Psalms 60WARMB

1Ո՛վ Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր, Մեզի բարկացար ու ցրուեցիր։ Մեզի դարձիր։

2Երկիրը դողացուցիր, զանիկա պատռեցիր։ Անոր փլած տեղերը նորոգէ՛, վասն զի կ’երերայ։

3Քու ժողովուրդիդ խստութիւն ցուցուցիր. Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։

4Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր, Ճշմարտութեան համար վերցնելու՝ ՝,

5Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։ Աջ ձեռքովդ ապրեցո՛ւր ու պատասխան տո՛ւր ինծի։

6Աստուած իր սրբութիւնովը՝ ՝ խօսեցաւ, ուստի Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։

7Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն, Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է. Յուդան իմ օրէնսդիրս է։

8Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է. Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս։ Ո՛վ Փղշտացիներ, ինծի համար ձայնով ցնծացէ՛ք։

9Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։

10Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։

11Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր. Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։

12Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք. Ու ան պիտի արհամարհէ մեր թշնամիները։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 60.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.