մարդասպաններուն ու պոռնիկներուն եւ կախարդներուն ու կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը կրակով ու ծծումբով վառած լճին մէջ պիտի ըլլայ, որ է երկրորդ մահը»։

9Եօթը վերջին հարուածներով լեցուն եօթը սկաւառակները ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը ինծի եկաւ եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, ցուցնեմ քեզի հարսը, Գառնուկին կինը»։

10Եւ հոգիով մեծ ու բարձր լերան մը վրայ տարաւ զիս եւ ցուցուց ինծի սուրբ Երուսաղէմ քաղաքը, որ երկնքէն՝ Աստուծմէ կ’իջնէր

11Աստուծոյ փառքը ունէր եւ անոր լուսաւորութիւնը խիստ պատուական քարի նման էր, ակնվանիի երեւոյթով յասպիս քարի պէս։

12Անոր պարիսպը մեծ ու բարձր էր- Տասներկու դռներ ունէր ու դռներուն վրայ տասներկու հրեշտակներ կային եւ դռներուն վրայ անուններ գրուած էին՝ այսինքն Իսրայէլի որդիներուն տասներկու ցեղերուն անունները ։

13Արեւելեան կողմէն երեք դուռ ու հիւսիսային կողմէն երեք դուռ եւ հարաւային կողմէն երեք դուռ ու արեւմտեան կողմէն երեք դուռ։

14Քաղաքին պարիսպը տասներկու հիմեր ունէր։ Անոնց վրայ Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն [տասներկու] անունները գրուած էին ։

15Ինծի հետ խօսողը ձեռքը ոսկիէ եղէգ մը ունէր, որպէս զի անով քաղաքը եւ անոր դռները ու անոր պարիսպները չափէ։

16Քաղաքը քառակուսի էր։ Անոր երկայնութիւնը լայնութեանը չափ էր եւ քաղաքը նոյն եղէգով տասներկու հազար ասպարէզ չափեց։ Անոր երկայնութիւնը ու լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը հաւասար էին։

17Անոր պարիսպը հարիւր քառասունըչորս կանգուն չափեց, մարդու չափով, այսինքն հրեշտակին չափովը ։

18Անոր պարիսպին շինուածքը յասպիս քարէ էր ու քաղաքը զուտ ոսկի էր՝ մաքուր ապակիի նման։

19Քաղաքին պարիսպին հիմերը ամէն տեսակ պատուական քարերով զարդարուած էին։ Առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ քաղկեդոն, չորրորդը՝ զմրուխտ,

20Հինգերորդը՝ եղնգնաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ բիւրեղ, իններորդը՝ տպազիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնըմէկերորդը՝ յակինթ, տասներկրորդը՝ ամեթովս։

21Եւ տասներկու դռները տասներկու մարգարիտ էին, ամէն մէկ դուռը մէյ մէկ ամբողջ մարգարիտ էր ու քաղաքին հրապարակը մաքուր ոսկի էր թափանցիկ ապակիի նման։

22Անոր մէջ տաճար չտեսայ, վասն զի Տէր Աստուած Ամենակալն ու Գառնուկը անոր տաճարն են։

23Քաղաքը արեւի ու լուսնի պէտք չունի, որ զանիկա լուսաւորեն, վասն զի Աստուծոյ փառքը զանիկա կը լուսաւորէ ու անոր ճրագը Գառնուկն է։

24Եւ [փրկուած] ազգերը անոր լոյսովը պիտի քալեն ու երկրին թագաւորները իրենց փառքը ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։

25Անոր դռները ցորեկը պիտի չգոցուին. (վասն զի հոն գիշեր պիտի չըլլայ.)

26Ազգերուն փառքն ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։

27Հոն բնաւ անմաքրութիւն մը պիտի չմտնէ, ո՛չ ալ պղծութիւն ու ստութիւն գործող մը, հապա միայն անոնք՝ որ Գառնուկին կեանքի գրքին մէջ գրուած են։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Revelation 21.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.