Psalms 56WARMB

1Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, Վասն զի մարդը կ’ուզէ զիս կլլել. Ամէն օր պատերազմ ընելով զիս կը նեղէ։

2Թշնամիներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել, Վասն զի շատ մարդիկ ամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին։

3Երբ վախնամ քեզի պիտի յուսամ։

4Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը. Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։

5Ամէն օր իմ բաներուս վնաս կու տան՝ ՝, Իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են։

6Կը հաւաքուին ու կը պահուին, Իմ շաւիղներս կը դիտեն, Վասն զի իմ անձիս կը սպասեն։

7Միթէ անօրէնութիւնով անոնց փրկութիւն կ’ըլլա՞յ. Բարկութիւնով ժողովուրդները վար ձգէ՛, ո՛վ Աստուած։

8Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր, Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն։

9Երբ քեզի կանչեմ, ետ պիտի դառնան իմ թշնամիներս. Գիտեմ թէ Աստուած ինծի հետ է։

10Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը, Տէրոջմով պիտի գովեմ իր խօսքը։

11Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։

12Ո՛վ Աստուած, քեզի հետ ունեցած ուխտս պիտի կատարեմ։ Քեզի շնորհակալութեան զոհ պիտի մատուցանեմ,

13Որովհետեւ իմ անձս մահուանէ ազատեցիր։ Ոտքերս ալ անկումէ չե՞ս ազատեր, Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ քալեմ կեանքի լոյսին մէջ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 56.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.