1Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ, Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,)
2Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։
3Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
4Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան, Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։)
5Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
6Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։
7Աստուած մեզ պիտի օրհնէ Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։