Psalms 8WARMB

1Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ, Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։

2Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար, Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։

3Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր,

4Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կընես։

5Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա.

6Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա. Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր.

7Բոլոր ոչխարները ու արջառները, Նաեւ վայրենի անասունները,

8Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։

9Ով Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 8.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.