Psalms 94WARMB

1Ո՛վ Տէր, վրէժխնդրութեա՛ն Աստուած, Ո՛վ վրէժխնդրութեան Աստուած, յայտնուէ՛։

2Ելի՛ր, ո՛վ երկրի Դատաւոր, Ամբարտաւաններուն հատուցում ըրէ՛։

3Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները, Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պարծենան.

4Գոռոզութեամբ բարբառելով խօսին Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողները պարծենան։

5Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը հարստահարեն Ու քու ժառանգութիւնդ կը չարչարեն,

6Որբեւարին ու պանդուխտը կսպաննեն Եւ որբերը կը մեռցնեն

7Ու կ’ըսեն. «Տէրը չի տեսներ Եւ Յակոբին Աստուածը չ’իմանար»։

8Իմացէ՛ք, ո՛վ անմիտներ Ու դո՛ւք, ո՛վ յիմարներ, ե՞րբ միտք պիտի առնէք։

9Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր, Կամ թէ աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ։

10Միթէ ազգերը խրատողը չի՞ յանդիմաներ. Միթէ մարդուն գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր ։

11Տէրը մարդոց խորհուրդները գիտէ, Որոնք ունայնութիւն են։

12Երանի՜ այն մարդուն, որը դուն կը խրատես, ո՛վ Տէր Եւ քու օրէնքդ անոր կը սորվեցնես,

13Որպէս զի չարութեան օրերուն մէջ զանիկա հանգչեցնես, Մինչեւ որ ամբարշտին համար հոր փորուի։

14Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ Ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ։

15Հապա իրաւունքը արդարութեան պիտի դառնայ Ու բոլոր սրտով ուղիղները անոր ետեւէն պիտի երթան։

16Ո՞վ ինծի համար չարերուն դէմ պիտի ելլէ, Ո՞վ ինծի համար անօրէնութիւն գործողներուն դէմ պիտի կանգնի։

17Եթէ Տէրը ինծի օգնական չըլլար, Քիչ պիտի մնար, որ իմ անձս լռութեան տեղը բնակէր։

18Երբ կ’ըսէի. «Իմ ոտքս կը սասանի», Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր.

19Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին։

20Միթէ քեզի հետ հաղորդակցութիւն ունի՞ անօրէնութեան աթոռը, Որ օրէնքին դէմ՝ ՝ չարիք կը պատրաստէ։

21Արդարին անձին դէմ կը հաւաքուին Ու անմեղ արիւնը կը դատապարտեն։

22Բայց Տէրը իմ ամրութիւնս է Ու իմ Աստուածս՝ իմ ապաւինութեանս վէմը։

23Անոնց անօրէնութիւնը իրենց վրայ պիտի դարձնէ Ու զանոնք իրենց չարութիւնովը պիտի ջնջէ։ Մեր Տէր Աստուածը պիտի ջնջէ զանոնք։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 94.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.