Psalms 62WARMB

1Յիրաւի իմ անձս լռիկ միայն Աստուծոյ կը սպասէ։ Անկէ է իմ փրկութիւնս.

2Յիրաւի ա՛ն է իմ վէմս ու փրկութիւնս. Իմ ապաւէնս է, բնաւ պիտի չսասանիմ։

3Մինչեւ ե՞րբ մարդու վրայ պիտի յարձակիք. Դուք ամէնքդ, որպէս զի կոտրտէք զանիկա, Ծռած պատի ու խախտած ցանկապատի պէս։

4Արդարեւ իր բարձրութենէն ձգել կը ծրագրեն, Ստութիւն կը սիրեն. Իրենց բերնովը կ’օրհնեն. Բայց իրենց սրտովը կ’անիծեն։ (Սէլա։)

5Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ, Վասն զի անկէ է իմ յոյսս։

6Յիրաւի ան է իմ վէմս ու փկութիւնս. Իմ ապաւէնս է։ Պիտի չսասանիմ։

7Աստուծմէ է իմ փրկութիւնս ու փառքս։ Իմ զօրութեանս վէմը ու իմ ապաւէնս Աստուած է։

8Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ. Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք, Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)

9Արդարեւ ռամիկ մարդիկը փուճ են, Ազնուական մարդիկը սուտ են։ Եթէ կշիռքի մէջ դրուելու ըլլան, Ամէնքն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։

10Հարստահարութեան մի՛ յուսաք, Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք. Հարստութիւնը եթէ շատնայ, Սրտերնիդ թող չվստահի անոր։

11Մէկ անգամ խօսեցաւ Աստուած. Երկու անգամ լսեցի ասիկա, Թէ զօրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։

12Ողորմութիւնն ալ քուկդ է, ո՛վ Տէր, Վասն զի ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցում կ’ընես։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 62.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.